Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Իրան

October 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ եւ նախագահ Ռուհանի
Պասիլ եւ նախագահ Ռուհանի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իրան, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Պասիլ ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին Իսրայէլի դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, մինչեւ որ բոլոր իրաւունքները վերադառնան իրենց իրաւատէրերուն:

Անոնք հաստատեցին նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն մէջ ժողովրդավարական վարչակարգը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Պասիլ այցելեց նաեւ խորհրդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լալիժանիի հետ:

Պասիլ Ռուհանիին ցաւակցութիւն յայտնեց Մինայի աղէտին զոհուած իրանցիներուն համար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները` ներկայութեամբ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտիի:

Պասիլ Լարիժանին շնորհաւորեց հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութեան առումով:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ զօրակցութիւն յայտնեց Իրանի` Մինայի աղէտին հարցով եւ շեշտեց Պէյրութ-Թեհրան գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Զարիֆ հաստատեց, որ Թեհրան կը յարգէ լիբանանցիներուն իրաւունքը` նախագահական ընտրութեան տագնապի լուծման առումով:

Նախորդը

Ռիֆի. «Հըզպալլա Մեծ Սուտ Մըն Է»

Յաջորդը

Պըրրի Ընտրուեցաւ Արաբական Խորհրդարանական Համադաշնակցութեան Նախագահ

RelatedPosts

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

January 20, 2026
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ
Լիբանանեան

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.