Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատիկանի Փակ Արխիւներուն Մէջ Գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Բոլոր Փաստաթուղթերը Կը Հրատարակուին

November 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vatican_112615

«Հայերն Այսօր» կը հաղորդէ, որ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, 21 նոյեմբերին Հռոմի Սանթա Մարիա Մաժորիթի եկեղեցւոյ Քահանայապետական արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է հիմնարկի փրոֆեսէօր հայր Ճորճ Հանրի Ռոյսենի բացառիկ եօթնհատորեակի շնորհահանդէսը: Ներկայ էին Քահանայապետական արեւելագիտութեան հիմնարկի նախագահ Տաւիտ Նազար, Սենթ Էճի-տիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտի եւ Սենթ Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմփալիացցօ, Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, հասարակական-քաղաքական հատուածի ներկայացուցիչներ եւ իտալահայ գաղութի անդամներ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող ու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը` համիտեան ջարդերէն մինչեւ յետ-ցեղասպանական` քեմալական կառավարման շրջանի տարիները, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ ամբողջական պատկերացում կազմելու ոճրագործութեան բոլոր հանգրուաններուն մասին` ցեղասպանութեան նախապատրաստութենէն մինչեւ գործադրութիւն:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առած է Ս. Աթոռին մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս նշած է, որ  եօթնհատորեակը ցեղասպանագիտութեան մարզին մէջ լրջագոյն ձեռքբերում է եւ պատմութիւն, որ նաեւ թուրքերունն է: «Հայր Ռոյսենի աշխատանքը մեզի կ՛օգնէ յարաբերիլ փաստերուն հետ: Ան մեզի կ՛օգնէ կարդալ անցեալը` դասեր քաղելով ապագայի համար», յայտնած է ան:

Այս առիթով դեսպան Մինասեան հայր Ճորճ Հանրի Ռոյսենին յանձնած է Հայաստանի նախագահին կողմէ շնորհուած պատուոյ շքանշանը` հայագիտութեան զարգացման եւ հոգեւոր արժէքներու տարածման առումով ունեցած նշանակալի աւանդին համար:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Յունուար-Հոկտեմբերին Տնտեսական Գործունէութիւնը Աճած Է 3,5 Առ Հարիւրով

Յաջորդը

«Մենք Կ՛ուղղուինք Դէպի Լուրջ Ու Արմատական Փոփոխութիւններ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.