17 հոկտեմբերին Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը մեկնեցաւ Կլասքօ (Սկովտիա), իր մասնակցութիւնը բերելու 23 հոկտեմբեր – 1 նոյեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, որ պիտի ըլլայ վարկանշանային` 2016-ի ողիմպիականի խաղերուն համար:
Սկովտիոյ մէջ Հայաստանը կը ներկայացնեն Վահագն Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան եւ Հուրի Կեպեշեան:
Իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ ArmSport.am, հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած Հուրի Կեպեշեանի կատարած յայտարարութիւնը` Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին:
Հուրի Կեպեշեան այս առիթով ըսած է. «Կը կարծեմ, թէ լաւապէս ելոյթ ունեցայ: Փորձեցի առաւելագոյնս տալ այդ խաղերուն: Ինծի համար մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Հայաստանը ներկայացնել ողիմպիականի խաղերուն: Հպարտ պիտի զգամ, որ պիտի ըլլամ այս մարզաձեւին մէջ, իմ երկիրս ներկայացնող առաջին կինը: Մինչեւ ողիմպիականի խաղերը չեմ կարծեր, թէ պիտի մեկնիմ Հայաստան: Սակայն ապագային շատ ուրախ պիտի ըլլամ Հայաստան այցելելով»: