Ստինքի քաղցկեղը ամէնէն շատ տարածուած քաղցկեղը կը նկատուի կանանց մօտ: Յառաջդիմած երկիրներուն մէջ, քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն տոկոսը բարձր է, իսկ Լիբանանի մէջ քաղցկեղ ունեցողներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ:
Ախտանշաններ, որոնց պէտք է
ուշադրութիւն դարձնել եւ բժիշկին դիմել
– Որոշ ուռ մը կամ ուռածութիւն կրծքագեղձին մէջ կամ շրջակայքը, որ կրնայ տարածուիլ մինչեւ թեւին տակ:
– Ստինքի չափի եւ ձեւի փոփոխութիւն:
– Ստինքի գոյնի փոփոխութիւն, կարմրութիւն, քերուըտուք կամ թեփատութիւն:
– Պտուկի ցաւ, անբնական հոսուքներ, մասնաւորաբար` արիւն:
– Պտուկը դէպի ներս մտած երեւոյթ եւ անոր շուրջը տարածուած թեփ:
Սկզբնական շրջանին ստինքի քաղցկեղը ցաւ չի պատճառեր, սակայն ժամանակ մը ետք որոշ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, որոնց համար անյապաղ պէտք է դիմել բժիշկին:
Կարեւոր է նշել, որ վերոյիշեալ ախտանշանները անպայմանօրէն քաղցկեղի հետ առնչուած չեն ըլլար: Սակայն պէտք չէ անհոգ ըլլալ. նման ախտանշաններու պարագային անհրաժեշտ է անմիջապէս դիմել բժիշկին, «կանուխ յայտնաբերել, կանուխ բուժել», ապահովելու համար մեր առողջութիւնը եւ կեանքը:
Ինչպէ՞ս կանուխ յայտնաբերել
Ինքնաքննութիւն
1.- Առաջին քայլը` լոգանքի ընթացքին.-
Ձեռքի մատներով ստուգել ամբողջ կուրծքի տարածութեան ուռի կամ գունդի մը գոյութիւնը: Աջ ձեռքով ստուգել ձախ ստինքը, իսկ ձախ ձեռքով` աջ ստինքը:
2.- Երկրորդ քայլը` լոգանքէն ետք.-
Ճնշել պտուկին վրայ` վստահ ըլլալու համար ուռի կամ արտածորումներու չգոյութիւնը:
3.- Երրորդ քայլը` հայելիին դիմաց.-
Ժամացոյցի սլաքներու ուղղութեամբ աջ ձեռքի մատներով շօշափել ձախ ստինքը եւ ստուգել գունդի կամ փոսի մը չգոյութիւնը: Պտուկէն 2,5 սմ հեռաւորութեամբ սկսիլ շրջանակաձեւ շարժումով ձեռքով շօշափել` հետզհետէ հասնելով մինչեւ կեդրոն` պտուկ: Հետեւեալ փորձը կրկնել ձախ ձեռքով` աջ ստինքին վրայ:
4.- Չորրորդ քայլը` երկնցած վիճակի մէջ.- Աջ ստինքը ստուգելու համար` փոքրիկ բարձ մը զետեղել աջ ուսին տակ աջ ձեռքը դնելով ճակատին վրայ, արմուկը ծալել, դէպի առջեւ բարձրացնել եւ վերոյիշեալ շրջանակաձեւ փորձը կրկնել ձախ ստինքին վրայ:
5.- Հինգերորդ քայլը` հայելիին դիմաց.- Ձեռքերը բարձրացնել գլուխէն վեր եւ ստուգել ստինքի վրայ անբնական ուռի մը չգոյութիւնը:
6.- Վեցերորդ քայլը` հայելիին դիմաց.-
Հայելիին դիմաց կանգնելով, ձեռքերը զետեղել կոնքին վրայ եւ ստուգել գունդի կամ փոսի մը չգոյութիւնը, ապա ձեռքերով ամուր ճնշել կոնքին վրայ մարմինը դէպի առջեւ ծռելով, կուրծքի մկանները պրկել, քննութիւնը դարձեալ կրկնել:
Ի՞նչ է ճառագայթային հետազօտութեամբ
ստինքի քննութիւնը կամ Mammogram-ը
Ճառագայթային հետազօտութեամբ ստինքի քաղցկեղի կանուխ ախտաճանաչումը կը կոչուի «Mammogram»: Ստինքի քաղցկեղի ախտաճանաչման ամէնէն կարեւոր միջոցներէն մէկն է ճառագայթային հետազօտութիւնը: Ան կրնայ ախտաճանաչել ամէնէն փոքր փոփոխութիւնները, որոնք ապագային կրնան վերածուիլ չարորակ ուռուցքներու, եթէ կանուխ չբուժուին:
Ինչո՞ւ պէտք է կատարել ճառագայթային
քննութիւնը եւ ի՞նչ հերթականութեամբ
Ճառագայթային քննութիւնը ապահով միջոց մըն է կանուխէն բացայայտելու ստինքի քաղցկեղը:
Պէտք է կատարել երկու տարին անգամ մը, 40-49 տարեկան կիներու պարագային: Իսկ 50 տարեկանէն ետք տարին անգամ մը պարտադիր է, որովհետեւ հիւանդանալու հակամէտութիւնը կ՛աւելնայ:
Իսկ եթէ ընտանիքի պատմութեան մէջ նման պարագաներ եղած են (մայր, քոյր, մօրաքոյր, մեծ մայր), կարեւոր է աւելի կանուխէն կատարել այս քննութիւնը:
Որո՞նք հակամէտ են ստինքի քաղցկեղ ունենալու
Այն կիները, որոնք կը պատկանին հետեւեալ խումբերէն մէկուն, պէտք է աւելի զգուշ ըլլան, քան ուրիշները եւ յաճախակի ստուգման քննութիւններու ենթարկուին բժիշկին թելադրանքին համաձայն:
1.- Յիսուն տարեկանէն վեր եղող կիները:
2.- Քառասուն տարեկանէն վեր եղող կիներ, որոնց մայրերը կամ քոյրերը ստինքի քաղցկեղ ունեցած են:
3.- Կիներ, որոնք չեն ծննդաբերած կամ ուշ ամուսնացած են եւ` երեսուն տարեկանէն ետք ծննդաբերած:
4.- Կիներ, որոնք նախապէս ստինքի քաղցկեղ ունեցած են:
5.- Կիներ, որոնք ծանր կը կշռեն, մանաւանդ` մարմնի վերի բաժինը:
Ստինքի քաղցկեղը կանխարգիլելու
եօթը միջոցներ
Ստինքի քաղցկեղը ութսուն առ հարիւր տոկոսով կարելի է կանխարգիլել` ապրելակերպի կարգ մը փոփոխութիւններ կատարելով: Այսպիսով կարելի կ՛ըլլայ փրկել կեանք մը:
1.- Յաճախ թարմ կանաչեղէն եւ պտուղներ ուտել` յատկապէս` կենսանիւթ Ա-ով եւ Սէ-ով հարուստ տեսակներ:
2.- Սնունդին մէջ պակսեցնել բուսական կամ կենդանական իւղի քանակը:
3.- Աղի եւ ծխացուած ուտելիքներէն զգուշանալ:
4.- Սնունդին մէջ մանրաթելերուն (fiber) քանակը աւելցնել` կանաչեղէն եւ պտուղ ուտելով:
5.- Գիրնալէ զգուշանալ:
6.- «Էսթրոժեն» հորմոնը չօգտագործել առանց բժիշկի յանձնարարականին:
7.- Ալքոլի գործածութիւնը սահմանափակել: