Նախորդ շաբաթավերջին Եգիպտոսի մէջ աւարտեցաւ Պասքեթպոլի աղջկանց ակումբներու արաբական ախոյեանութիւնը` Ռիատի Պէյրութի եւ եգիպտական Սայտ խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած աւարտական մրցումով:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով լիբանանեան կազմը տիրացաւ տիտղոսին, երբ այս մրցումին 20 կէտի տարբերութեամբ` 70-50 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց: