Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Կանաչները Վաւերացուցած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւ Մը

Նոյեմբեր 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Greens_111715f

News.am կը հաղորդէ, որ ձայներու գերակշռող մեծամասնութեամբ, Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը կիրակի, 15 նոյեմբերին, Լիոնի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ընթացքին վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը, ըստ որուն` Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն իրագործած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ, որ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ աշխատի Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հետ հաշտեցում հաստատելու ուղղութեամբ:

Այս նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը նաեւ կոչ ուղղած է ցարդ Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցած բոլոր երկիրներուն` հրապարակայնօրէն ճանչնալու զայն: Կուսակցութիւնը ընդգծած է, որ նման քայլեր դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լուծման վրայ եւ պիտի նպաստեն նման ոճիրներու կանխարգիլման:

Բանաձեւին մէջ, Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը ցաւ կը յայտնէ հայկական մշակութային ունեցուածքի կորուստին համար եւ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան, որ յարգէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ ձեռնարկէ խիստ միջոցներու` զայն պաշտպանելու համար: Բանաձեւը Անգարայէն կը պահանջէ, որ վերագնահատէ պատմական եւ մշակութային նիւթերը, բանայ արխիւները` պատմաբաններու, հետազօտողներու եւ գիտնականներու առջեւ` փորձելով հաշտուիլ անցեալին հետ: Բանաձեւը այս բոլորին տրամաբանական շարունակութիւնը կը նկատէ ջնջել Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքին թիւ 301 յօդուածը, որ նաեւ կը սահմանափակէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քաղաքական եւ հանրային քննարկումները:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Կանաչներու խմբակցութեան փոխնախագահ, Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան խորհրդատուական խումբի անդամ Միշել Ռիվազի ըսած է. «Ինչպէս կը յիշեցնեն Փարիզի մէջ կատարուած ողբերգական դէպքերը, աշխարհը կանգնած է լուրջ հարցի առջեւ: Երկար տարիներէ ի վեր ատելութեան խօսքը բաւարար չափով չէ դատապարտուած, ինչ որ օգնած է ծայրայեղականներուն, որ տարածեն իրենց քարոզչութիւնը եւ բարձրացնեն բռնութեան մակարդակը: Այսպէս պէտք չէ շարունակել: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութեան վաւերացուցած այս բանաձեւին նպատակն է յիշեցնել իւրաքանաչիւր երկրի, որ իր մասնաբաժինը ունի ներդնելու` աւելի խաղաղ աշխարհ մը մէջտեղ բերելու աշխատանքին մէջ: Այս պատճառով, Թուրքիա պէտք է այժմ դադրեցնէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ժխտումը ատելութեան շարժակին վառելանիւթն է: Թուրքիան միայն պիտի շահի` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը: Առանց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել»:

Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ (կայք` www.EuFoA.am») կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենցօ Օչոա եւս դրուատած է բանաձեւին վաւերացումը:

Եւրոպայի Կանաչներու կուսակցութիւնը համաեւրոպական քաղաքական կուսակցութիւն է, որ ի մի կը բերէ մօտաւորապէս 45 Կանաչներու կուսակցութիւն ու շուրջ 50 աթոռ ունի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ` Եւրոպական ազատ դաշինք խորհրդարանական խմբակցութեան շարքերուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Համշէնահայ Կիները Նեցուկ Կը Կանգնին Քրտական Ինքնավարութեան

Յաջորդը

Սէյրանեան. «Մենք Կ՛ըսենք` Մէկ Գլուխի Փոխարէն Թող Հինգ Գլուխ Որոշում Տայ»

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?