11-17 հոկտեմբերին Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի խուլերու ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբիշները:
ArmSport.am կը յայտնէ, որ հայ ըմբիշները, հայրենիք վերադարձան 1 ոսկի, 5 արծաթ եւ 11 պրոնզ մետալներով:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 13 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի մեծերու հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն էր Գրիգոր Գրիգորեան, իսկ երիտասարդներուն մարզիչը` Անդրանիկ Գրիգորեան, որոնք իբրեւ օգնականներ ունէին Մարտին Ալիխանեանը եւ Ալեքսանդր Մարկոսեանը:
Նշենք, որ Հայաստանի համար միակ ոսկի մետալը ապահովեց Սարգիս Սարգսեան (57 քկ)` մեծերու պայքարին: