«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական նախարար Հարլեմ Տեզիր լրագրողներու հետ կարճատեւ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան 28 երկիրներու ներկայացուցիչները յառաջիկայ շաբաթ Լիւքսամպուրկի մէջ պիտի որդեգրեն որոշում մը, որ կ՛արտօնէ բանակցութիւններու սկսիլ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ իրաւական նոր համաձայնագիր կնքելու համար:
«Ես եւս պիտի մասնակցիմ այդ հանդիպումին եւ պիտի ներկայացնեմ Ֆրանսան: Համագործակցութեան մասին հարցը իմ արտասանելիք խօսքիս օրակարգին վրայ է: Այդ նիւթով արդէն շարք մը հանդիպումներ ունեցած եմ եւ խօսքեր արտասանած: Ռիկայի վեհաժողովին որոշումը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ շնորհիւ ատոր կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան վերաբերեալ ստեղծել նոր փաստաթուղթ մը, որ համատեղելի պիտի ըլլայ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան առնչութեամբ ձեռք բերուած պարտաւորութիւններուն», ըսած է Տեզիր: