
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով անդրադարձած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ որդեգրուած խնդրայարոյց բանաձեւին, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
«Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը եւ միւս միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է խորհրդակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, նախքան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ զեկուցում կամ բանաձեւ հրապարակելը», ըսած է Ուորլիք:
Փարիզի մէջ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի 4 նոյեմբերի նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Ռոպըրթ Ուոլթըրի` Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի սրման վերաբերեալ յայտնի խնդրայարոյց զեկուցումը: Մերժելով հայկական պատուիրակութեան առաջարկը` զեկուցումին քննարկումը յետաձգելու եւ նոր զեկուցող նշանակելու մասին` յանձնախումբը 24 կողմ եւ 16 դէմ ձայներով որդեգրեց զայն:


