Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ե. Արաֆաթ. «Մենք Հիացած Ենք Հայերով Բոլոր Բաներու Մէջ, Բացի Մէկէն…»

October 23, 2015
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

13 մայիս 2002. Արաֆաթ Բեթղեհեմի Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյ մուտքին, Արիս սրբազանի եւ հայր Ռազմիկի հետ
13 մայիս 2002. Արաֆաթ Բեթղեհեմի Ս. Ծննդեան եկեղեցւոյ մուտքին, Արիս սրբազանի եւ հայր Ռազմիկի հետ

Եասեր Արաֆաթ երկու անգամ Հայաստան այցելած է 1970-ականներուն եւ 1980-ականներուն:

Արաֆաթ քանի մը ժամ Երեւանի մէջ անցուցած է Պէյրութէն Մոսկուա ճամբուն վրայ:

Երկրորդ այցելութեան ընթացքին Արաֆաթ իր հայ հիւրընկալողներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին յատկանշական խոստովանութիւն մը ըրած է: Հայաստանի ընտրանին այդ օր Արաֆաթը պատուած է հայկական ճոխ հիւրասիրութեամբ: Զրուցակիցները հայերու եւ պաղեստինցիներու միջեւ զուգահեռներ ըրած են: Արաֆաթ աւելի հեռու երթալով` խոստովանած է, որ  ինք պաղեստինցիներուն նոյնիսկ յորդորած է աւելի նմանիլ հայերուն, անոնց աշխատասիրութեան եւ հայրենասիրութեան առումով:

Կ՛ըսուի, թէ Արաֆաթ նաեւ ըսած է, թէ իր ժողովուրդին մէկ բան բնաւ չ՛ըսեր, որ ընդօրինակեն հայկական փորձառութենէն: Հայկական բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը օդակայանի տարանցիկ բաժինի պատուոյ հիւրերու դահլիճին մէջ անձկութեամբ պահ մը սպասած է, թէ Արաֆաթ ի՞նչ ունի միտքին մէջ: Պաղեստինցի ղեկավարը ըսած է. «Արեւմտեան Հայաստանէն արտաքսուելէ ետք հայերը օտար քաղաքացիութիւններ ստացան, սկսան հարստանալ, կալուածներ ունենալ իրենց որդեգրած երկիրներուն մէջ: Ասիկա առաջնորդեց անոր, որ հայերը մոռնան իրենց կորսնցուցած երկրին մասին: Պաղեստինցիները ճիշդ այս պատճառով, իրենց բնակած ոչ մէկ արաբական երկրի քաղաքացին պիտի ըլլան»:

Արաֆաթին արտայայտած այս տեսակէտը (եթէ անշուշտ վաւերական է), կրնայ ընդունելի ըլլալ կամ ոչ: Սակայն Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն հայերու զանգուածային արտագաղթը նոր հարցումներ կը յառաջացնէ… առնուազն:

 

Նախորդը

Կոմիտաս Վարդապետ (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935). Հայու Հոգիին Շունչն Ու Երգը

Յաջորդը

Բարեկամութիւնը, Որ Աճեցաւ Պատերազմէն

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.