Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Հանդիպումներ Պիտի Ունենան ՄԱԿ-ի Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

minsk-group_111315

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով կը ծրագրեն հանդիպումներ ունենալ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ Ուաշինկթընի մէջ:

«Համանախագահները զեկուցում ներկայացուցած են ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդին եւ Մինսքի խմբակին մէջ: Յաջորդիւ կը նախատեսենք ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի գրասենեակին եւ Ուաշինկթընի մէջ խորհրդակցութիւններ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ», նշած է Ուորլիք:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա) եւ Իկոր Փոփով (Ռուսիա) Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նիւթով խորհրդակցութիւններ ունեցած են Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ:

Գերմանիան յաջորդ տարի պիտի նախագահէ ԵԱՀԿ-ին:

Զուգահեռ Համակարգերը Կրնան
Խոչընդոտել Արցախի Հարցին Լուծման

«Թերթ» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Արցախի տագնապին լուծման գծով Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովի անցեալ շաբթուան բանաձեւին կապակցութեամբ յայտարարութիւն մը տարածած են:

Յայտարարութեան մէջ համանախագահները կը նշեն, որ ի գիտութիւն կ՛ընդունին Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովի ուշադրութիւնը` Արցախի տագնապին լուծման հարցին առնչութեամբ, կը կիսեն բանաձեւին մէջ յայտնուած մտահոգութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին ու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճին, ինչպէս նաեւ խորապէս կը ցաւին կեանքերու կորուստին առնչութեամբ:

Հոն նաեւ կը նշուի, որ Մինսքի խմբակը բացառիկ միջնորդական փորձառութիւն ունի եւ ընդունուած է բոլորին կողմէ, իսկ տագնապը լուծելու համար նոր, զուգահեռ համակարգերու առաջարկումը, հաշուի առնելով բանակցային հոլովոյթի նրբութիւնը` կրնայ ընդհատել այդ հոլովոյթը եւ խոչընդոտներ յառաջացնել լուծման ճամբուն վրայ:

Յայտարարութեան մէջ միաժամանակ պատրաստակամութիւն կը յայտնուի աշխատելու այն բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք շահագրգռուած են արդար ու կայուն լուծում գտնելով Արցախի տագնապին համար:

Համանախագահները ապա համաձայնութիւն կը յայտնեն, որ տագնապը չափազանց երկար ժամանակէ ի վեր կը ձգձգուի, եւ նշած են, թէ կողմերը պէտք է ձեռնարկեն քայլերու` խաղաղ լուծումը արագացնելու համար:

 

Նախորդը

Պըրժ Պարաժնէ Աւլեց Քանդումի Փոշին, Իսկ Ցաւն Ու Մորմոքը Վերածեց Կամքը Զօրացնող Ներուժի` Յաւելեալ Կառչածութիւն Ցուցաբերելով Դիմադրութեան Նկատմամբ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Լարուածութեան Սրումը. Երկու Հայ Զինուորներ` Նահատակուած

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական  Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն  Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Նոյեմբեր 15, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանը Շահագրգռուած Չէ Խաղաղութեան  Համաձայնագիրի Կնքումով Եւ Շրջանին Մէջ  Կայուն Խաղաղութեան Հաստատումով»
Հայկական

Ալիեւ Դարձեալ Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

Նոյեմբեր 15, 2025
Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը  Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?