Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատացէք Անոր Գործի Մեծութեան

Նոյեմբեր 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ

Ժողովուրդներու եւ հաւաքականութիւններու զարգացածութեան մակարդակը, բազմաթիւ այլ տուեալներու կողքին, նաեւ կ՛արտացոլայ անոր կազմակերպուածութեան աստիճանով: Կազմակերպուածութիւնը կ՛ենթադրէ ժողովուրդի կամ հաւաքականութեան անդամներուն գիտակից յանձնառութիւնն ու պատասխանատուութիւնը մէկը միւսին հանդէպ:

Մասնաւորելով միտքը հայ ժողովուրդին, բայց յատկապէս սփիւռքահայութեան պարագային` պէտք է հաստատել, որ այդ կազմակերպուածութիւնն էր, որ փրկեց սփիւռքահայութիւնը ուծացումէ եւ ձուլումէ: Փաստօրէն այն անհատ հայերը, որոնք կազմակերպ կեանքին մաս չկազմեցին, այսինքն չդարձան անդամներ մարզական, բարեսիրական կամ մշակութային միութիւններու, կամ չդարձան հայ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած կառոյցներու անդամներ, ահաւասիկ այդ անհատներն ու ընտանիքներն են, որ այսօր ձուլուած են այլ հաւաքականութիւններու մէջ, կամ առաւելագոյնը` մաս կը կազմեն ծագումով հայերու խումբին:

Կազմակերպ հայ կեանքին մէջ մեծ է դերը ՀՕՄ-ին, լիբանանահայութեան պարագային` Լիբանանահայ օգնութեան խաչին: ԼՕԽ-ը բազմաբնոյթ գործունէութիւն կը տանի եւ այդ գործունէութենէն իւրաքանչիւր հայ այս կամ այն ձեւով օգտուած է կամ իր մասնակցութիւնը բերած է անոր:

Իբրեւ կրթական մարզի մէջ գործող անձ` կ՛ուզենք կրթական ոլորտին մէջ ԼՕԽ-ին ունեցած գործունէութեան անդրադառնալ: ԼՕԽ-ը լիբանանահայութեան կրթական մակարդակի բարձրացման համար նախաձեռնած է բազմաթիւ աշխատանքներ` տասնամեակներ առաջ` երեկոյեան դասընթացքներ, գրադարանի ստեղծում, սերտարանի դրութիւն եւ այլն:

Սակայն կրթական մարզին առնչուող գլխաւոր աշխատանքը կարիքաւոր հայ ընտանիքներու կրթական ծախսերուն մասնակից դառնալն է, որ կը դրսեւորուի կրթանպաստներու բաշխումով:

ԼՕԽ-ի կառոյցը` Շրջանային վարչութենէն մինչեւ մասնաճիւղեր, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կրթանպաստներու բաշխումին` նախակրթարաններէն մինչեւ երկրորդական վարժարաններ, թեթեւցնելով կարիքաւոր հայ ընտանիքներու կրթաթոշակ վճարելու հոգը եւ օգտակար դառնալով նաեւ հայ վարժարաններուն:

Միջին Արեւելքի տարածքին կ՛ապրինք երկիրներու մէջ, ուր պատերազմներն ու քաղաքական տագնապները անվերջ են: Ասոր իբրեւ հետեւանք, բնականաբար, անվերջ է նաեւ տնտեսական տագնապը, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ հայ ընտանիքի կեանքին վրայ եւ, ուրեմն կազմակերպ կեանքի չգոյութեան պարագային, իբրեւ ազգ մեր գոյութիւնը կը վտանգուի: Ահա այստե՛ղ կը շեշտուի կարեւորութիւնը ԼՕԽ-ի կրթանպաստին:

Տնտեսական անվերջանալի տագնապները իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան ոչ միայն հայ ընտանիքին վրայ, այլ նաեւ` ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն վրայ, որովհետեւ, իբրեւ հետեւանք, կ՛աւելնայ կարիքաւոր ընտանիքներուն թիւը, եւ ասոր դիմաց նաեւ կը դժուարանայ նպաստներ հաւաքելու եւ հանգանակելու գործը, որովհետեւ տագնապներուն իբրեւ հետեւանք` կը քանդուի ազգի մը ողնասիւնը` միջակ դասակարգը: ԼՕԽ-ը ստիպուած է բազմապատկելու իր ջանքերը, որովհետեւ քաջ գիտնալով իր գործին կարեւորութիւնն ու ազգապահպան բնոյթը` չի կրնար հրաժարիլ իր գործունէութենէն, կամ` սահմանափակել զայն: Միջակ դասակարգի քանդումով, իբրեւ ազգ գոյատեւելու համար, պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան ծանրութիւնը կը մնայ հայ հարուստ դասակարգի ուսերուն, որ գիտակցելով այս իրողութեան,  պարտի յաւելեալ զոհողութեամբ եւ իր քսակը աւելի լայն բանալով` ամբողջութեամբ զօրավիգ կանգնիլ ԼՕԽ-ին, որպէսզի այս միութիւնը կարենայ իր գործը շարունակել եւ ստիպուած չըլլայ կրճատելու կամ սահմանափակելու իր գործունէութիւնը:

Ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, մենք կը հաւատանք, որ հայ կինը ոչ մէկ դժուարութեան դիմաց կ՛ընկրկի, հայուհիի յատուկ կամքն ու մեր ազգի գերագոյն երազներու իրականացման նկատմամբ անոր հաւատքը գործը յառաջ տանելու անփոխարինելի մղիչ ուժեր են: Կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնի կնոջական այս մեծ կազմակերպութեան` ԼՕԽ-ին:

 

 

Նախորդը

Գոյութիւն Ունենալը Գիտնալը Բաւարար Չէ (9 Կիներէն Մէկը Հակամէտ Է Ստինքի Քաղցկեղի)

Յաջորդը

Շարունակե՛նք Կամաւոր Ծառայութեան Մեր Երթը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?