Երէկ առաւօտեան` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 8:00-ին, աւարտած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 18-րդ պատկերասփիւռային հանգանակութիւնը` «Թելեթոն 2015»-ը, որուն ընթացքին արձանագրուած է 10 միլիոն 378 հազար 465 տոլար նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:
Յիշեցնենք, որ այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնը կը կրէ «Մեր տունը» ընդհանուր խորագիրը: Նպատակն է բնակարաններով ապահովել Արցախի մէջ բնակող եւ 5 զաւակներէ աւելի ունեցող բազմանդամ ընտանիքները: