Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

85 Քոնկրեսական Օպամայէն Պահանջած Են Քայլեր Որդեգրել` Ղարաբաղեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Խաղաղութեան Վերահաստատման Համար

Հոկտեմբեր 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Congress_102715

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ Դեմոկրատական կուսակցութենէն Էլիոթ Էնկելի նախաձեռնութեան միացած են 83 քոնկրեսականներ եւ դիմած են երկրի նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին, կոչ ուղղելով` աջակցելու եւ միջոցներ կիրարկելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ լարուածութեան նուազեցման համար:

«Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ բռնութիւնը մեծապէս աւելցած է, եւ բռնութիւն կիրարկողին նկատմամբ վարչակազմին չհասցէագրուած քաղաքականութիւնը այլեւս չի գործեր», ըսած է Ռոյս:

«Այդ քաղաքականութիւնը պէտք է փոխուի: Մեր նամակին մէջ կ՛առաջարկենք քանի մը խելամիտ եւ հաւասարակշռուած քայլ Միացեալ Նահանգներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ, որոնք պէտք է կասեցնեն շարունակուող բռնութիւնը: Առաջին հերթին բոլոր կողմերը պէտք է համաձայնին արձակազէնները հեռացնելու եւ առիթ տալու սահմանին վրայ ազդանշանային համակարգեր տեղադրելու շուրջ: Վերջինները պիտի արտօնեն թափանցիկ եւ բազմակողմանի հետաքննութիւն կատարել շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր բռնութեան առնչութեամբ: Դեսպան Ուորլիք պէտք է աջակցի այդ առաջարկին ու ամէն ինչ ընէ, որպէսզի Մինսքի խմբակի իր գործընկերներն ալ զայն ընդունին», ըսած է Ռոյս: Վերջինս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի ուղղուած իր նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղէ` հրաժարելու «կեղծ ազնուութեան» քաղաքականութենէն եւ յայտարարութիւններէն, որոնք աւելի կը սաստկացնեն լարուածութիւնը:

«Չկայ խաղաղութիւն, երբ կը բացակայի պատասխանատուութիւնը» նամակին մէջ քոնկրեսականը կ՛առաջարկէ որդեգրել խաղաղութեան հաստատման վերաբերող շարք մը քայլեր, որոնք կեանքի պիտի կոչուին կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին եւ պիտի փրկեն կեանքեր ու նպաստեն պատերազմի կանխարգիլման: «Այդ քայլերը կրնան նպաստել շրջանին մէջ բոլոր մարդոց խաղաղ կենսակերպին: Այդ քայլերն են` համաձայնագիրի որդեգրումը, ըստ որուն, բոլոր կողմերը շփման գիծէն կը հեռացնեն արձակազէնները, սահմանին վրայ կը տեղադրուի ԵԱՀԿ-ի դէտերու խումբ մը, որ պիտի ունենայ կրակոց որսացող ազդանշանային համակարգեր: Նաեւ կողմերը պէտք է արտօնեն ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ ներկայացուցիչներուն հսկողութեան առաքելութիւն կատարել շփման գիծին վրայ` ուսումնասիրելու զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը», եզրափակած է Էտ Ռոյս:

 

 

Նախորդը

Սերժ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Բրիտանիա Մեկնեցաւ

Յաջորդը

«Արմէն» Ճամբարը Վերադարձուեցաւ Հայ Համայնքին

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?