Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Գ. տարելիցին առիթով երէկ Քուրայի Թորաթիժ գիւղաքաղաքին մէջ Հասանի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի նշեց, որ շրջանին մէջ պարսկական ծրագիրը, իսկ Լիբանանի մէջ անոր զաւակը` Հըզպալլա մեծ սուտեր են, աւելցնելով, որ Հըզպալլա կորսնցուցած է իրեն նկատմամբ լիբանանցիներուն սէրը:
Իր խօսքը ուղղելով Հասանի` Ռիֆի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան շահերը պաշտպանելու իրենց ծրագիրը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ Հասան տակաւին իր հոգիին եւ մտքին մէջ է: