Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Լարուածութեան Սրումը. Երկու Հայ Զինուորներ` Նահատակուած

Նոյեմբեր 14, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

az-1_111315

Ազրպէյճան կը շարունակէ տարբեր զինատեսակներու կիրարկումով խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը: Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն  պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած են զինուորական ծառայողներ Վահէ Վանոյեանը (1995-ի ծնունդ) եւ Միքայէլ Թորոսեանը (1996-ի ծնունդ), կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի  քննութիւն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած  զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.
«
Այս Գործողութիւնը Անհետեւանք Պիտի Չմնայ,
Մեղաւորները Պիտի Պատժուին»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խորին ցաւակցութիւն յայտնած է զինուորական յենակէտին վրայ  զոհուած զինուորական ծառայողներ Վահէ Վանոյեանի եւ Միքայէլ Թորոսեանի հարազատներուն եւ դատապարտած է «ազրպէյճանական կողմի հերթական ահաբեկչական բնոյթ ունեցող գործողութիւնը»:

«Գիտակցելով, որ տուեալ գործողութիւնը անհետեւանք պիտի չմնայ եւ մեղաւորները պիտի պատժուին` Ազրպէյճանի զինուորական ղեկավարութիւնը հերթական անգամ իրավիճակը սրելու գործ կը կատարէ», ընդգծած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Միաժամանակ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ «Ազրպէյճանի կողմէ շփման գիծին վրայ իրադրութեան ապակայունացման ուղղուած քայլերը օրըստօրէ կը սաստկանան այդ երկրին մէջ ընտրական գործընթացներու աւարտէն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` շրջան այցելութենէն անմիջապէս ետք, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէ այդ պետութեան իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ ապակառուցողական մօտեցումը, միջնորդական առաքելութեան յորդորներու անտեսումը եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն ոտնահարումը»:

Շաւարշ Քոչարեան. «Լեռնային Ղարաբաղի
Հանրապետութեան Ճանաչումը Այլընտրանք Չունի»

«Իր սադրիչ գործողութիւններով Ազրպէյճանը վերստին ապացուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի», երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը այդպէս արձագանգած է ազրպէյճանական զինուորական ուժերուն կողմէ երկու հայ զինուորական ծառայողներու նահատակութեան:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Հանդիպումներ Պիտի Ունենան ՄԱԿ-ի Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական. Դատապարտանքներու Քաղաքական Գործնականացման Հրամայականը

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?