Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թրաքայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ութենիսի հետ:
Մրցումին հաշիւը բացաւ հիւր կազմին` Թրաքայի հայ յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, երբ 50-րդ վայրկեանին, փենալթիով նշանակեց կոլ մը:
21 տարեկան Արշակեան, որ այսպիսով նշանակեց տարեշրջանի իր 21-րդ կոլը, կոլ-սքորըրներու դասաւորման մէջ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ եւս անոր կազմը կը գրաւէ 2-րդ դիրքը (75 կէտով), 4 կէտով միայն ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Զալկիրիսէն: