Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համշէնահայ Կիները Նեցուկ Կը Կանգնին Քրտական Ինքնավարութեան

November 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hemsin-Hadig_111715

Մելինէ Անումեան «Ակունք»-ի մէջ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ համշէնահայ կիներ հրապարակաւ իրենց աջակցութիւնը արտայայտած են քիւրտերու կողմէ յայտարարուած ինքնավարութեան:

Արդարեւ, Պոլսոյ մէջ գործող համշէնահայ «Հատիկ» միութեան անդամ Էլիֆ Ալթունքայա նշած է, որ Սուրի, Ճիզրէի, Սիլվանի, Վարթոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ հռչակուած ինքնավարութեան կարիքը կը զգան սեւծովեան ժողովուրդները` աւելցնելով. «Ծովու զաւակներն ու լերան զաւակները, ձեռք ձեռքի տուած պայքարելով, պէտք է տէր կանգնին ինքնավարութեան»:

Էլիֆ Ալթունքայա ընդգծած է, որ ինքնավարութիւնը յարմար ղեկավարման ձեւ պիտի ըլլայ նաեւ իրենց բնութեանն ու լեզուին տէր կանգնած սեւծովեան ժողովուրդներուն համար:

Ալթունքայա յայտնած է, որ ինք իր մայրենի լեզուն ու մշակոյթը սկսած է յայտնագործելու համալսարանական տարիներուն:

Շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր յաջորդած ահաբեկման քաղաքականութեան հետեւանքները զգալի են նաեւ համշէնահայ քաղաքացիներուն վրայ, ան նշած է. «Քիւրտերու պահանջներն ու պայքարը բոլոր ժողովուրդներուն ցոյց տուին, թէ որքա՛ն կարեւոր է ինքնակազմակերպումը: Ներկայիս Սեւ ծովու շրջանը կը թալանուի` առանց հաշուի առնելու այնտեղի ժողովուրդները: Ինքնավարութեան կարիքը ամէնէն շատը մե՛նք ունինք: Համշէնցի քաղաքացիներուն լեզուի, մշակոյթի եւ բնութեան պահպանման միակ ուղին ինքնավարութիւնն է: Քիւրտիստանի մէջ հռչակուած ինքնավարութիւնը պէտք է օրինակ ծառայէ համշէնցի քաղաքացիներուն համար: Թուրքիոյ մէջ օտար նկատուած ժողովուրդները ինքնակազմակերպումէն բացի այլընտրանք չունին: Մեր բնութեան եւ ինքնութեան տէր կանգնելու համար, մենք եւս պէտք է ինքնավարութեան հիմքերը դնենք»:

 

Նախորդը

Երկխօսութեան Նիստը Ընդգծեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Եւ Պետական Հաստատութիւնները Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Եւրոպայի Կանաչները Վաւերացուցած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.