18 նոյեմբերին գումարուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի փոխնախագահ, կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը հաւանաբար տեղի ունենայ դեկտեմբերի սկիզբը:
Ան յայտնած է, որ նախագահի աշխատակազմը օրէնքով սահմանուած կարգով աւելի ուշ պիտի տեղեկացնէ հանդիպումին թուականն ու վայրը: