Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 6-ՐԴ ՆԻՍՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՅԱՑՄԱՆ ԳԾՈՎ ԻՐ ՀԱԿԱՓԱՍՏԱՐԿՆԵՐԸ

August 25, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Հայ ազգային քոնկրեսի եւ իշխանութեան պատուիրակութիւններու վեցերորդ հանդիպումը:

Կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ մօտ 5.5 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան վստահութիւն յայտնեց, որ քոնկրեսի ձերբակալուած անդամ Տիգրան Առաքելեանի խափանման միջոցը փոխելու հարցը արագօրէն պիտի լուծուի:

Հաշուի առնելով այս հանգամանքը, նախանցեալ օր երկու պատուիրակութիւնները անցած են օրակարգային հարցերու քննարկման եւ լսած են իշխանութիւններու հակափաստարկները արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու Հայ ազգային քոնկրեսի հիմնաւորումներուն շուրջ:

«Ինչպէս համաձայնած էինք, այսօր շարունակեցինք քննարկել 9 օգոստոսի միջադէպը եւ անոր հետ կապուած զարգացումները: Քննարկման իբրեւ արդիւնք կրնամ ըսել, որ մենք վստահ ենք, թէ Տիգրան Առաքելեանի խափանման միջոցը փոխելու հարցը արագօրէն պիտի լուծուի: Ատիկա նկատի ունենալով, մենք անցած ենք օրակարգային հարցի քննարկման եւ լսած ենք իշխանութեան տեսակէտը», նշեց Զուրաբեան: Ան աւելցուց, որ քանի որ իշխանութեան աշխատանքային խումբը ներկայացուցած է փաստաթուղթին միայն երկու երրորդը, «այնքան ալ լուրջ» չի նկատեր մեկնաբանութիւն կատարել: Ըստ անոր, այդ փաստաթուղթը շատ աւելի լաւ է, քան քոնկրեսին ներկայացուցած փաստաթուղթը, որովհետեւ շատ աւելի լաւ կը հիմնաւորէ արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը Հայաստանի մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է քոնկրեսի վստահութիւնը, որ Առաքելեանի խափանման միջոցը պիտի փոխուի եւ արդեօք իշխանական պատուիրակութիւնը այսպիսի խոստում տուա՞ծ է, Զուրաբեան յստակ պատասխան չտուաւ:

Նշենք, որ քոնկրեսը նախապէս յայտարարած էր, որ իրենց անդամին կալանքի տակ գտնուելու հանգամանքը խոչընդոտ է երկխօսութեան շարունակութեան համար: Սակայն նախանցեալ օր, փաստօրէն, քոնկրեսը վերցուած նկատեց այդ խոչընդոտը եւ կը շարունակէ երկխօսութիւնը:

Իր կարգին, իշխանութեան աշխատանքային խումբի ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, որ արդեօք իշխանութիւնները խոստացա՞ծ են փոխել քոնկրեսի ձերբակալուած անդամին խափանման միջոցը, նշեց, որ իրենք իրաւական հոլովոյթին մէջ երբեք չեն ներգրաւուիր: Աւելի՛ն. Յարութիւնեան նշեց, որ իրաւական համակարգը գործած է ոչ խտրական ձեւով:

Դաւիթ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ 9 օգոստոսի միջադէպէն բացի, նախանցեալ օրուան հանդիպման ընթացքին իշխանական պատուիրակութիւնը քոնկրեսին ներկայացուցած էր իր 130 էջերէ բաղկացած հակափաստարկները արտակարգ ընտրութիւններու կայացման խնդիրին շուրջ: Ընթերցուեցաւ այդ հակափաստարկներուն երկու երրորդը եւ ուրբաթ օր անոր ընթերցումը պիտի շարունակուի:

Հակադարձելով քոնկրեսի պատուիրակութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանի պնդումին, թէ իշխանութեան ներկայացուցած հակափաստարկները շատ աւելի լաւ կը հիմնաւորեն արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման անհրաժեշտութիւնը, Յարութիւնեան նշեց, որ Զուրաբեան հռետորական տեսանկիւնէն գեղեցիկ հնարք օգտագործած է: Ըստ անոր, բնականաբար հակառակն է եւ իշխանութիւնը այս պահուն չի տեսներ, որ Հայ ազգային քոնկրեսի որեւէ հիմնաւորում կը հիմնաւորէ արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը:

Քոնկրես-իշխանութիւն յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը:

 

 

Նախորդը

ՍԹՐՈՍ-ՔԱՆԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Յաջորդը

ԸՍՏ ՆԱՄԸՔ ՔԵՄԱԼ ԶԷՅՊԵՔԻ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԵՆ ՔԱԿ-Ը

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։