
Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան հաւաքականը Ծաղկաձորի մէջ կը նախապատրաստուի աշխարհի ախոյեանութեան, որ վարկանշային է:
Անդրադառնալով այս նախապատրաստական փորձերուն` հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան ըսած է.
«Մենք աշխարհի ախոյեանութեան կը մեկնինք բարձր տրամադրութեամբ, մանաւանդ որ տղաքը կը գտնուին բացառիկ մարզավիճակի մը մէջ, որ նախապէս չէ եղած»:
Նշենք, որ Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան հաւաքականը աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցի հետեւեալ կազմով.
Վանիկ Աւետիսեան (69 քկ), Տիգրան Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ) եւ Ռուբէն Ալեքսանեան (105 քկ եւ վեր):
Հայրենի կազմը 29 հոկտեմբերին պիտի մեկնի Քազան (Ռուսիա), հոն շարունակելու իր ուսումնամարզական հաւաքը:
Իսկ 16 նոյեմբերին, հաւաքականը պիտի մեկնի Հիուսթըն (Միացեալ Նահանգներ), ուր տեղի կ՛ունենայ աշխարհի ախոյեանութիւնը` 20-28 նոյեմբերին: Այս լուրը կը հաղորդէ ArmSport.am-ը:


