Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Որոշումը

October 31, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated58

«29 հոկտեմբեր 2015-ին Փարակուէյ վերածուեցաւ հարաւամերիկեան եօթներորդ երկրին, որ օրէնսդիր իշխանութեան մակարդակով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հակառակ դիւանագիտական աշխուժ լոպիինկին, որ թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութիւնը գործի դրած էր մայրաքաղաք Ասունսիոնի մէջ վերջին քանի մը տարիներուն եւ բազմացուցած իր ճիգերը մասնաւորաբար 100-րդ տարելիցի նախօրեակին»:

Այս բառերով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ յայտարարութեամբ մը ողջունեց Փարակուէյի Ծերակոյտին որոշումը, որ Յառաջդիմական ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Տեզիրէ Մասիի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած էր եւ արժանացած օրէնսդիր մարմինի միաձայն հաւանութեան:

«100-րդ տարելիցին, Հայ դատի յանձնախումբը վեր կ’առնէ քաջութիւնը, ճիգն ու յանձնառութիւնը բոլոր անոնց, որոնք այս որոշման ետին կանգնեցան եւ պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը գերադասեցին ժխտողականութեան ճնշումներէն: Փարակուէյ կամովին կը միանայ ճշմարտութեան, յիշողութեան եւ արդարութեան կամար միջազգային պայքարին եւ կը դառնայ դրօշակիրներէն մէկը այդ պայքարին ներկայ եւ զօրավիգ Հարաւային Ամերիկային», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Այս որոշումով, կ’եզրափակէ Հայ դատի յանձնախումբը, Փարակուէյ, Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Չիլիի, Պրազիլի, Պոլիվիոյ եւ Վենեզուելայի քոյր հանրապետութիւններուն կողքին «կարեւոր ներդրում մը կը կատարէ պատմական արդարութեան վերահաստատման, մարդկութեան դէմ ոճիրներու ճանաչման, դատապարտման եւ կանխատեսումին, ինչպէս նաեւ ամէն ձեւի ժխտողականութեան դէմ պայքարի ազնիւ դատին»:

 

 

Նախորդը

Հայամէտ Փոլ Ռայըն Ընտրուած Է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահ

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Մեզի Համար «Այո»-էն Ոչ Պակաս Կարեւոր Է, Որ Այս Հանրաքուէն Անցնի Օրինական Պայմաններու Մէջ»

RelatedPosts

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

March 7, 2026
Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է  Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը
Հայկական

Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Քննարկուած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Անվտանգային Իրավիճակը

March 6, 2026
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է  Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղարկուած Է Քարիւղամթերքի Հերթական Խմբաքանակը

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.