«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վիճակագրական ծառայութիւնը ներկայացուցած է ընկերային-տնտեսական վիճակը բնութագրող ընթացիկ ամփոփումով ստացուած նախնական հիմնական տնտեսական ցուցանիշները:
Հայաստանի տնտեսութեան գործունէութեան ցուցանիշը 2015-ի յունուար-հոկտեմբերին 3,5 առ հարիւրով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: Անկում արձանագրուած է առեւտուրի շրջանառութեան եւ արտաքին առետրաշրջանառութեան մարզերը:
Շինարարութեան ծաւալը աճած է նախորդ ժամանակաշրջանին համեմատ` 0,1 առ հարիւրով: Ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան ծաւալը եւս արձանագրած է աճ` 2,2 առ հարիւրով: 2014-ի յունուար-հոկտեմբերի համեմատ ընթացիկ տարուան մէջ ծառայութիւններու ծաւալը (առանց առեւտուրի) աճած է 2,8 առ հարիւրով, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը պահպանած է երկնիշ աճի ցուցանիշը` 11,6 առ հարիւր: Առեւտուրի շրջանառութիւնը նուազած է 6,4 առ հարիւրով:
Արդիւնաբերական արտադրութեան ծաւալը 4,6 առ հարիւրով աճած է 2014-ի յունուար-հոկտեմբերի համեմատ: Սպառողական գիներու ցուցանիշը աճած է 4,4 առ հարիւրով, իսկ արդիւնաբերական արտադրութեան գիներու ցուցանիշը նուազած է 1 առ հարիւրով: Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 9,2 առ հարիւրով` կազմելով 181 հազար 675 դրամ: Արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները 2014-ի յունուար-հոկտեմբերի համեմատ նուազած են 20,4 առ հարիւրով (3 միլիառ 900,9 միլիոն տոլար), իսկ արտածումը նուազած է 2,2 առ հարիւրով (1 միլիառ 223,4 միլիոն տոլար), իսկ ներածումը նուազած է 26,6 առ հարիւրով (2 միլիառ 677,5 միլիոն տոլար): Դրամի փոխարժէքը ամերիկեան տոլարի նկատմամբ յունուար-հոկտեմբերին եղած է 477,19: