ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ծուլացած էք եւ ոչ մէկ բանի տրամադրութիւն ունիք. առաւօտեան կարճ մարզանք մը պիտի կազդուրէ, եւ դուք ձեր գործին պիտի ձեռնարկէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր հակասութիւններու պիտի հանդիպիք, որով օրը քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ: Համբերատար եղէք եւ հարցերը հանդարտութեամբ լուծեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատախօսութիւնը տեղ հասնելու չի ծառայեր: Երբեմն կարճ եւ իմաստալի խօսք մը աւելի օգտակար կ՛ըլլայ, քան` երկարաբանութիւնները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր մտահոգութիւնները ձեզի մի՛ պահէք, զանոնք պարզեցէք ձեր ընտանիքին անդամներուն, որոնք պատրաստ են ձեզի օգնելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւը գէշէն զանազանելու մեծ կարողութիւնը ունիք, ինչ որ ձեր գործերուն մեծապէս կը նպաստէ եւ յաջողութեամբ կը պսակուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գործերը լաւապէս կը կատարէք, սակայն շատ կ՛աշխատիք եւ բնաւ արձակուրդ չէք ունենար. կրնաք տկարանալ, ուրեմն քիչ մըն ալ հանգիստի մասին մտածեցէք, որպէսզի կարենաք աւելի լաւ արդիւնք տալ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գիշերային կեանքը շատ կը սիրէք, ինչ որ ձեզ կը յոգնեցնէ: Հաճոյքը լաւ բան է, սակայն ձեր առողջութեան մասին ալ մտածեցէք, քանի ուշ չէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ծանրաբեռնուած օր մըն է այսօր ձեզի համար: Ձեր շրջապատի մարդիկ շատ պէտք ունին ձեզի: Համբերութեամբ ամէնուն գոհացում պիտի տաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ պզտիկ անհասկացողութիւններ պիտի ունենաք. ձեր դիւանագիտութիւնը շատ պիտի նպաստէ` հարցերը լուծելու եւ կացութիւնը փրկելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Իմաստութեամբ ձեր եկամուտը պիտի կարենաք հաւասարակշռել. այսուհետեւ կրնաք ձեր սիրած բաներուն դրամ տրամադրել` առանց սակայն շռայլութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընկերային կեանքին մէջ եթէ անհամաձայնութիւններ կան, քիչ մը հեռու մնացէք շրջանակէն, որպէսզի հարցերը մեղմանան, եւ նախկին վիճակը տիրապետէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ասպարէզին մէջ ձեր փորձառութիւնը հարուստ է, եւ դուք կրնաք ձեր գործակիցներուն օգտակար ըլլալ: Ձեր օգնութիւնը մի՛ զլանաք անոնց: