Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրապարակային Քննարկում-Արձագանգ 4. Դատարաններ Ալ Տուրք Կու Տան Շիլ Հաշիւներու

Հոկտեմբեր 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Բառերը չծամծմենք, ոչ ալ քաղաքական-իրաւական բառամթերքին մանուածապատ ոլորապտոյտներուն մէջ մեր ճամբան կորսնցնենք, այլ եկէ՛ք, իրականութիւնները կոչենք իրենց անուններով:

Եւ պարզ իրականութիւնը այն է, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը սխալ մը գործեց, իրաւական հարց մը զոհ տարաւ քաղաքական շիլ հաշիւներու, երբ յայտարարեց, որ չ՛ուզեր կաշկանդուած տեսնել թուրք Տողու Փերինչեքի մը խօսքի ազատութիւնը, երբ ան կը ժպրհի յայտարարել, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը ցեղասպանութիւն չէ գործած հայերուն դէմ:

Եւրոպական այլապէս յարգելի դատարան մը ինքզինք դատապարտեց երկդիմի ու որձեւէգ բանաձեւի մը հրապարակումով, որուն մէջ իբրեւ թէ հաւասարակշռուած դիրք որդեգրած է հայերու եւ թուրքերու միջեւ. մէկուն «խօսքի ազատութիւնը» կը յարգէ, միւսին` «ազգային արժանապատուութիւնը» կը պաշտպանէ, չի հերքեր Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, սակայն իր լիազօրութեանց սահմաններէն դուրս կը նկատէ Ցեղասպանութեան հարցին մասին վճռորոշ խօսք ըսելը (եթէ մակերեսը քերթենք, տակէն այս իրականութիւնը ի յայտ կու գայ):

Եւրոպական դատարանի վճիռը, ինչպէս տրամաբանօրէն սպասելի էր, հակադիր ալիքներ ու մեկնաբանութիւններ ստեղծեց հայութեան ու թուրքերու (եւ անոնց մեղսակից-հոգատարներու) շրջանակներուն մէջ: Մենք` հայերս ալ ինկանք մեկնաբանութիւններու ոլորապտոյտին մէջ, սկսանք բացատրութիւններ որոնել եւ մենք մեզ մխիթարելու իմաստով մեկնաբանութիւններ կատարել: Մինչդեռ, կրկնենք, պարզ իրականութիւնը այն է, որ եւրոպական դատական ատեան մը արդարութիւնը զոհաբերեց քաղաքական հաշիւներու, որոնց գլխաւոր վերնագիրն է տուրք տալ Թուրքիոյ, ողոքել Էրտողանի խունթան եւ… գործը շարունակել` իբրեւ թէ բան չէ պատահած: Անգլերէնով` Business as usual!

Եթէ պատահարը դիտենք քիչ մը աւելի լայն օղակի մէջ, յստակ կ՛ըլլայ, թէ դատական այս վճիռը ուրկէ՛ ջուր կը խմէ, ինչպիսի՛ հաշիւներով շարժած է, հաշիւներ` որոնք կապ չունին «Ճշմարտութիւն» եւ «Արդարութիւն» կոչուած հասկացութիւններուն հետ:

Չէ՞ որ նոյն Եւրոպան այս օրերուն բազմամիլիառ տոլարի յատկացում կը տրամադրէ Թուրքիոյ, որպէսզի հո՜գ տանի դրացի երկիրներէ իր հողերը ապաստանած գաղթականներուն, ա՛յն խեղճերուն, որոնց գաղթական դառնալուն գլխաւոր պատասխանատուներէն է ի՛նք` Էրտողանի Թուրքիան:

Չէ՞ որ Մերքելի Գերմանիան առանձնապէս նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ անցեալի ու ներկայի ոճրագործ Թուրքիոյ, Պունտըսթակին մէջ խաղալիք կը դարձնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, ձգձգումներու ոլորապտոյտին մէջ կը մաշեցնէ ամիսներ առաջ, Գերմանիոյ նախագահին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը…

Չէ՞ որ նոյն Եւրոպան է, որ մօտիկ անցեալի իր այլապէս արդար ընթացքէն շրջադարձ կատարելու պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերէ` Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին բանակցութեան դուռը բանալու տրամադրութեամբ…

Չէ՞ որ նման քաղաքական շիլ հաշիւներով կը շարժին միջազգային այլ ատեաններ ու վարչամեքենաներ ալ, երբ հարցը կը վերաբերի տկար նկատուող իրաւազրկուած ժողովուրդներու:

Չէ՞ որ… չէ՞ որ… չէ՞ որ…

Իրականութիւնները կոչենք իրենց անունով. Թուրքիա կէտ մը շահեցաւ Զուիցերիա-Փերինչեք մրցումին մէջ, եւ այդ կէտը արձանագրուեցաւ մասնաւորապէս մեր` հայութեան հաշուոյն: «Երրորդ կողմ» ըլլալու Հայաստանի կարգավիճակը ողոքիչ բան չունի յամենայն դէպս: Իսկական վնասը, Զուիցերիայէն կամ  դատապաշտպաններէն աւելի` մեզի՛ կը հասնի. չփորձենք մեր մատին ետին պահուըտիլ:

Յետո՞յ, ի՞նչ:

Բայց, եկէք, նոյնպիսի արիութեամբ ընդունինք նաեւ միւսը. առաջին անգամը չէ որ (վերջինն ալ պիտի չըլլայ) մենք` հայկական իրաւատէր կողմը, նման անարդարութեան զոհ կ՛երթանք (ինչպէս այլ ճակատագրակիցներ): Ցեղասպանութեան 100 տարի անհատոյց մնալը, Ցեղասպանին անպատիժ մնալը արդէն արձանագրած են անարդարութիւններու դարաւոր պատմութիւն մը, որ ունի բազմաթիւ երեսներ ու խաւեր: Մեր անվիճելի՛օրէն արդար իրաւունքներուն մասին քաղաքական ծուռ հաշիւները եւ մեր իրաւունքներուն ոտնակոխումը եւս ունին իրենց տգեղ «աւանդութիւնը»: Ճատրակի իւրայատուկ խաղին մէջ, մեր իւրաքանչիւր յառաջխաղացքը թրքական կողմին մօտ միշտ ալ ստեղծած է նախկինէն աւելի ուժեղ հակազդեցութիւն մը, իրաւարարներն ալ յաճախ «աչք գոցած» են Թուրքիոյ խարդախութեանց դիմաց` ստեղծելով այն պատրանքը, որ հայկական կողմը պիտի մնայ տուժողի դիրքին վրայ:

Այսուամենայնիւ, պէտք է տեսնենք եւ ընդունինք, որ մեր յառաջխաղացքը, հակառակ պարտադրուած ընկրկումներուն, միշտ ալ ունեցած է, եւ այսօ՛ր ալ ունի դրական զարգացումներ: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին, մեր արձանագրած նուաճումները, առանց գերագնահատելու, եղան զգացականէ շատ աւելին:

Հետեւաբար, եւրոպական դատարանի որոշումը պէտք է դիտել իբրեւ ձախաւեր ստորակէտ մը, ու մեր ճամբան պէտք է շարունակենք անվհատ, նման սխալներէ քաղենք նոր փորձառութիւն, իրազեկ դառնանք, որ երբ մեր դատի այս կամ այն երեսը կը փոխադրենք իրաւական գետին, հոն ալ քաղաքական հաշիւներ եւ անարդար մօտեցումներ պիտի դիմագրաւենք. «արդարութեան» գետինն ալ լպրծուն է, թերեւս աւելի՛ լպրծուն, քան քաղաքականը. կը մնայ, որ սորվինք խաղին ա՛յս օրէնքը եւս, մեր ոտքերը դնենք ամուր հողի վրայ, իրաւաբանական ու քաղաքական լաբիւրինթոսին ստեղծած սարդոստայններէն ձերբազատենք մենք մեզ:

Որովհետեւ` մեր Դատը գերիվեր է քաղաքական ու իրաւաբանական լղրճուկ արտայայտութիւններէ. նման որոշումներ չեն կրնար փոփոխել պատմական ճշմարտութիւնները: Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է, թուրքի կտոր մը զայն ժխտէ կամ ոչ, ժխտողը կոչուի Փերինչեք, Էրտողան կամ ոեւէ այլ յելուզակ:

Արդար հատուցո՛ւմը պիտի ըլլայ խաղին վախճանական կէտը, վեր` դատական ու քաղաքական ամէն տեսակի շիլ հաշիւէ: Մեր ներուժը ի գործ պիտի դրուի` վախճանական այս կէտին հասնելու կամքով, ու նախ եւ առաջ` Թուրքիոյ ոճրագործ դիմագիծին բացայայտման սեւեռումով:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 108. Վաչէ Բրուտեան Ներկայացուց «Միջազգային Մամուլն Ու Միջին Արեւելքի Իրադարձութիւններու Լուսաբանման Խնդիրները» Նիւթը

Յաջորդը

«Իրանեան Հարստացուած Իւրանիոմը Պիտի Փոխանակուի Ռուսական Բնական Վառելանիւթով» Կ՛ըսէ Սալեհի

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?