Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժաքլին Սարխոշեան. Հայաստանի Պալէի Պատմութեան Մէջ Առաջին Կին Մասնագէտը, Որուն Ներկայացումը Ընդգրկուեցաւ Օփերայի Խաղացանկին Մէջ

Հոկտեմբեր 26, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

sarkhoshian_102615

Լիբանանէն մեկնելէն ետք Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» դպրոցի պարուսոյց Ժաքլին Սարխոշեան ձեռք ձգեց բազմաթիւ յաջողութիւններ, որոնց անդրադարձաւ հայրենի մամուլը: Հետեւաբար վերամուտի առիթով «Գայեանէ» պարախումբի սաները եւ ընդհանրապէս Համազգայինի ընտանիքը շնորհաւորեցին զինք եւ, առ այդ, խնդրեցին կարգ մը մանրամասնութիւններ` հետեւեալ հարցերը ուղղելով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայրենի արուեստին մէջ ձեր սաներուն հետ հանդիպումը ինչպէ՞ս եղաւ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես երբ Հայաստան վերադարձայ, Երեւանի պետական պալէի քոլեճը արդէն արձակուրդի մէջ էր, բայց ես բոլորը կանչեցի եւ առաջարկեցի, որ իմ պարային ծրագիրիս մասնակցին, քանի մը պարային բաժիններ բեմադրեցի եւ իմ սաներուս հետ միասին օփերայի բեմին վրայ ելոյթ ունեցանք յուլիս 4-ին, այս հնարաւորութիւնը իրենց համար մեծ անակնկալ էր, որովհետեւ անոնք առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանային:

Հ.- Ինչպէ՞ս կատարուեցաւ ձեր ներկայացման արձանագրուիլը պալէի խաղացանկին մէջ, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորուի ասիկա ձեր կողմէ:

Պ.- Յուլիս 4-ին ելոյթի առաջին մասը «Երազ» պալէի ներկայացումն էր, իսկ երկրորդ մասը` համերգային տարբեր բաժիններ. ելոյթէն ետք մօտեցան եւ ըսին ինծի, որ որոշ քննադատներ եւ տնօրէնութեան կողմէն նշանակուած անձնակազմը դիտած են եւ`  որոշում կայացուցած, որ ներկայացումը  օփերայի  խաղացանկի մէջ մտնէ. ինծի համար այս որոշումը մեծ անակնկալ էր. Հայաստանի պալէի  պատմութեան մէջ ընդհանրապէս առաջին երիտասարդ կին պալէի մասնագէտն եմ, որուն ներկայացումը ընդգրկուած է օփերայի խաղացանկին մէջ:

Հ.- Լսեցինք ու կարդացինք, թէ Հայաստանի պետական պալէի «Ժիզել» ներկայացումը փրկուեցաւ ձեր շնորհիւ, խնդրենք մանրամասնէք:

Պ.- Մեր ասպարէզին մէջ միշտ ալ դժուարութիւն կայ եւ ոչ մէկ բան դիւրին կը տրուի. այս կեանքին մէջ պէտք է քու աշխատանքովդ եւ ջանքերովդ դուն քեզ ապացուցես: Մեծագոյն դժուարութիւնը այն էր, որ ես 7 ամիսէ օփերայի բեմ չէի բարձրացած, սակայն յաղթահարեցի:

Հ.- Յաւելեալ ի՞նչ փորձեր եւ մասնագիտական հմտութեան հետ կապուած դժուարութիւններ դիմագրաւեցիք:

Պ.- Այս տարին շատ բերքառատ տարի է ինծի համար, օգոստոսի արձակուրդի ժամանակ ես մեկնեցայ Թեհրան եւ շատ կարճ ժամկէտի մէջ, երկու շաբթուան ընթացքին բեմադրեցի «Սինտրերլլա» պալէի ներկայացումը, 50 վայրկեաննոց մէկ գործողութեամբ:

Հ.- Խնդրեմ` խօսինք ձեր Իրանի փորձառութեան մասին:

Պ.- Քու արուեստդ, որով կը զբաղիս, առաջնային պիտի նկատես եւ զայն սիրես. իսկ աշխատասիրութիւնը, առողջ մրցակցութիւնը պիտի օգնեն քեզի` հասնելու բարձունքներու, նախանձը չի յաղթեր, եղէ՛ք բարի:

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, թէ Ժաքլին Սարխոշեանի կամքն ու  աշխատանքը զինք կը պահեն իբրեւ առաջնակարգ արուեստագէտ: Կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձր վերելք:

 

Նախորդը

Անկրկնելի Հալէպը . Վերամուտի Խոհեր

Յաջորդը

Նոր Իրանը` Նոր Հնարաւորութիւն Հայաստանի Համար

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?