Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատրաստակամութիւն Յայտնելով Հայ Դատը Պաշտպանելու Ամէնուրեք. «Հայկական Հարցը Մարդկային Հարց Է Եւ Պէտք Է Կենդանի Մնայ Մինչեւ Բոլոր Պահանջներու Իրագործումը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Լիբանանի Նախագահական Թեկնածու Նատին Մուսա

October 21, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

nadine-moussa_10-21-15nadine_10-21-15

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

25 մայիս 2014-էն ի վեր Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր է քաղաքական ու այլ պատճառներով: Ցարդ գումարուեցան բազմաթիւ նիստեր, սակայն Լիբանանի 128 երեսփոխանները չկրցան համախոհութեան յանգիլ այս գծով: Այսօր խորհրդարանը իր 30-րդ նիստը կը գումարէ` փորձելով դրական լուծում մը գտնել այս հարցին, որ սակայն, ըստ իրազեկ դէտերու, կրնայ տակաւին ուշանալ:

Այս ծիրին մէջ նախագահական թեկնածուներու ցանկին մէջ կան բազմաթիւ անձնաւորութիւններու անուններ, որոնց կարգին` իգական դէմք մը, Նատին Մուսա, որ եզակիօրէն համարձակութիւնը ունեցած է մխրճուելու քաղաքական այս մարզին մէջ` շրջանցելով լիբանանեան թապուները ու ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ նախագահական անկախ թեկնածու:

Մասնագիտութեամբ իրաւաբան, Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն ետք Նատին Մուսա իր ուսումը կատարելագործած է Փարիզի Սորպոն համալսարանի միջազգային օրէնքի բաժանմունքին մէջ:

Քաղաքական ու ընկերային համարձակ մօտեցումներով այս թեկնածուն անդամ է ընկերային ոչ կառավարական մէկէ աւելի միութիւններու եւ շարժումներու: Հիմնադիր-նախագահն է «Փտածութեան կանխարգիլման լիբանանեան միութեան» (Lebanese Association to prevent Corruption): Հիմնադիր անդամ` «լիբանանցի կնոջ հզօրացման ազգային խորհուրդ»-ին (National Committee for Women’s Empowerment Lebanon): Անդամ է նաեւ Արաբ կիներու ղեկավարման հիմնարկին (Arab Women’s leadership Institute AWLI) Լիբանանի քաղաքացիական շարժումի պահանջներու ջատագով է եւ յաճախ ոստիկանական յարձակման թիրախ դարձած է` արցունքաբեր կազերով թէ ջրաշիթերով: Ստանձնած է այդ առիթով արգելափակուած լիբանանցիներու պաշտպանութեան դատը: Ան ունի հետեւորդներու եւ համակիրներու ընկերային ցանց, ուր համալսարանաւարտ երիտասարդներու խմբակ մը կ՛աջակցի իրեն, ինչպէս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտ Սիւզան Պալաա եւ ուրիշներ: Պալաա ներկայ էր այս առիթով Նատին Մուսայի հետ կայացած հարցազրոյցին եւ մեծապէս զօրավիգ` անոր գաղափարներուն:

Նատին Մուսա նաեւ զօրակցողներէն է Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն: Ան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Հայկական հարցը պաշտպանելու միջազգային ատեաններու բեմերէն:

Ստորեւ` անոր հետ «Ազդակ»-ի ունեցած հարցազրոյցին հիմնական մասերը.

«ԱԶԴԱԿ».- Դուք կը ներկայանաք իբրեւ Լիբանանի նախագահական թեկնածու, ի՞նչ է ձեր նախագահական ծրագիրը, որ կ՛ուզէք իրագործել յաջողութեան պարագային:

ՆԱՏԻՆ ՄՈՒՍԱ.-  Մինչեւ օրս թեկնածու եմ եւ իմ նախագահական յայտագիրս կ՛ընդգրկէ հետեւեալը.

– Ազգային գերիշխանութիւն հաստատել ամբողջ Լիբանանի վրայ,
– Կերտել բոլոր քաղաքացիներուն համար ընկերային համահաւասար իրաւունքներով պետութիւն,
– Զարկ տալ հայրենասիրութեան, հաւասարապէս լիբանանցի իգական թէ արական տարրերուն եւ արտերկրի մեր հայրենակիցներուն մօտ,
– Հաւասարապէս բոլորին բաժնել Լիբանանի բնական հարստութիւնները (ջուր, կազ…),
– Ամրապնդել երկրի ընկերային, ապահովական ու զինուորական ապահովութիւնը,
– Քաջալերել անհատական նախաձեռնութիւնները` ապակեդրոնացեալ դրութեամբ եւ հաւասար չափանիշներով:
– Նաեւ այս գծով գումարել ազգային ժողով եւ գործակցութեան ծրագիրի մը շուրջ համաձայնիլ երկրին զանազան խմբաւորումներուն միջեւ:

«Ա.».- Ընկերային մարզին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունիք, որո՞նք են հիմնական տարրերը, օրինակ` ի՞նչ է կնոջ վերապահուած դերը:

Ն. Մ.- Այո՛, իմ քայլերուս մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն ընկերային արդարութեան պահպանման միջոցառումները: Այս գծով հիմնական է երիտասարդութեան եւ յատկապէս իգական սեռին դերը: Կիները Լիբանանի մէջ կը կազմեն բնակչութեան 53 առ հարիւր համեմատութիւնը եւ մեծապէս դերակատար են, որովհետեւ իրե՛նք կը դաստիարակեն ժողովուրդին կէսը եւ ի զօրու են բազմաթիւ չափանիշներ փոխելու:

«Ա.».- Լիբանան իր բնակչութեամբ, համայնքային բաժանումներով խճանկար մը կը կազմէ, ինչպէ՞ս կը խորհիք համախոհութիւն գոյացնել, երբ իւրաքանչիւր կողմ կամ համայնք իր մասնաբաժինը կը պահանջէ:

Ն. Մ.- Դժբախտաբար այս դրութիւնը նորութիւն չէ, օսմանեան տիրապետութեան շրջանէն մնացած է` «Բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութեամբ: Պէտք է վերացնել համայնքային պատկանելիութեան շեշտաւորումը եւ երկրին հարցերուն մօտենալ իբրեւ հարազատ լիբանանցիներ:

«Ա.».- Դուք նաեւ ծանօթ էք ձեր հայանպաստ կեցուածքներով, ի՞նչ ունիք ըսելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ կատարուող փոփոխութիւնները:

Ն. Մ.- Թուրքիոյ մէջ, ճիշդ է, ընկերային եւ քաղաքական զգալի փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին, ինչպէս` խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները, ուր ծագումով երեք հայեր  ալ ընտրուեցան: Այդ փոփոխութիւնները հայանպաստ են, եւ պէտք է օգտուիլ ստեղծուած կացութենէն: Փաստօրէն հայկական հարցը ամէն բանէ առաջ մարդկային հարց է եւ պէտք է զայն կենդանի պահել զանազան ճնշումներով, միջոցառումներով ու լոպիինկի քայլերով, մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն իրագործումը: Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում հայցէ հայ ժողովուրդէն եւ հատուցում (յատկապէս` հողային) կատարէ:

«Ա.».- Ծանօթ էք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախաձեռնեց պահանջատիրական խիզախ քայլի` Սիսի կաթողիկոսական նստավայրին գծով, ի՞նչ կը խորհիք, կը զօրակցի՞ք նման քայլերու:

Ն. Մ.- Ոչ միայն կը զօրակցիմ, այլ նաեւ պատրաստ եմ մաս կազմելու այս գծով որեւէ յանձնախումբի հետ գործակցերու եւ Հայ դատը պաշտպանելու միջազգային ատեաններու հարթակէն:

«Ա.».- Սակայն Թուրքիա ցարդ չէ պատասխանած եւ անպաշտօն կեցուածքները ժխտական են այս գծով:

Ն. Մ.- Թուրքիոյ համար աւելի նպատակայարմար է, որ ճանչնայ հայոց իրաւունքները եւ հատուցում կատարէ, որովհետեւ ոչ մէկ երկիր կ՛ուզէ արատաւորել իր վարկը յաչս միջազգային հանրային կարծիքին թէ պատկան մարմիններու մօտ: Երկրորդ` միջազգային օրէնքին բերումով իսկ Թուրքիա հարկադրուած է ընդառաջելու հայոց պահանջներուն, որովհետեւ Թուրքիա մաս կը կազմէ միջազգային ընկերութեան եւ չի կրնար ինքզինք մեկուսացնել ու շրջանցել այդ ընկերութեան սահմանած մարդկային իրաւունքի չափանիշները: Իսկ Սիսի կաթողիկոսարանին գծով կարելի է դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան (European Court for Human Rights)` թրքական տեղական դատարանի մերժումին պարագային:

 

 

Նախորդը

Տիգրան Թամիրեան Մուշտակագո՞րծ, Թէ՞ Գեղանկարիչ

Յաջորդը

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.