Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք «Այո»-ի Առանձին Քարոզչութիւն Պիտի Ունենանք, Որեւէ Միասնական Խումբի Պիտի Չմասնակցինք» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Հոկտեմբեր 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated42_10-09-15

Երէկ, խորհրդարանական զրոյցներէն մէկուն ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանին լրագրողները հարցուցին, թէ արդեօք սահմանադրական բարեփոխումներու  հանրաքուէն ազատ, թափանցիկ եւ արդար ձեւով պիտի ընթանա՞յ, եւ եթէ այդ հանրաքուէն արդար ու թափանցիկ կերպով տեղի չունենայ, ի՞նչ դիրքորոշում պիտի ունենայ ՀՅԴ-ն:

Աղուան Վարդանեան պատասխանեց, որ, ընտրութիւններուն հետ կապուած Դաշնակցութեան դիրքորոշումը շատոնց յայտնի է` ՀՅԴ-ն կը պահանջէ ազատ, արդար եւ թափանցիկ հանրաքուէ:

«Բնական է, որ մենք կողմ ենք, որ երկու կողմերու քարոզարշաւը` թէ՛ «ոչ»-ի, թէ՛ «այո»-ի համար ըլլայ հաւասար, հանրաքուէի մասին օրէնքը այդ կարելիութիւնը կու տայ: Շատ կարեւոր է, որ հանրաքուէն տեղի ունենայ իսկապէս ազատ, արդար եւ թափանցիկ, եւ որ ատիկա  վստահութեան մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունենայ: Անշուշտ, միշտ պիտի ըլլան մարդիկ` ըսելով, որ ազատ, արդար չէ եղած, բայց հանրաքուէն պէտք է անցնի ազատ ու արդար: Եթէ այդպէս չըլլայ, մենք մեր գնահատականը պիտի տանք», ըսաւ Վարդանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն ինչպէ՞ս պիտի կատարէ սահմանադրական փոփոխութիւններու «այո»-ի քարոզարշաւը, Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ այս ամբողջ ընթացքին Դաշնակցութիւնը ներքին աշխատանքներ կատարած է, հանդիպում-քննարկումներ իրականացուցած 50 կոմիտէութիւններու հետ, եւ երկու հաւաք մնացած է` Տաւուշի եւ Սիւնիքի մէջ, զորս պիտի իրականացնեն մօտակայ օրերին:

«Մենք «այո»-ի առանձին քարոզչութիւն պիտի ունենանք, որեւէ միասնական խումբի պիտի չմասնակցինք: Մենք ունինք փաստարկներ եւ ապացոյցներ` սահմանադրական փոփոխութիւններու «այո»-ն համոզելու համար: Ունինք քարոզչական խումբ` յայտնի դաշնակցական քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ: Ունինք աշխատանքային պատկերացում եւ ժամանակացոյց, եւ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին պիտի կազմակերպենք «այո»-ի քարոզարշաւը», ըսաւ  պատգամաւորը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ չեն ուզեր միանալ միասնական «այո»-ի քարոզչութեան, Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ չեն ծրագրեր  միանալ «այո»-ի միասնական որեւէ խումբի այն պատճառով, որ խորապէս համոզուած են, որ այդ հարցին մէջ Դաշնակցութիւնը պէտք է քարոզէ զուտ Դաշնակցութեան տեսակէտները, փաստարկներն ու ապացոյցները:

«Մենք որեւէ ուժի համակիր չենք եղած, մոռցէք ատիկա, մենք պիտի քարոզենք մեր ճշմարտութիւնը: Երբ մենք քառեակին մաս կը կազմէինք, մենք յառաջ կը մղէինք խորհրդարանական կառավարման համակարգի գաղափարը: Այս հարցը եղած է Դաշնակցութեան սկզբունքային հարցը, եւ մենք իրաւունք ունինք մեր ճշմարտութիւնը փոխանցելու», ըսաւ ան:

Լրագրողները ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանին հարցուցած են, թէ ինչպէ՞ս պիտի համոզեն քաղաքացիները, որ անոնք կողմ քուէարկեն սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Պատգամաւորը ընդգծեց, որ իսկապէս խնդիր կայ` քաղաքացիներուն  պարզ ու մատչելի կերպով բացատրել սահմանադրական փոփոխութիւններուն կարեւորութիւնը:

Աղուան Վարդանեանի խօսքով` վստահաբար, կան մարդիկ, որոնց ինչ ալ ըսես, անոնք դէմ պիտի արտայայտուին, ուստի իմաստ ալ չունի անոնց վրայ ժամանակ վատնելը, որովհետեւ անոնք պատրաստ չեն բովանդակային քննարկումի, պատրաստ չեն բանավիճելու եւ փաստարկներ ներկայացնելու:

«Ես կ՛երաշխաւորեմ, որ մեր կուսակցութեան մէջ ալ պարզ, հասարակ մարդիկ են, որոնք կը գնահատեն գոյութիւն ունեցող իրավիճակին արդիւնքով ստեղծուած խնդիրները, որոնց մասին բազմիցս խօսած ենք: Երկրին մէջ ստեղծուած խնդիրներն են` իշխանութեան գերկեդրոնացում, նախագահի անսահմանափակ լիազօրութիւններ, զերօ պատասխանատուութիւն, ընտրութիւններով իշխանափոխութիւն իրականացնելու անկարելիութիւն, ոչ միայն ստուերային տնտեսութիւն, այլ նաեւ ստուերային քաղաքականութիւն, արդարադատական համակարգի կախեալութիւն», ըսաւ պատգամաւորը` առաջարկելով համեմատել, թէ ի՛նչ պիտի բերէ յաջորդ համակարգը, եթէ ընդունուին սահմանադրական փոփոխութիւնները:

Ըստ անոր, սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի բերեն որոշումներու շատ աւելի թափանցիկ կայացում, իշխանութեան ապակեդրոնացում, ընդդիմութեան դերակատարութեան էական բարձրացում եւ այլն:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ սահմանադրութիւնը քաղաքական բարդ փաստաթուղթ մը ըլլալով, միեւնոյն ժամանակ էական նշանակութիւն պիտի ունենայ մարդու առօրեային վրայ:

«Մարդիկ կը տեսնեն, որ այս սահմանադրութեամբ, ունենալով գերնախագահական համակարգ, անոնք ունեցած են այս խնդիրները: Եկէք` նաեւ միամիտ չըլլանք, մենք անկեղծօրէն կ՛ըսենք, որ ակնկալել, որ մէկ օրէն անմիջապէս ամէն ինչ պիտի փոխուի, այդպէս չէ, որովհետեւ այդ մէկը կ՛ենթադրէ հսկայական աշխատանք` նաեւ Ընտրական օրէնսգիրքին հետ կապուած, կուսակցութիւններու մասին օրէնքին հետ կապուած: Մարդիկ կը տեսնեն տարբերութիւնները, որ իրենք կրնան  մասնակից ըլլալ որոշումներ տալու հոլովոյթին: Մենք անսահման փաստարկներ ունինք, մեր փաստարկներուն էութիւնն ու խորութիւնը նաեւ կը տարբերին քաղաքական ուժերու փաստարկներէն, որովհետեւ իշխանութիւնները չեն կրնար քննադատել իրենց այսօրուան վիճակը: Իսկ մենք կը պարզենք այսօրուան իրականութեան բոլոր վատ կողմերը, նաեւ թէ ի՛նչ կարելիութիւններ պիտի տան սահմանադրական փոփոխութիւնները», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Պատգամաւորին համոզումով` սահմանադրութիւնը այն փաստաթուղթն է, որ նոյնիսկ քաղաքականացուած, իրազեկուած մարդիկ դժուարութեամբ կը հասկնան շարք մը նրբութիւններ ու խորութիւններ: Ուստի ակնկալել, որ ամբողջ հասարակութիւնը եւ իւրաքանչիւր քաղաքացի մինչեւ վերջ պիտի պատկերացնէ սահմանադրական փոփոխութիւններու  էութիւնը, նման բան չկայ: Սակայն այդ փոփոխութիւնները կ՛առաջնորդուին, կը ղեկավարուին քաղաքական ուժերու կողմէ, քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ այլն:

«Որքանո՞վ մէկը համոզիչ ըլլայ, մարդիկ կ՛ուղղուին անոր օգտին քուէարկելու, որուն որ կը հաւատան: Ժողովրդավարութիւնը շատ լաւ բան է, բայց աշխարհին մէջ միշտ ալ մեծամասնութեան կարծիքը ձեւաւորած են քաղաքական վերնախաւն ու մտաւորականները», ըսաւ  Աղուան Վարդանեան:

 

Նախորդը

Թուրքիան Միջազգային Համաձայնագիրի Ծիրին Մէջ Զինուորներ Կ՛ուղարկէ Հայաստան

Յաջորդը

Յառաջիկայ Շաբաթ Եւրոպական Միութեան Երկիրները Պիտի Որդեգրեն Հայաստանի Հետ Նոր Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններու Սկսելու Որոշում Մը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?