Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՔՄԵՐԵԱՆ
1967 թուականի արաբ-իսրայէլեան պատերազմին արդիւնքով, երկու երեւելի կիներ` Իսրայէլի հռչակաւոր զօրավարին կողակիցը եւ այն կինը, որ ապա պիտի ըլլար Եասեր Արաֆաթի զոքանչը, կերտեցին անհաւատալի թուացող բարեկամութիւն մը: Անոնց ուշագրաւ յարաբերութեան պատմութիւնը հրատարակուած է նոր գիրքի մը մէջ` «Անհաւանական բարեկամութիւն մը»: Պի.Պի.Սի.-ի յօդուածագիր Քեւին Քոնոլլի այցելած է անոնց: Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Քոնոլլիի յօդուածը` որոշ կրճատումներով: Պաղեստինեան-իսրայէլեան ներկայ մագլցողական իրավիճակին մէջ այսպիսի բարեկամութիւն մը նուազ հաւանական կը թուի:
Կրնայ ըլլալ, որ դուք ծանօթ էք Միջին Արեւելքի 1967-ի պատերազմին. կարճատեւ, սուր հակամարտութիւն մը, որուն ընթացքին Իսրայէլ կայծակնային գործողութիւններով հողեր գրաւեց Եգիպտոսէն, Յորդանանէն եւ Սուրիայէն: Պատերազմի աւարտէն 48 տարի ետք Միջին Արեւելքը կը շարունակէ կրել ատոր հետեւանքները:
Այսքանը ծանօթ է:
Բայց կայ 1967-ի պատերազմին մասին չպատմուած դէպք մը, որ կրնայ ըլլալ, որ լսած չէք. պատմութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս բարեկամութիւն կրնայ ծաղկիլ ամէնէն անհաւանական պայմաններու մէջ, ինչպէս քնքուշ, փափկասուն ծաղիկ մը` ամէնէն ամայի դաշտերուն մէջ: Ատիկա պատմութիւնն է պաղեստինցի Ռայմոնտա Թաուիլի եւ իսրայէլացի Ռութհ Տայանի բարեկամութեան: Վեցօրեայ պատերազմը Ռութի ամուսինը` Մոշէ Տայանը վերածած էր Իսրայէլի ազգային հերոսի, որուն աչքին սեւ վիրակապը անոր կու տար տարաշխարհիկ, ծովահէնի կերպարանք մը:
Կռիւներուն պատճառով Ռայմոնտա կը գտնուէր պատերազմէն վնասուած պաղեստինեան Նապլուս քաղաքի հիւանդանոցին մէջ, ուր կը խնամէր գաղթականները եւ վիրաւորները, երբ օր մը հիւանդանոց այցելեց կինը այն մարդուն, որ պաղեստինցիք կը մեղադրէին քանդումներուն եւ զոհերուն համար:
«Մենք սիրալիր չէինք անոր հանդէպ,- կը յիշէ Ռայմոնտա: – Վիրաւորներ եւ դիակներ կային: Երբ մեզի ըսին, որ Ռութհ Տայանն է, ես անոր ըսի. «Ասիկա ձեր գործն է, ձեր գործն է»: Բայց Ռութհ ըսաւ, որ ինք Մոշէ Տայանը չէ»: Ռութհ իր ինքնաշարժը կը լեցնէր դեղերով եւ երեխաներուն համար խաղալիքներով, ապա կ՛ուղղուէր գրաւեալ տարածքներ, որոնք իր ամուսինին անմիջական հսկողութեան տակն էին: Ատիկա անբնական պահ մըն էր ամուսնութեան մը մէջ, որ բնաւ բնականոն չէր եղած: Ռութհ շարունակեց Նապլուս իր այցելութիւնները, տեսակցեցաւ պաղեստինցի կին բանտարկեալներու հետ, որոնք իսրայէլացիներու կողմէ իբրեւ ահաբեկիչ ամբաստանուած էին: Ամուսինը` Մոշէ, զայրացած էր: Բազմաթիւ վէճերու պատճառով անոնք ամուսնալուծուեցան:
Բռնագրաւման սկիզբի օրերուն, խաղաղութեան իսրայէլացի գործիչները, ինչպէս Ռութհ, տակաւին կրնային այցելել Այսրյորդանանի քաղաքներ, օրինակ` Նապլուս, պահպանելու համար ժողովրդային երկխօսութիւնը, որ ի վերջոյ խաղաղութիւն չբերաւ, բայց մասնակցողներուն յիշողութեան մէջ մնաց իբրեւ ազնիւ նախաձեռնութիւն մը: Միւս կողմէ` Ռայմոնտա եղաւ տեսակ մը անպաշտօն բանբերը Այսրյորդանանի, ծանօթ դէմք մը` միջազգային լուրերու հաղորդման մէջ: Ատոր յաջորդեց տնային կալանք եւ բանտարկութիւն` կասկածամիտ իսրայէլացիներու կողմէ, որոնք կ՛ենթադրէին, թէ ան հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) հետ: Ան սպառնալիքներ ստացաւ իր կողմի պաղեստինցի ծայրայեղականներէն, որոնք կասկածելի կը նկատէին իսրայէլացիներու հետ Ռայմոնտայի հաղորդակցութիւնները: Ռութհին մարդասիրական մղումները զինք տարին աշխարհի բոլոր կողմերը: Բայց նոյնիսկ լարուած ժամանակներու ատեն միշտ կար հաղորդակցութիւնը:
Անոնց յարաբերութեան պատմութիւնը ի վերջոյ ստացաւ նոյնիսկ աւելի անհաւանական շրջադարձ մը: 1990-ին Ռայմոնտային դուստրը` Սուհա, ամուսնացաւ ՊԱԿ-ի ղեկավար Եասեր Արաֆաթի հետ (հերոս մը` իր ժողովուրդին համար, որ զայն կը պանծացնէր իբրեւ կենդանի մարմնացումը պաղեստինեան պայքարին եւ` Իսրայէլի թիւ մէկ թշնամին): Ռութհ ամուսնալուծուած կինն էր Իսրայէլի ամէնէն պանծացուած մարտիկին: Աւելի՛ն. իր կրտսեր քոյրը` Ռեէմա, ամուսնացած էր Էյզըր Ուայզմանի հետ (կործանիչի նախկին օդաչու մը, որ աստիճանաբար բարձրանալով` հասած էր մինչեւ նախագահի պաշտօնին): Իսկ Ռայմոնտա այժմ առանձնաշնորհեալ կապեր ունէր ՊԱԿ-ի բարձրագոյն հրամանատարութեան հետ եւ անձնական կապ` այն մարդուն հետ, որ Իսրայէլ կը նկատէր իբրեւ իր ամէնէն վտանգաւոր եւ վճռական թշնամին: Որոշ ժամանակ մը կը թուէր, թէ արտասովոր այդ զուգադիպութիւնը կրնայ ստեղծել քաղաքական մակարդակի վրայ հաղորդակցութեան երկրորդական ուղի մը, սակայն այդպէս չեղաւ:
Հաղորդագիրներ, պատգամներ փոխանցուեցան, քանի մը հանդիպումներ ալ կազմակերպուեցան, բայց շրջապատող հանգամանքներուն ջախջախող կշիռքը պարզապէս չափազանց մեծ էր թոյլ տալու, որ հաղորդակցութիւններու փխրուն ցանցը որեւէ արդիւնքի հասնի: Տայան, Ուայզման եւ Արաֆաթ բոլորն ալ շատոնց մահացած են, եւ մնայուն համաձայնութիւն մը այսօր նոյնքան հեռաւոր կը թուի, որքան այն օրը, երբ Իսրայելի հրասայլերը 1967-ին ներխուժեցին Նապլուս: Սակայն Ռութհի եւ Ռայմոնտայի միջեւ յարաբերութիւնները կը տոկան: Երբ մենք հանդիպեցանք Մալթայի մէջ, անոնք միասին նստած էին բազմոցին վրայ` իրարու ձեռք բռնած: Ռութհ շռայլ գովասանքներ կ՛ընէր Ռայմոնտայի գեղեցկութեան, իսկ Ռայմոնտա տիկին Տայանը կը նմանցնէր Մայր Թերեզայի:
Անոնք իրարու հետ զրուցեցին եւ վիճեցան նրբօրէն, այնպիսի ձեւով, որ իրարու շատ երկար ատենէ ծանօթ մարդիկ միայն կրնան ընել: Բայց հակառակ ամբողջ նուրբ ջերմութեան, անոնք անցեալին կը նային տխրութեամբ: Ռայմոնտային ցոյց տուի Պի.Պի.Սի.-ի արխիւէն տեսագրութիւն մը` 1970-ականներու վերջերը լուրերու հաղորդում մը, որուն մէջ ան կ՛երեւի իբրեւ ձայնը Այսրյորդանանի պաղեստինցիներուն, զգուշացնելով, որ հրեայ բնակեցուածները պէտք է հեռանան նախքան խաղաղութեան առիթի մը ստեղծումը: Ռայմոնտա լուռ եւ մտածկոտ դիտելէ ետք իր երիտասարդութեան նկարները, ըսաւ. «Աստուա՛ծ իմ, պատասխանները, որոնք այն ատեն կու տայի, այսօր ճիշդ նոյնն են»: Ռութհն ալ մելամաղձոտ պատասխանեց, երբ իրեն հարցուցի, թէ տխո՞ւր է, որ իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան հեռանկարները աւելի վատ կ՛երեւին այժմ, քան` անցեալին, ըսաւ. «Տխուր է այն զգացողութիւնը, որ այլեւս բան մը չեմ կրնար ընել: Այժմ ես 98 տարեկան եմ»:
Ուղիները, որոնք այս երկու հիանալի կիները միացուցած են, դժուար, թէ աւելի տարբեր ըլլային: Ռութհ ծնած է, երբ Սրբազան Հողերը տակաւին կը գտնուէին թրքական տիրապետութեան տակ, նախքան Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտը, եւ միջին դասակարգի հանգստաւէտ կեանքէն հրաժարելով` ամուսնացած է Մոշէին հետ եւ ապրած` ծանր, պարզ կեանքը ագարակապանի մը: Ռայմոնտա ծնած է Բ. Համաշխարհային պատերազմի առաջին օրերուն, ծովեզերեայ Աքրէ պատմական քաղաքին մէջ, երբ Պաղեստին տակաւին կը կառավարուէր Բրիտանիոյ կողմէ, Ազգերու լիկայի լիազօրութեամբ: Երբ Իսրայէլ գրաւեց Աքրէն, Ռայմոնտայի պաղեստինցի հարուստ ընտանիքը կորսնցուց իրենց տունը, եւ երբեք չկրցաւ հոն վերադառնալ: Սեփական իրաւազրկութեան զգացումը տակաւին կը բորբոքի, ինչպէս` բազմաթիւ պաղեստինցիներու մէջ: Այդուհանդերձ, 1967-ին Նապլուս քաղաքին մէջ այդ ուղիները իրարու հանդիպեցան եւ ատկէ ի վեր անքակտելի են: Անոնց պատմութիւնը թերեւս բնաւ չներշնչեց աւելի մեծ մերձեցում երկու ժողովուրդներուն միջեւ, ինչպէս ժամանակին կը յուսային, որ կրնար: Բայց այսքան տարիներ ետք, ատիկա տակաւին կանգուն է իբրեւ վկայութիւն մը մեր մարդկային կարողութեան` իրարու հետ հաղորդակցելու, յարաբերելու նոյնիսկ ամէնէն մութ ժամանակներուն մէջ:
Եւ ասիկա ցոյց կու տայ, որ բարեկամութիւնը, որ երբեմն կրնայ փխրուն, դիւրաբեկ ծաղիկ մը թուիլ, տակաւին կրնայ աճիլ նոյնիսկ անպաշտպան, ամայի եւ քարքարոտ բնավայրին մէջ Սրբազան Հողին: