Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

Հոկտեմբեր 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

4437810488_ba217e890f_fՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Հանրայայտ իրողութիւն է, որ հայ քաղքենիութիւնը երբեք չքաղաքականացաւ, չհայրենացաւ եւ երբեք արիութիւնը չունեցաւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրը վարելու պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, մանաւանդ Հայ դատի հետապնդման պայքարին իր անվերապահ մասնակցութեան ճամբով:

Ընդհակառա՛կն, բովանդակ Հայ յեղափոխութեան շրջանին, ան ո՛չ միայն չնպաստեց, այլեւ արմատապէս հակադրուեցաւ հայ ազատագրական շարժման, անոր յաջորդական գրեթէ բոլոր հանգրուաններուն:

Աւելի՛ն, իբրեւ պահպանողական մտածողութեան ու մտայնութեան գործնական արտայայտութիւն, խոհեմութեան ու իրատեսութեան բնաբանին տակ, համակերպումի կամ պարտուողական ոգիի մարմնաւորումը կազմեց տեւաբար եւ, իբրեւ այդպիսին, գլխաւոր արգելակներէն մէկը հանդիսացաւ ոչ միայն հայ քաղաքական ու յեղափոխական մտքի զարգացման, այլեւ մեր ազգային հաւաքական կամքի եւ կազմակերպական ուժի կերտման:

Գործելակե՛րպ մը, որով ան յաճախ ջուր լեցուց օտարի ջրաղացին եւ ճամբայ հարթեց արտաքին ազդեցութեանց ներթափանցումին:

Ըստ էութեան` բանկալի քաղաքականութեան ջատագովը մնաց միշտ, հայ ժողովուրդի գոյութեան իմաստն ու գրաւականը որոնելով – եւ գտնելո՛վ – ազգային – եկեղեցական, կրթական եւ, լաւագոյն պարագային, մշակութային, ինչպէս նաեւ ապաքաղաքական` ընկերային ու բարեսիրական գործունէութեանց ծիրին մէջ ընդհանրապէս:

Իսկ Հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ մշակոյթը եւ մնացեալը առհասարակ աղքատաց պնակի բնոյթ միայն կրեցին հայ քաղքենիութեան տարբեր խաւերուն համար, տեսակ մը գթութեան գործի, նպաստամատոյցի, բարերարութեան ասպարէզ, ուր «բախտաւոր» ազգայինները կու գային իրենց «խղճի պարտք»-ը կատարելու «դժբախտ» ազգին եւ «անբախտ» ազգայիններուն հանդէպ:

Հայ քաղքենիութեան այս մտայնութիւնն ու գործելակերպը շեշտուեցաւ առանձնապէս սփիւռքի մէջ:

Եւ որովհետեւ ընկերային ոչ մէկ լուրջ գաղափարախօսութիւն ունէր կամ կրնար մշակել եւ ոչ մէկ քաղաքական արեւելումի կը հետամտէր, բացի բանկալի քաղաքական իր վարքագիծէն, հայ քաղքենիութիւնը, բնականաբար, Հայ յեղափոխութենէն ետք, հակադրուեցաւ նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց, առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ, ըստ իւրաքանչիւրի գաղափարաբանական եւ քաղաքական ուղղութեան ու նկարագրին:

 

 

 

Նախորդը

Պատրաստակամութիւն Յայտնելով Հայ Դատը Պաշտպանելու Ամէնուրեք. «Հայկական Հարցը Մարդկային Հարց Է Եւ Պէտք Է Կենդանի Մնայ Մինչեւ Բոլոր Պահանջներու Իրագործումը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Լիբանանի Նախագահական Թեկնածու Նատին Մուսա

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը

RelatedPosts

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան.  Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան
Անդրադարձ

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

Մայիս 24, 2025
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն
Անդրադարձ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Մայիս 24, 2025
Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը
Անդրադարձ

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?