Կիրակի, 8 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցաշարք մը, նուիրուած` Յովհաննէս Աբգարեանի յիշատակին:
Մրցաշարքը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, աւարտեցաւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Կէտերու դրութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնն էր 25 վայրկեան:
Մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ դիրքերը գրաւեցին ՀՄԸՄ Ռաուտա, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ ՀՄԸՄ Այնճար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` յաղթական խումբին, որմէ ետք յատուկ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ ՀՄԸՄ-ական հանգուցեալ երախտաւորին եղբօր` Սեդրակ Աբգարեանին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին վարչութեան կողմէ, առ ի երախտագիտութիւն ՀՄԸՄ-ին նկատմամբ Յովհաննէս Աբգարեանի ունեցած մեծ սիրոյն եւ զոհաբերութեան նկատմամբ: