Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Միջին Արեւելքի տագնապը ստեղծած է հակամարտութիւններու խրձիկ մը: Պատերազմ կայ, սակայն որոշ չէ, թէ ո՛վ որո՞ւ հետ է եւ որո՞ւ դէմ: Աշխարհագրական եւ ռազմավարական սահմանագծումներ չկան: Սկսած պատերազմը կը նմանի քաղաքացիական պատերազմի:
Քաղաքական գործիչները, անոնց հունով ընթացող մեկնաբանները եւ ընդհանրապէս մամուլը, կացութիւնը իր ամբողջութեան մէջ չեն լուսաբաներ, չեն ուզեր հասկնալ` իրենց գլուխը ջուրէն հանելով, քանի որ կան երկրաքաղաքական (géopolitique), աշխարհագրական, տնտեսական, ազդեցութեան գօտիներու տիրութեան-պաշտպանութեան եւ ուժերու դասաւորման խնդիրներ: Իւրաքանչիւրը կը խորհի, որ ինք ունի լծակները եւ կրնայ իր միջոցներով կացութեան տէր ըլլալ:
Այսօր, անմիջական շահեր հետապնդելու պատճառով, ոչ ոք կրնայ իրապէս ըսել, թէ խաղցուող թատերական խաղին մէջ ո՛վ որո՞ւ հետ է, ո՛վ որո՞ւ դէմ է: Մաքիաւելլէն կամ Թալերանը անգամ պիտի կորսուէին այս խաղին մէջ: Եթէ իրադարձութիւններուն հետեւինք, պիտի տեսնենք, որ դերակատարներէն իւրաքանչիւրը ինք կը ստեղծէ իր ուրոյն ծխածածկոյթը եւ միամտօրէն կը խորհի, որ միւսներու տեսողութեան դաշտէն հեռու է: Իսկ հեռատեսիլ դիտողը կամ թերթի ընթերցողը կարծիք կը կազմեն եւ կը փոխեն առաւօտեան եւ երեկոյեան լուրերուն հետ:
Զարմանք կրնայ պատճառել այն պարզ վարկածը, որ կացութեան պայթուցիկ կորիզը ո՛չ Սուրիան է, ո՛չ Իրանը, ո՛չ Իրաքը, ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Եւրոպան, եւ ո՛չ ալ Ռուսիան: Ուշադրութիւն պէտք է ընել, որ չյիշեցինք շրջանին մէջ կարեւոր համարուող երկիր մը: Բայց որովհետեւ մեր լսողութեան, տեսողութեան եւ դատումներու դաշտը կ՛ողողուի, օրուան բոլոր թարմ լուրերով, որոնք կը յատկանշուին ըստ լրագրողի ենթակայական թեքումներուն եւ ուրիշներէ աւելի ուշագրաւ ըլլալու ցանկութեան, իրականութիւնները չեն պարզաբանուիր: Աւելցնենք նաեւ, որ շահախնդրութիւններով իրականութիւնները կը թաքցուին:
Արեւմուտքի եւ Իրանի տարակարծութիւններուն հարթումը միայն հիւլէական հարցերո՞ւն կը վերաբերէին:
Միջին Արեւելքի տագնապաստեղծ խաղին գլխաւոր հանգոյցը Թուրքիան է, նոյնիսկ երբ իր մօտը կամ հեռուն կան հզօրներ, որոնք իրենք իրենց իրապէս հարց չեն տար, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան կը միանայ Արեւմուտքի կողմէ առաջնորդուող զինակցութեան` ընդդէմ Իսլամական պետութեան, ինչպէս սովորութիւն դարձաւ ըսել` ՏԱՀԵՇ, միաժամանակ կը ռմբակոծէ ռազմական դիրքերը քիւրտերու, որոնք նոյնպէս կը կռուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Իսկ Թուրքիոյ իշխանութիւնը կը կրէ բիւզանդական պիտակ մը, մարդիկ կ՛ըսեն` «չափաւոր իսլամական», առանց ըսելու հետ, թէ ի՛նչ է տեսակարար տարբերութիւնը երկուքին միջեւ:
ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող զինակցութեան անդամները չեն կրնար չտեսնել այս իրողութիւնը, բայց դեռ բացատրութիւն չտուին եւ առաջքը չփորձեցին առնել նոյնինքն զինակցութիւնը տկարացնող եւ ՏԱՀԵՇ-ը պաշտպանող նախաձեռնութիւններուն: Միամիտ չէին: Բայց պէտք էր ըսէին, թէ ինչո՞ւ կը հանդուրժէին:
Սպառողական ընկերութեան հետզհետէ աւելի ընդարմացող հանրային կարծիքը դեռ չէ հակազդած, քանի որ վտանգը իր դռներուն առջեւ ըլլալով հանդերձ, դեռ իրեն չէ հասած, զինք չի խանգարեր: Բայց ինչպէս կ՛ըսուի, վաղը արդէն ուշ կրնայ ըլլալ:
Թարմացնենք յիշողութիւնները եւ տեսնենք իրականութիւնը: Երկու ամիս առաջ, արեւմտեան լրատուամիջոցները, ովկիանոսի երկու կողմերը (յուլիս 23), գոհունակութեամբ յայտնեցին, որ Ռեճեփ Էրտողանի Թուրքիան պաշտօնապէս կը մտնէր պատերազմի մէջ` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի: Բայց ոչ ոք կարծէք անհանգիստ եղաւ, երբ շաբաթ մը ետք թրքական օդուժը ռմբակոծեց իր կողմէ անջատողական եւ թշնամի համարուող քրտական ուժերու դիրքերը:
Շուրջ մէկ դարէ ի վեր Թուրքիան կը դիմագրաւէ քրտական ազատագրական շարժման զինեալ ընդդիմութիւնը, որ կը ղեկավարուի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ (ՔԱԿ), ընդունուած է ֆրանսերէնը կրկնել` PKK: Այս քիւրտերը աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ կը հանդիսանան արեւմտեան զինակցութեան գլխաւոր նեցուկը` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի: Գետնի վրայ կռուող եւ ոչ օդային ռմբակոծումներով վիրահատում ընող:
Նուազագոյն չափով պարկեշտ քաղաքացին, ո՛ւր որ ալ գտնուի ան, ի՞նչ կրնայ խորհիլ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող զինակցութեան մասին, երբ անթաքոյց կերպով կը ռմբակոծուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող ուժի մը դիրքերը` նոյն զինակցութեան անդամ համարուող ուժի մը կողմէ:
Զարմանալի է, որ ամերիկեան, ֆրանսական, անգլիական, աւստրալիական խորհրդարանները չեն հարցապնդեր իրենց կառավարութիւնները: Բայց անոնց օդուժը ընտրուած թիրախներ կը ռմբակոծէ: Կը հաւատա՞ն, որ համացանցի վրայ խաղով զուարճացնող պատերազմներուն պէս յաղթողներ եւ պարտուողներ պիտի ըլլան:
Ինչպէ՞ս կը բացատրուի այս լռութիւնը, որ վերջին հաշուով սեփական կողմի եւ դաւանուած արժէքներու դէմ մեղսակցութիւն է: Կամ մի՞թէ այնքա՜ն կը վախնան Թուրքիայէն: Չեմ խորհիր, որ այսօր հաւատացողներ կան անոր անկեղծ յարումին` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին:
Իսկ քիւրտերը միամտօրէն կը հաւատան, որ իրենց օժանդակութեան համար պիտի վարձատրուին եւ ձեռք պիտի բերեն իրենց ինքնավարութիւնը: Իսկ Ռեճեփ Էրտողան, միանալով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող զինակցութեան, կը ձգտի հակակշռել քրտական ցանկութիւնները եւ արգելք հանդիսանալ քրտական ինքնավարութեան:
Բայց Ռեճեփ Էրտողանի խաղաքարտերը հիմնովին խանգարուեցան, երբ վերջին խորհրդարանական ընտրութեան, հակառակ իր ինքնավստահութեան, չկրցաւ տիրանալ խորհրդարանական մեծամասնութեան, ինչ որ տկարացուց իր դիրքը: Այս պարտութեան պատճառը Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնն էր, որ առաւելաբար քրտական ուժերով կազմուած էր եւ ունեցած` ութսուն աթոռ:
Թուրքիա կ՛ըսէ, թէ կը հարուածէ «ահաբեկիչ» քիւրտերը…
Իսկ ո՞վ չի գիտեր, թէ Թուրքիա կ՛աջակցի ՏԱՀԵՇ-ի` անոր տրամադրելով զէնք եւ հարուածելով անոր դէմ կռուող քիւրտերը: «Ճումհուրիյէթ» թերթի դէմ խափանարարութիւնները խօսուն են:
Ամերիկա, Ֆրանսա, Անգլիա, Աւստրալիա, Իրան, ինչպէ՞ս կը նաւարկեն հակասութիւններու այս կացութեան մէջ, որ իրենց համար վնասակար կրնայ ըլլալ միայն, տկարացնելով քիւրտերը եւ զօրացնելով ՏԱՀԵՇ-ը, իրենց իսկ մեղսակցութեամբ, քանի որ լիաբուռն պիտի օժանդակեն Թուրքիոյ, առանց իսկական երաշխիքներ ունենալու:
Իսկ Ամերիկան չդատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ քրտական ուժերու կեդրոններու ռմբակոծումը, երբ Իրաքի մէջ ալ Քրտական ժողովրդավարական միութիւնը իր դաշնակիցն է:
Այս իրադարձութիւններուն բեմը Սուրիան է: Թուրքիան, առաջին իսկ օրէն Պաշշար Ասատի դէմ կռուող իսլամական ծայրայեղականներու օժանդակեց: Այս օժանդակութիւնը ե՛ւ կրօնական-արմատական պատճառներ ունի, ե՛ւ ծաւալապաշտական, քանի որ Ռեճեփ Էրտողան կ՛ուզէ վերականգնել օսմանեան հզօրութիւնը:
ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող զինակցութեան իր մասնակցութիւնը յայտարարելով, Թուրքիա, որ արդէն քրտական շարժման դէմ կը կռուի, պիտի կռուի նաեւ երկրի թերեւս քնացող իսլամական ծայրայեղականութեան դէմ: Այդ պարագային Պաշշար Ասատի հարցը իրապէս մանրուք կը դառնայ:
Թուրքիոյ ապակայունացման հետեւանքները ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու նոր էջ կրնան բանալ:
Այդ հետեւանքները կրնա՞ն երկու աշխարհամարտներէն ժառանգուած սխալներու եւ անարդարութիւններու սրբագրման տանիլ: Այդ հետեւանքները կրնա՞ն սրբագրուիլ առանց լայնածիր բախումներու:
Այսօր միջազգային կայունութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիքը ՏԱՀԵՇ-ն է, անոր անունը հրապարակի վրայ է:
Անմիջական եւ վաղուան սպառնալիքը Թուրքիան է:
Խաղաղութիւնը պահպանելու համար վերադասաւորումներ պէտք է ըլլան, բայց այդ վերադասաւորումներուն նկատմամբ արաբական աշխարհը, արեւմտեանները, Ռուսիան եւ հեռաւոր Չինաստանը, այսօրուան տուեալներով, նոյն ուղղութեամբ չեն նայիր, չեն կրնար նայիլ:
Դաշնակիցներ որսալու քաղաքականութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան երաշխիք չէ: Թշնամիին հակադրուողը անպայման դաշնակից չ՛ըլլար:
Այս պղտոր կացութեան մէջ Թուրքիա թատերաբեմ եղաւ ահաբեկչական ծանրակշիռ դէպքի մը` երկրի ընդդիմութեան դէմ կատարուած: Հարիւր մեռեալներ:
Մեկնաբաններ չէին կրնար ամբաստանել ո՛չ քիւրտերը եւ ո՛չ ալ երկրին ձախակողմեան ուժերը, քանի որ ահաբեկչութեան թիրախը անոնց կազմակերպած ժողովրդային նախաձեռնութիւնն էր:
Մեկնաբաններ, միջազգային մամուլ, ահաբեկչութեան հեղինակի մասին զանազան վարկածներու շարքին, յիշեցին նաեւ Թուրքիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնը եւ անոր համար մղուող պայքարէն իշխող կուսակցութեան պարտուած դուրս գալու հաւանականութիւնը: Չէին կրնար չյիշել, քանի որ ուղղելով պարզ հարցումը` պիտի ըսէին, թէ ո՞վ կ՛օգտուի սարսափի եւ անապահովութեան մթնոլորտի ստեղծումէն:
Ուստի, պէտք է կրկնել հարցումը, ո՛վ որո՞ւ դէմ կը կռուի, ո՞ւր հասնելու համար: Քիւրտերը ռմբակոծող Թուրքիան եւ ՏԱՀԵՇ-ը ռմբակոծող զինակցութիւնը ունի՞ն նոյն նպատակները:
Եւ առանց անտեսելու մարդասիրական հարցերը` Միջին Արեւելքի փտախտ դարձող պատերազմին պատճառով ստեղծուած գաղթականական հոսքը մի՞թէ վաղուան ապակայունացումներու ազդակ պիտի չըլլայ:
Ինչ որ կը պատահի այսօր, դասական կուսակցական-իշխանական պայքարներէ տարբեր է, աննախատեսելի հետեւանքներով:
15 հոկտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան