Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 11, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սահակեան Ընդունած Է Ամերիկայի
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան
Պատուիրակութիւնը

031115AvetaranchYnkerakc-Info

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 նոյեմբերին ընդունած է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը` կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ տարբեր բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Երկրի ղեկավարը գոհունակութեամբ նշած է, որ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը միշտ ալ յատուկ կարեւորութիւն տուած է Արցախին սատարելու գործին` երախտագիտութիւն յայտնելով անոնց հայրենանուէր գործունէութեան համար:

Զահրատին 90-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ

Zahrad1_110515

Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ 5 նոյեմբերին տեղի ունեցած է արեւմտահայ ստեղծագործող Զահրատի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապոնեան ըսած է. «Հայ ժողովուրդը պէտք է հպարտանայ, որ ծնած է Զահրատի նման բանաստեղծ: Մենք անցեալ տարի պէտք էր նշէինք բանաստեղծին 90-ամեակը: Զահրատի մասին սերունդը դեռ պէտք է երկար խօսի: Այս բանաստեղծը սրամիտ էր, յաճախ ընդվզող, նորարար, կը շարունակէր բերել լաւագոյն աւանդոյթները գրականութեան մէջ: Այս բանաստեղծը մնաց իր երկրին սիրահարը: Պէտք է հպարտանանք, որ ժողովուրդը ծնած է Զահրատ եւ պիտի ծնի Զահրատներ»:

Zahrad2_110515

Զահրատի 90-ամեակին նուիրուած երեկոյին ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշած է, որ 40 տարի առաջ աշնան առաջին անգամ հանդիպում ունեցած էր բանաստեղծին հետ: «60-ականներու վերջաւորութեան «Գարուն»-ին մէջ հրատարակուած են Զահրատի բանաստեղծութիւնները: Ան շատ սիրելի բանաստեղծ դարձաւ», ըսած է Է. Միլիտոնեան:

Երեկոյին ներկայ էր նաեւ նշանաւոր երգահան Տիգրան Մանսուրեանը, որ խոստովանած է, որ զինք Հայաստանի Գրողներու միութիւն առաջնորդած է Զահրատին նկատմամբ տածած սէրը:

«Կարճ ժամանակ առաջ մենք բանաստեղծին կնոջ` Անայիսի ամարանոցին մէջ էինք, կը յիշէինք այն օրերը, երբ Զահրատ ոտքի վրայ էր եւ ներկայ էր մեր հանդիպումներուն: Անոր 90-ամեակը Երեւանի մէջ տօնելու մտադրութիւն կար: Ես Զահրատին ծանօթացած եմ 60-ականներուն, «Գարուն» ամսագրի միջոցով», նշած է Տիգրան Մանսուրեան:

Հաղորդենք, որ երեկոյին մասնակիցները կարեւոր նկատած են Զահրատի գործունէութիւնը եւ անոր ներդրումը` գրականութեան զարգացման մէջ:

Հրանուշ Յակոբեան Շեշտած Է`
Սուրիահայերուն Պէտք Է Օգնել
Ինչպէս Հայաստանի, Այնպէս Ալ` Սուրիոյ Մէջ

Hranush_Help-Syria_110315

Նոյեմբեր 3-ին տեղի ունեցաւ Սուրիահայերուն հիմնական հարցերը համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբին նիստը, որ կը վարէր Հայաստանի սփիւռքի նախարարը:

Օրակարգը կը բովանդակէր սուրիահայերուն մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանքի տեղաւորման, աջակցութեան ուղղուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուող ծրագիրներուն վերաբերող հարցերը:

Նշենք, որ սուրիահայերուն մասնագիտական վերապատրաստման եւ աշխատանքի տեղաւորման վերաբերող տեղեկատուութիւնը ներկայացուց Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան նախագահ Արտակ Մանկասարեանը: Ան յայտնեց, որ 2013-2015 թուականներու ընթացքին Զբաղուածութեան տարածքային կեդրոններուն ջանքերով հարիւրաւոր սուրիահայեր տեղաւորուած են աշխատանքի: Իրականացուած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք` աւելցած է զբաղուածութեան կեդրոններուն մէջ հաշուառուած եւ զբաղուածութեան կարգաւորման պետական ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած սուրիահայերուն թիւը:

Սուրիահայերուն աջակցութեանն ուղղուած աշխատանքներուն եւ նախատեսուող ծրագիրներուն մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ «Առաքելութիւն Հայաստան» հասարակական բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Հռիփսիմէ Կիրակոսեանը: Ան նշեց, որ կազմակերպութիւնը հիմնականօրէն կ՛իրականացնէ բնակարանային վարձերու մասնակի փոխհատուցման, դրամական աջակցութեան, տուներու տրամադրման ծրագիրներ, որոնցմէ կ՛օգտուին տասնեակ սուրիահայեր:

Շեշտելով պետական, նաեւ մասնաւոր հատուածի` սուրիահայերուն տրամադրուող բազմակողմանի օգնութիւնը, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը յանձնախումբի մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնեց յատկապէս սուրիահայերուն բնակարանով, բնակարանային վարձով եւ աշխատանքով ապահովելու հարցը: «Եթէ սուրիահայերը ապահովուին կեանքի նուազագոյն պայմաններով` բնակարանով եւ աշխատանքով, Հայաստանէն չեն հեռանար», հաղորդեց նախարարը: Ան աւելցուց, որ` «Պէտք է մտածել նաեւ սուրիահայ մանուկներուն Ամանորը ուրախ մթնոլորտով կազմակերպելու ուղղութեամբ: Ոեւէ մանուկ պէտք չէ անտեսուած մնայ»:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Սուրիոյ մէջ` պատերազմական այս իրավիճակին մէջ գործող հայկական 15 դպրոցներուն դերը: Ան ընդգծեց, որ սուրիահայերուն պէտք է օգնել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ` Սուրիոյ մէջ:

Աւելցած Է Հայաստանի Քաղաքացիութիւն
Ստացողներուն Թիւը

Հայաստանի ոստիկանութիւնը «Ժողովուրդ» թերթին տրամադրած է վերջին տասը տարիներուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած օտար քաղաքացիներուն թիւերը:

2005 թուականին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է 223 անձ, 2006-ին` 290, 2007-ին` 216, 2008-ին` 1554, 2009-ին` 4323, 2010-ին` 9588, 2011-ին` 14.992, 2012-ին` 14.866, 2013-ին` 21.142, 2014-ին` 13.252, իսկ յունուար-հոկտեմբեր 2015-ին` 7540:

Այս թիւերուն հիման վրայ կարելի է ըսել, որ տասը տարիներուն ընթացքին 87.986 անձ,որոնք մինչ այդ այլ երկիրներու քաղաքացի եղած են եւ ստացած են Հայաստանի քաղաքացիութիւն:

«Իսկ այն, որ 2011-էն Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացողներուն թիւը կտրուկ աճած է, թերեւս պայմանաւորուած է սուրիահայերու` Հայաստան տեղափոխուելու պատճառով: Ինչպէս յայտնի է` Սուրիոյ մէջ սկսած պատերազմէն ետք հազարաւոր սուրիահայեր, իբրեւ երկրորդ քաղաքացիութիւն, դարձած են Հայաստանի քաղաքացի եւ բնակութեան համար տեղափոխուած են Հայաստան», գրած է «Ժողովուրդ»-ը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Անվճար Անթել Համացանցով
Օժտած Է Երեւանի Մշակութային Չորս Կառոյցներ

IMG_8907-(1)

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը տեղեկատուական ժամանակակից ենթակառոյցով օժտած է մայրաքաղաքին մէջ գործող մշակութային չորս օճախներ: Մէկ տարի անվճար դրութեամբ անթել համացանցով հասանելիութեան անկիւններ ստեղծուած են Երեւանի Պատմութեան, Ժամանակակից արուեստի թանգարաններուն մէջ, Կարէն Դեմիրճեանի տուն-թանգարանին, ինչպէս նաեւ «Էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ:

Պետութեան եւ սեփական հատուածի նմանօրինակ համագործակցութեան նպատակը մշակութասէր հասարակութեան փափաքին ընդառաջելն է: Համացանցի տեղեկատուական հզօր ենթակառոյցէն օգտուողներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ աշխարհի տարածքին: Յատկապէս թանգարաններուն մէջ նմանօրինակ կարելիութեան ընձեռումը կարեւոր է Հայաստանի մշակութային գանձերը աշխարհին ներկայացնելու տեսանկիւնէն: Ծրագիրը պիտի ծառայէ թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար այցելուներուն` հասանելի դարձնելով նորարար արհեստագիտութեան բոլոր կարելիութիւնները:

Յիշեցնենք, որ նոյն ծրագիրով տարուան սկիզբը անթել համացանցով անկիւններ ստեղծուած են մայրաքաղաքին մէջ ծանրաբեռնուած սպասարկում իրականացնող, քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ:

Թանգարաններուն առնչութեամբ, ծրագրի տարեկան արժէքը կը կազմէ մօտաւորապէս մէկ միլիոն դրամ: Իսկ գրադարաններուն մէջ նմանօրինակ կարելիութեան տրամադրման համար, ընդհանուր առմամբ, յատկացուած է 4,8 միլիոն դրամ:

Ֆրանսահայ Գրող, Մտաւորական Մովսէս Պչաքճեան
Պարգեւատրուած Է Սփիւռքի Նախարարութեան
«Ուիլիըմ Սարոյեան» Շքանշանով

10472260_945189328873293_4334847767287573247_o

Նոյեմբեր 3-ին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, սփիւռքի մէջ հայ գրականութեան եւ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութեան, այդ բնագաւառէն ներս ակնառու նուաճումներու համար ֆրանսահայ գրող եւ մտաւորական Մովսէս Պչաքճեանը պարգեւատրած է «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով:

Շքանշանի տուչութեան արարողութեան ընթացքին նախարարը մասնաւորապէս յայտնած է հետեւեալը. «Մովսէս Պչաքճեան իր ամբողջ կեանքն ու գործունէութիւնը նուիրած է հայրենիքին, հայոց լեզուին եւ գրականութեան:

Ծնած եւ ուսանած է հայաշունչ Հալէպի մէջ եւ նուիրումով ու աշխատասիրութեամբ ստեղծագործած է` հանդիսանալով սփիւռքահայ գրականութեան աւանդութիւններու շարունակողը: Ան իր գրականութեամբ պայքարած է ուծացման, հայոց լեզուի նահանջին եւ օտարամոլութեան դէմ: Մ. Պչաքճեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը գնահատուած է պետական բարձր մակարդակով: Հայաստանի նախագահին կողմէ ան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:

Անդրադառնալով Պչաքճեանի բազմասեռ գրականութեան Հրանուշ Յակոբեան առանձնացուցած է յատկապէս «Լուսաւոր աչքերով օտարականը», «Անցողիկը եւ անժամանցելին» վէպերը, որոնք կը խօսին սփիւռքահայը յուզող ինքնութեան տագնապին մասին: Նախարարը շնորհաւորած է Մ. Պչաքճեանը նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ «Հայաստան» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած «Երկերու լիակատար ժողովածու»-ի 6-րդ հատորին առիթով:

Գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկած են նաեւ հանդիսութեան ներկայ գրող-հրապարակախօս, «Անդին» ամսագրի խմբագիր Մերուժան Տէր Գուլանեանը, Երեւանի պետական-մանկավարժական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ, «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի ղեկավար Սուրէն Դանիէլեան, արձակագիր Գրիգոր Ջանիկեան, «Հայաստան» հրատարակչութեան տնօրէն Վահագն Սարգսեան, հալէպահայ բազմավաստակ գրող Թորոս Թորանեան, քանատահայ մտաւորական, բարերար, ներկայիս հայաստանաբնակ Մարգար Շարապխանեան եւ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապոնեան:

Հանդիպման աւարտին Մովսէս Պչաքճեան երախտագիտութիւն յայտնած է նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, «Հայաստան» հրատարակչութեան տնօրէն Վահագն Սարգսեանին եւ հովանաւոր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանին եւ նշած է, որ պիտի շարունակէ ծառայել գրականութեան եւ հայապահպանութեան աշխատանքին:

Տեղի Ունեցաւ Ամերիկահայ Բանաստեղծուհի
Թամար Յովհաննիսեանի` «Ես Կին Եմ, Ես Կղզի»
Գիրքին Շնորհահանդէսը

tamar_110415

Նոյեմբեր 4-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ բանաստեղծ Թամար Յովհաննիսեանի «Ես կին եմ, ես կղզի» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը բանաստեղծին նախորդ երկու ժողովածուներէն կազմուած ծաղկաքաղի ռուսերէն թարգմանութիւնն է: Շնորհահանդէսին մասնակցեցան` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, փոխնախարար Սերժ Սրապոնեանը, երգահան  Ռոպերթ Ամիրխանեանը, գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանը, գրող, հրապարակախօս Երուանդ Ազատեանը եւ ուրիշներ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապոնեանը: Նախարարը նշած է, թէ` «Սիրով կը շնորհաւորեմ ամերիկահայ բանաստեղծ Թամար Յովհաննիսեանը` բանաստեղծութիւններու գիրքին ռուսերէնի թարգմանութեան առիթով: Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բանաստեղծին «Լինելիութեան համանուագ» եւ «Կինը» բանաստեղծական ժողովածուներու շնորհահանդէսը, իսկ այսօր մենք արդէն ականատես ենք այդ նոյն ժողովածուներէն ընտրուած բանաստեղծութիւններու ռուսերէն հրատարակման շնորհահանդէսին: Ալպերթ Նալբանդեանի թարգմանութեամբ եւ ռուս յայտնի բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ գրականագէտ Միխայիլ Սինելնիկովի յառաջաբանով հրատարակուած այս գիրքը լաւագոյն կարելիութիւնն է ռուսախօս աշխարհին ներկայացնելու բանաստեղծին հրաշալի պոէզիան»:

Փոխնախարարը նաեւ աւելցուց, որ բանաստեղծը իր ստեղծագործութեամբ կը բացայայտէ կնոջ ներաշխարհը, անոր առեղծուածային, նուրբ եւ բազմախորհուրդ էութիւնը, եւ անկասկած առաջին կարգի վրայ է իսկական հայ կնոջ կերպարը, հայ կնոջ լինելիութեան համանուագը:

Ելոյթով հանդէս եկաւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեանը: Ներկայացնելով բանաստեղծին` ստեղծագործական կեանքը` գրականագէտը նշեց. «Վերջին տարիներուն հայ մտաւոր կեանքի մէջ աստիճանաբար իր ներկայութիւնը կը հաստատէ Թամար Յովհաննիսեանը: Անոր պոէզիան արժանի է բարձր գնահատանքի, խորապէս ներկայացնելով այդպիսի նուրբ գեղարուեստական աշխարհ` ըստ ամենայնի Թամար Յովհաննիսեանը ձեւաւորած է իր բանաստեղծական արժեհամակարգը: Անոր ստեղծագործութիւնները ինքնաբացայայտումներ են` մոնոտրամաների տեսքով, ուր կայ ներքին հանդարտութիւն, ժամանակակից, քաղաքակիրթ կնոջ խաղաղութիւն»:

Գիրքին մասին իր կարծիքը եւ տպաւորութիւնը ներկայացուցած է նաեւ երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեանը:

Բանաստեղծական կատարումով հանդէս եկաւ Սերգուշ Բաբայեանը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարարին` իրեն մնայուն աջակցելուն եւ հայաստանցի ընթերցողին ներկայանալու կարելիութիւն ընձերելուն համար` Թամար Յովհաննիսեան նշեց. «Այս գիրքը հերթական աւետաբերն է հայրենի մշակութային կեանքի պաստառին վրայ, որուն էջերուն մէջ ամբողջ հոգուով, նուիրումով, սիրոյ եւ մտերմութեան կամուրջներ փորձեցի կառուցել խստապահանջ ընթերցողիս` յատկապէս ռուսերէնով պոէտներ նախընտրող հայրենակիցներուս միջեւ»:

Նշենք, որ Թամար Յովհաննիսեանը 2015 թուականին պարգեւատրուած էր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Ուժերու Տարածում Եւ Օդանաւային Երկարատեւ Ռմբակոծումներ

Յաջորդը

Տեղահանութեան Երթուղի` Կիւմիւշհաճըքոյից Դէպի Վաքըֆլը Գիւղ

RelatedPosts

«Արշալոյսի Լուսաբացը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը «Էննեսի» Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնին
Հայրենի Կեանք

«Արշալոյսի Լուսաբացը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը «Էննեսի» Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնին

Յունիս 22, 2022
12-Ամեայ Դաշնակահար-Յօրինող Ալեքս Գէորգեանը «Լուս Ա» Ալպոմով Եւ Համերգով Ներկայացաւ Հանդիսատեսին
Հայրենի Կեանք

12-Ամեայ Դաշնակահար-Յօրինող Ալեքս Գէորգեանը «Լուս Ա» Ալպոմով Եւ Համերգով Ներկայացաւ Հանդիսատեսին

Յունիս 22, 2022
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Իրաքի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը
Հայրենի Կեանք

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Իրաքի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդը

Յունիս 22, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In