Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտաս Վարդապետ (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935). Հայու Հոգիին Շունչն Ու Երգը

Հոկտեմբեր 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

komitas_10-23-15Սեպտեմբեր 26-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատին` Հայու Հոգին երգ ու երաժշտութեամբ վերծանած, շնչաւորած ու աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս վարդապետին, որուն մահուան ութսունամեակն է այս տարի:

Հայ ազգային երաժշտութեան աշխարհահռչակ հիմնադիրը ոչ միայն սեփական երգ տուաւ հայուն, այլեւ իր անձին օրինակով, բարձրարժէք ստեղծագործութեանց յորդառատ կեանքով ու խելագարման եղերական վախճանով` ինքնին երգը դարձաւ մեր ժողովուրդի ճակատագրին:

Շնչաւորեց ու անմահացուց երգը բարութեամբ ու վեհ արարումով մարդկային քաղաքակրթութիւնը հարստացուցած հայ ժողովուրդին, բայց նաեւ երգը` թրքական պետութեան կողմէ ցեղասպանական ոճրագործութեամբ անճիտուած, հայրենազրկուած ու աշխարհասփիւռ տարտղնուած հայ ազգի ողբերգութեան:

Աւազանի անունով Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան, ծնած էր Քէօթահիա, 26 սեպտեմբեր 1869-ին: 11 տարեկանին որբացած եւ յանձնուած էր Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի խնամատարութեան: Իր բացառիկ գեղեցիկ ձայնով Սողոմոն անմիջապէս գրաւեց իր ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը, որոնք ոչինչ խնայեցին երաժշտական եւ բանաստեղծական մեծ տաղանդով օժտուած պատանիին գեղարուեստական մշակման ու կատարելագործման համար:

Ապագայ Մեծն Կոմիտասի երաժշտական դաստիարակութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ իր ուսուցիչը` Սահակ Ամատունի, որուն ղեկավարութեամբ պատանի Սողոմոն նուիրուեցաւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, հմտացաւ հայկական նոթաներուն եւ աշակերտական իր տարիները անցուց Արարատեան դաշտի հայութեան պահպանած հոգեւոր թէ ժողովրդական երգերը հաւաքելով, գրի առնելով եւ մշակելով:

Ստեղծագործական իր մշակումներուն ձեռնարկեց 1890-ին` Խաչատուր Աբովեանի, բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ իր կրտսեր դասընկեր Աւետիք Իսահակեանի գործերը դաշնաւորելով: 1891-ին «Արարատ» հանդէսը լոյս ընծայեց իր «Ազգային օրհներգ»-ը` երկձայն, ինչպէս նաեւ` եռաձայն ու խմբային կատարումներու համար նախատեսուած ստեղծագործութիւնը, որուն բառերը Ճեմարանի աշակերտ Ա. Թաշճեանին կը պատկանէին:

1893-ին, Ճեմարանի ուսումնական շրջանը աւարտելով, անմիջապէս կոչուեցաւ Ճեմարանէն ներս ուսուցչութեան` երգ ու երաժշտութիւն սորվեցնելու, ինչպէս եւ մայր տաճարի երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնելու համար: 1894-ին կուսակրօն քահանայի իր ուխտը կատարեց, իրեն շնորհուեցաւ 7-րդ դարու բանաստեղծ ու երաժիշտ Կոմիտաս կաթողիկոսի անունը: 1895-ին արժանացաւ վարդապետի աստիճանին եւ այնուհետեւ մեր ժողովուրդին ու աշխարհին ճանչցուեցաւ Կոմիտաս վարդապետ անմահ անունով:

1896-ին, կարճ ժամանակով, Թիֆլիսի մէջ աշակերտեց Մ. Եկմալեանի` հարմոնիայի դասեր առնելով եւ այնուհետեւ ուղարկուեցաւ Պերլին, Ռ. Շմիթի անուան մասնաւոր երաժշտանոցին եւ, ապա, Արքունական համալսարանին մէջ երաժշտական իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու նպատակով:

1896-1899 Կոմիտաս վարդապետ ապրեցաւ Պերլին, ուր ոչ միայն մեծահռչակ ուսուցիչներու հոգածութեան տակ կատարելագործեց իր ձայնամարզումն ու երաժշտական գիտելիքները, այլեւ համերգային ելոյթներով ու երաժշտական կատարումներով հայ ազգային երաժշտութիւնը ծանօթացուց եւ սիրելի դարձուց օտար հասարակութեան:

Նոյն շրջանին արարեց նաեւ գերման մեծ բանաստեղծներու գործերուն վրայ հիմնուած երգեր, ռոմանսներ եւ խմբերգներ, որոնք միջազգային համբաւի արժանացուցին հայ հանճարեղ երաժիշտը: Իբրեւ այդպիսին` Կոմիտաս վարդապետ հիմնադիր անդամներէն եղաւ նորաստեղծ Միջազգային երաժշտական ընկերութեան, որուն Պերլինի բաժանմունքին հրապարակային ձեռնարկներուն ելոյթ ունեցաւ` հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող բանախօսութիւններով ու կատարումներով:

Վերադառնալով Էջմիածին` Կոմիտաս վարդապետ եռանդով լծուեցաւ մէկ կողմէ մանկավարժական գործունէութեան, արժէքաւոր երաժիշտներու սերունդ հասցնելով, իսկ միւս կողմէ ստեղծագործական բեղուն աշխատանքի` ժողովրդական եւ գեղջկական մեր երգերու հաւաքման ու մշակման իր հետազօտութիւնները ամբողջացնելով:

1906-ին հրաւիրուեցաւ Փարիզ` իր յօրինումներն ու կատարումները ներկայացնելու ճոխ յայտագրով, նաեւ դասախօսութիւններ կարդալով հայ ժողովուրդի ազգային` հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան վերաբերեալ: Նոյնօրինակ ելոյթներու հրաւիրուեցաւ նաեւ Զուիցերիա, Վենետիկ եւ Վիեննա` ամէնուր բարձրագոյն գնահատանքի արժանանալով: Աշխարհահռչակ երաժիշտներու վկայութեամբ,  Կոմիտաս վարդապետ արժանացաւ երաժշտական աշխարհի մէջ «Ներդաշնակութեան եւ բազմաձայնութեան հազուագիւտ վարպետ»-ի կոչումին:

1910-ին սկսաւ մեծ վարդապետին կեանքի բախտորոշ շրջանը: Էջմիածնէն տեղափոխուեցաւ Պոլիս, ուր մանկավարժական ծաւալուն գործունէութեան զուգահեռ` համերգային եւ կատարողական նախանձելի ելոյթներ ղեկավարեց: Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բոլոր քաղաքներն ու օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ երկիրներու հայաշատ գաղութները` ամէնուր տարածելով եւ պաշտամունքի արժանացնելով հայ հոգեւոր ու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը:

Այդ շրջանի իր մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ «Գուսան» (հետագային` «Հայ գուսան») երգչախումբին կազմութիւնը, որուն միջոցով Կոմիտաս վարդապետ լծուեցաւ իր արժանաւոր յաջորդներու երաժշտական պատրաստութեան: Այդ աշխատանքին արգասիքը եղան «Կոմիտասեան հինգ սաներ» անունով` հետագային իրենց կարգին հռչակուած հայ մեծ երաժիշտները` Բ. Կանաչեան, Մ. Թումաճան, Վ. Սարգիսեան, Վ. Սրուանձտեան եւ Յ. Սեմերճեան:

Կոմիտաս վարդապետ չբաւարարուեցաւ հայ ազգային երաժշտութեան սահմաններով: Եռանդով լծուեցաւ նաեւ թրքական ժողովրդային երաժշտութեան, ինչպէս եւ ընդհանրապէս արեւելեան ժողովուրդներու երգարուեստին ուսումնասիրութեան ու մշակումին: Յատկապէս թուրք հասարակութիւնը մեծապէս գնահատեց հայոց մեծ վարդապետին ներդրումը, բայց ատիկա բաւարար չեղաւ թրքական պետութեան վարիչներուն համար, որպէսզի խնայեն կեանքը արդէն ամբողջ աշխարհին պատկանող հանճարեղ երաժիշտին:

Կոմիտաս վարդապետ, իր կարգին, 24 ապրիլ 1915-ին ենթարկուեցաւ հայ մտաւորականութիւնը հարուածող ահաւոր խորշակին, ապրեցաւ տարագրութեան մղձաւանջը, թէեւ մարմնապէս փրկուեցաւ սպանդէն, բայց վերջնականապէս կորսնցուց իր հոգեմտաւոր հաւասարակշռութիւնը…

Ինչպէս որ տասնամեակներ ետք մեծանուն Սեւակ պիտի գոռար` «Դէ եկ վարդապետ ու մի՛ խելագարիր»…

Ինչպէ՜ս չխելագարէր Մեծն Կոմիտաս` ի տես այն անասելի ցեղասպանութեան, որուն բարբարոսական գործադրութեամբ թրքական պետութիւնը իր… «երախտագիտութիւն»-ը յայտնեց դարերով թրքական հասարակութիւնն ու մշակոյթը հարստացուցած հայ ժողովուրդին: 1919-ին, արդէն ծանրօրէն հիւանդ, Կոմիտաս վարդապետ տեղափոխուեցաւ Փարիզ, ուր աւելի քան 15 տարի հոգեբուժական խնամքի արժանացաւ, բայց երբեք չապաքինեցաւ: Եւ 22 հոկտեմբեր 1935-ին, իր ամբողջ ազգին խաչելութիւնը սեփական աչքերով տեսած եւ հոգեպէս «նահատակուած» Մեծն Կոմիտաս նաեւ մարմնապէս հեռացաւ մեր աշխարհէն:

Հայկեան հանճարին երաժշտական դափնեպսակը հանդիսացող Մեծն Կոմիտասի աճիւնները տարուեցան Հայաստան, ուր իր վերջնական հանգիստը գտաւ հայ ազգային երաժշտութեան եղերաբախտ հիմնադիրն ու անգերազանցելի Վարպետը:

 

 

 

Նախորդը

Թարգմանչաց Տօնը Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Ե. Արաֆաթ. «Մենք Հիացած Ենք Հայերով Բոլոր Բաներու Մէջ, Բացի Մէկէն…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?