Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանի օրինականութեան պատկերը ինք ստեղծած է` աւելցնելով, որ անոր իմաստը կը մարմնաւորուի համայնքի մը ամբողջական բացակայութեամբ, սակայն խորհրդարանը օրէնսդրական աշխատանք կատարելու իրաւունք ունի նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 23 նոյեմբերին` Անկախութեան տօնին առիթով:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի որոշումով երկուշաբթի, 23 նոյեմբեր 2015-ին, պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցներն ու արհեստից վարժարանները փակ պիտի մնան` Անկախութեան տօնին առիթով:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ պատրաստ է Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն ընտրելու հանրապետութեան նախագահ, որովհետեւ անոր սրտին մէջինը լեզուին վրայ է:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր զաւկին` Թոնի Ֆրենժիէի հետ անցեալ շաբաթ երեկոյեան ընդառաջեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ընթրիքի հրաւէրին: Քննարկուեցան օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան եւ երկկողմանի գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան ընտրական օրէնքի վաւերացումը նման է զայն իր իրաւասութիւններէն զրկելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր մաղթեց, որ ստիպուած չըլլան փողոց իջնելու` պահանջելու համար իրենց իրաւունքները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալաէտտին Թըրրօ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկող երեսփոխաններուն այսօր ներկայանալու խորհրդարան եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ կան երկրին գերագոյն շահերուն ծառայող օրինագիծեր, որոնք պէտք է վաւերացուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ եթէ իրենց առաջարկները եւ բողոքները նկատի չառնուին, ապա փողոց պիտի իջնեն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան մինչեւ Նոր տարի ժամանակ ունի վաւերացնելու ելեւմտական օրէնքները, որպէսզի միջազգային առումով դրամատնային համակարգէն դուրս չմնայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ քաղաքացիութիւն շնորհելու օրինագիծը որոշ ատենէ մը ի վեր սառեցուած է, իսկ այս հանգրուանին զայն վաւերացնելու իմաստով ոչինչ փոխուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայ գտնուին օրէնսդրական նիստին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են քաղաքացիութեան օրինագիծին քուէարկելու` այդ մասին կարգ մը դիտողութիւններ կատարելով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ դրամական թղթածրարին առումով ոմանք կը չափազանցեն եւ կը փորձեն ճնշում բանեցնել` օրէնսդրական նիստ մը կայացնելու նպատակով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քրիստոնէական աղբիւրներէն, շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի միակն է, որ կրնայ երկրին քաղաքական ընթացքը փոխել: Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաանի եւ Ժորժ Ատուանի յայտնած է, որ ինք կ՛ուղղուի դէպի քաղաքացիութեան օրինագիծի վաւերացում:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր «Նահատակի օր»-ուան առիթով իր արտասանելիք խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ օրէնսդրական նիստին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ ապակեդրոնացեալ դրութիւնը իր ներդրումը կ՛ունենայ քաղաքապետարաններուն դերակատարութիւնը բարելաւելու եւ անոնց ծառայութիւնները ընդարձակելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար գոյատեւել առանց զինք կազմող բոլոր տարրերուն:

 

Նախորդը

Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ Յառաջիկայ Չորս Տարուան Ընթացքին Նոր Սահմանադրութիւն Մը Եւ Բարեփոխումներ Որդեգրելու

Յաջորդը

«Յառաջիկայ Օրերուն Ահաբեկչական Յաւելեալ Ցանցեր Պիտի Բացայայտուին» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?