
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի 2016-ի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Ախոյեանութեան մասնակցողներուն ցանկը եւ անոր կայացման վայրը կը յստականան 22 յունուար 2016-ին:
Հայաստանի 16 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը նախորդ յուլիսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Անտորրայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան եւ արժանացաւ արծաթէ մետալի:
Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորած խումբը իր կատարած 4 մրցումներուն 3-ին յաղթանակ արձանագրեց:


