Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Հոկտեմբեր 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Aram_10-08-15

Առաջին հարցումս պիտի ըլլայ` որո՞ւ որոշումով, եւ ո՞վ տեղադրեց քարի  վրայ փորագրուած «ԱՅՍ ՏԱՆՆ Է ԱՊՐԵԼ ԵՒ ՄԱՀԱՑԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ 1917. 1919» տախտակը: Երկրորդ հարցումս` որո՞ւ որոշումով Արամ Մանուկեանի բնակարանին տանիքը, բոլոր յարկերու տախտակամածները եւ շէնքի ետեւի ճակատի պատը քանդուեցաւ: Անկախութեան վերականգնումի օրերուն ինը ընտանիքներ կը բնակէին այդ պատմական շէնքին մէջ: Ի՞նչ պատահեցաւ: Այս անընդունելի յանցագործութիւնը, ազգային պատմական արժէքներու ոտնակոխումը եւ բացայայտ հակասութիւնը դժբախտ իրողութիւններ են այսօր:

DSC01246

Նմանօրինակ անընդունելի եւ աններելի յանցագործութիւն մը կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքին պարագային, որուն պատշգամէն Արամ Մանուկեան հայ ժողովուրդին յայտարարեց անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Տարիներով լսեցինք շէնքի վաճառքին մասին, տեղի ունեցան բողոքներ, մամուլի մէջ յօդուածներ գրուեցան վաճառքին դէմ, սակայն այսօր այս պատմական շէնքը ճաշարանի վերածուած է: Գումարը, նիւթականը արհամարհեցին եւ ոտնակոխեցին ազգային պետականութեան պատմական արժէքները, խորհրդանիշները, եւ պատկան մարմինները, տեղեակ ըլլալով հանդերձ, անտարբեր մնացին:

Այս տարուան մայիս 28-ի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութեան ծիրին մէջ ճիգ չխնայուեցաւ պետական Հ1 հեռատեսիլիկայանէն, պատմաբաններու երկարաշունչ  զրոյցներով Արամ Մանուկեանէ զատ այլ անձնաւորութիւններու դերակատարութեան մասին գովաբանութիւն կատարելու: Արդեօք միտո՞ւմ կայ նսեմացնելու Արամ Մանուկեանին դերակատարութիւնը եւ նոր պատմութիւն գրելու` (ինչպէս որ կը փորձուի աղաւաղել Հայաստանի անկախութեան դրօշ եռագոյնը` երրորդ գոյնը կոչելով ծիրանագոյն, փոխան նարնջագոյնի), թէ՞ արդէն բոլորին յայտնի է Արամ Մանուկեանի անփոխարինելի եւ վճռորոշ դերը մեր անկախութեան կերտումին մէջ:

1918-ին կառավարութեան շէնքի այս պատշգամէն Արամ Մանուկեան յայտարարեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը: Ներկայիս ճաշարանի վերածուած է…
1918-ին կառավարութեան շէնքի այս պատշգամէն Արամ Մանուկեան յայտարարեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը:
Ներկայիս ճաշարանի վերածուած է…
Ներկայիս ճաշարանի վերածուած է…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կ՛իմանանք, որ Արամ Մանուկեանին բնակարանը գոնէ երկրորդ անգամ վաճառուած է, անուններ չեմ կրնար յայտնել, քանի որ երկու պարագաներու վաճառման փաստաթուղթերը չեմ տեսած: Ներկայիս լքուած բնակարանին հինգ տեսակի հաւանական ճակատագիր կը սպասէ, նկատի առնելով այսպիսի կառոյցներու նախընթացները (ստորեւ տեսնել օրինակներու լուսանկարները): Առաջինը` ձգել իր ներկայ վիճակին, որ բնական մաշումով քանդուի եւ փուլ գայ: Երկրորդը` իտէալը, վերականգնել շէնքը եւ վերածել զայն տուն-թանգարանի: Երրորդը` այլ նոր շինարարութեան մը համար, առանց վերապահութեան, բոլորովին քանդել շէնքը: Չորրորդը` թուագրել շէնքին պատմական քարերը եւ այլ տեղ փոխադրել` վերականգնելու համար տուն- թանգարանը, կամ` բոլորովին այլ ապարանքի մը շինութեան համար օգտագործել քարերը: Հինգերորդը` պահել շէնքին ճակատը եւ ներառել զայն բազմայարկ նոր շէնքի մը մէջ` պահելով տուն-թանգարանի հանգամանքը, կամ արձանագրութիւնը եւ կամ ոչինչ…

Արդեօք գոյութիւն ունի՞ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական, քաղաքական, ազգագրական, մշակութային յուշարձաններով զբաղող վերահսկիչ մարմին, յանձնաժողով եւ այլն: Այո՛, գոյութիւն ունի մշակոյթի նախարարութեան մէջ, երկու գործակալութիւն` Մշակութային արժէքների պահպանութեան գործակալութեան եւ Պատմութեան ու մշակոյթի յուշարձանների պահպանութեան գործակալութիւն, իրենց արտօնութեա՞մբ կը կատարուին այս բոլորը: Ներկայ տրամաբանութեամբ, եթէ յարմար գումարը  վճարուի, Գառնի տաճարը կարելի՞ է ճաշարանի վերածել:

Հարիւրաւոր յայտնի եւ ոչ այդքան յայտնի անձնաւորութիւններու տուն թանգարաններով լեցուն այսօրուան Հայաստանի  մէջ ամօթալի է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանին չգոյութիւնը: Ընդհակառա՛կը, գոյութիւն ունեցող բնակարանը փոխանակ տուն-թանգարանի վերածելու` զայն կիսաքանդ վիճակի մատնելու արարքը եւ իրողութիւնը: Հայաստանի կառավարութենէն կ՛ակնկալուի որոշում` սրբագրելու այս սխալը, վերականգնելու եւ իր հարազատ բնակարանին մէջ հաստատելու Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանը: Ողջ հայութիւնը կը սպասէ Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանը այցելել իր վերականգնուած հարազատ պատմական միջավայրին մէջ` Արամ Մանուկեան փողոց թիւ 9 հասցէով:

12 սեպտեմբեր 2015

 

1. Երեւանի հին կիսաքանդ բնակարանի մը քարերը թուագրուած, դեկտեմբեր 2013-ին, չեմ գիտեր ներկայիս ճակատագիրը ի՞նչ է:
1. Երեւանի հին կիսաքանդ բնակարանի մը քարերը թուագրուած, դեկտեմբեր 2013-ին, չեմ գիտեր ներկայիս ճակատագիրը ի՞նչ է:

 

2. Հին բնակարանի մը ճակատի արտաքին պատը ներմուծուած նոր կառուցուող բազմայարկանի շէնքի մը մէջ Աբովեան փողոց, սեպտեմբեր 2015-ին:
2. Հին բնակարանի մը ճակատի արտաքին պատը ներմուծուած նոր կառուցուող բազմայարկանի շէնքի մը մէջ Աբովեան փողոց, սեպտեմբեր 2015-ին:

 

3. Այս վիճակի՞ն պիտի մատնուի Արամ Մանուկեանի բնակարանը թէ աւելի վատին:
3. Այս վիճակի՞ն պիտի մատնուի Արամ Մանուկեանի բնակարանը թէ աւելի վատին:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Եւ Փրկեա Զմեզ Ի Կալանքներէ (1)

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?