Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերէնի Վերականգնումը «Հայաստան-Սփիւռքներ»-ի Ազգային Իրաւ Ինքնութեան Նուաճման Խնդիրն Է

Հոկտեմբեր 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Բարեմիտ չըլլանք: Մեր հայրենիքը եւ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ենթակայ եղած են, եւ են, անդադրում նախայարձակումներու, որոնք միայն զինուորական չեն:

Ճիշդ է, սահմանին վրայ ազրպէյճանական-թրքական նախայարձակումներ կան: Այդ մասին կը խօսինք, պէտք է խօսիլ, ուժերը պէտք է լարել: Բայց մեր ինքնութեան դէմ նախայարձակումներ եղած են եւ կան, տիրող ուժերու կողմէ, նաեւ` մեր անպատասխանատուութեամբ, ազգային հեռանկարի պակասով, նոյնքան աւերող, մեր ինքնութեան հիմերը խախտող:

Երբեմն նիզակ պէտք է ճօճենք մենք մեզի դէմ:

Ազգի Եւ Հայրենիքի
Տիրութեան Մասին

Նախ թող  ներուի ըսել, որ հայրենիքի տիրութիւնը եւ  սահմանի պաշտպանութիւնը միայն արցախցիին եւ հայաստանցիին պատասխանատուութիւնը չէ: Ազգային միասնութիւն կը ստեղծենք այն օրը, երբ սփիւռքները ներկայութիւն կ՛ըլլան սահմաններուն վրայ, երբ հայը չ՛արտագաղթեր զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար, հայը կը դադրի սոսկ զբօսաշրջիկ կամ բարեսէր հայրենասէր ըլլալէ: Իրաւ հայրենասիրութիւնը հազուադէպ պարագաներու երեւան եկած է, օրինակ` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ կամաւորական խումբեր ստեղծուեցան, նաեւ Հայկական լեգէոնը` դաշնակիցներու կողքին: Հայեր Ամերիկայէն վերադարձան ժողովուրդ եւ հայրենիք պաշտպանելու համար: Արցախեան ազատամարտին մասնակցեցան սփիւռքէն հաւատաւոր երիտասարդներ, բայց այդ շարժումը խիստ մասնակի էր, զանգուածային բնոյթ չունեցաւ:

Հայրենիքը զբօսաշրջութիւն, խրախճանք, երգ, պար, ճառ եւ յուզող-յուզիչ ժապաւէն չէ: Ան կը բնորոշուի հիմնական ստորոգելիներով, որոնց մասին չենք խօսիր, մարդորսական (prosélytisme) եւ շահախնդրական-դիրքապաշտական ցածորակ պատճառներով: Այս հիմնական ստորոգելիներու գծով լռութիւնը դաւ է ազգի տոկալու, տեւելու եւ ինքնիրականացման ճամբուն վրայ:

Մասնաւորաբար «սփիւռքներ»-ը աւերը վարագուրելու համար կը խօսին զոհողութեան, զգացումով հայ ըլլալու եւ հայը ճանչնալ-ճանչցնելու մասին` յաճախ մոռնալով, որ ազգային լեզուն գոյատեւման եւ ինքնութեան հիմնական եւ հիմնարար ազդակ է, առանց որուն` հայրենիք եւ ազգ կ՛ըլլան տարբեր, այսինքն կ՛այլասերին: Երբ ազգային լեզուն կը փոխարինուի տարբեր լեզուներով, ըմբռնումներ եւ արժէքներ չեն ժառանգուիր, «կ՛ըլլայ նոր սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն»: Ժամանակ մըն ալ կը խօսուի «ծագումով հայ» ըլլալու մասին… Նորոյթ է այսպէս խօսիլ եւ կարծել քաղաքականութիւն խաղալ:

Երբեմն պէտք է յիշել կաթողիկէ ծիրանաւորին (կարտինալ) խօսքը, երբ դիտած է վանդակի մէջ եղած է կապիկը եւ` ըսած. «Խօսէ՛ եւ քեզ մկրտեմ» (in Georges Gusdorf,  Mémoire et Personne»:

Այս էական խնդրի մասին խօսուած է զանազան ձեւերով` առանց միաժամանակ շեշտելու լեզուի ինքնութեան եւ որակի հարցը:

Արդարօրէն, բնականօրէն, սկզբունքային կեցուածքով, սահմանադրութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէնն է: Ինչպիսի՞ օրէնքով կրնանք յայտարարել, որ հայկական սփիւռքի լեզուն հայերէնն է:

Սփիւռքը պետութիւն չէ, ոչ մէկ գերիշխանութիւն ունի, որպէսզի կարենանք յայտարարել, թէ հայկական սփիւռքներու ազգային լեզուն հայերէնն է:

Այս անբնական կացութիւնը կը շեշտուի նաեւ պատմութենէն ժառանգուած անհեթեթ դրոշմ ունեցող զոյգ աշխարհաբարներու գոյութեամբ, որուն վրայ բարդեցինք զոյգ ուղղագրութիւն ունենալու մերօրեայ անհեթեթութիւնը:

Ազգային Լեզուն Ինքնութեան Եւ
Միացման Ազդակ

Մեր ազգային միութիւնը պիտի կերտուի, երբ ազգային լեզուի տարբերութեամբ յառաջացած հեռաւորութիւնները վերանան: Յաջողինք վերացնել:

Այս ազգային հեռանկարը իրականացնելու համար, եթէ դեռ անոր հաւատացողներ եւ զայն հետապնդողներ կան, ռազմավարական իր իսկական իմաստը պէտք է տալ լեզուին, որ ազգի շէնքը կրող ամուր պատը պէտք է ըլլայ, ըլլար: Իսկ պարզ է, որ ճեղքուած եւ ասդիէն-անդիէն փլած-փլփլած պատերը շէնքը չեն կրնար կրել: Այդպէս է այսօր հայերէնը, տեղ մը շատ, տեղ մը նուազ:

Այլ խօսքով, աղաւաղուած եւ ձեւազեղծուած լեզուով ազգ չի պահուիր, ազգը կ՛այլասերի:

Այս այլասերման նշումը ո՛չ բարոյախօսութիւն է, ո՛չ ալ ճառ: Պէտք է մտածել հարիւր կամ երկու հարիւր տարի ետք գալիքի մասին:

Ի՞նչ է պատկերը այսօր, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Հարցումին պէտք է պատասխանել առանց հաճոյախօսութեան եւ առանց մարդորսական ճապկումներու, կամ հետեւելու ոչինչ նշանակող «եղածը փրկել»-ու միտող սրճարանային (չ)իմաստութեան, որ անհեռանկար դիրքապաշտութեան կը ծառայէ:

Աւաղել ոչ մէկ բանի օգտակար է:

Ի՞նչ պէտք է ընել:

Այս հարցումին տրուած պատասխանով պէտք է չափել ամէն տեսակի ղեկավարութիւնները, անոնք ըլլան քաղաքական, մշակութային, կրթական հաստատութիւններու, բարեսիրական, մարզական, թատերական, մամուլի, լրատուամիջոցներու:

Կարգ մը խօսակիցներ Հայաստան ըսին, թէ լեզուն «սոցիալական երեւոյթ» է եւ «կը յառաջդիմէ»: Այս երկու յղացքներով կը բացատրուի լեզուի անմխիթար վիճակը, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Ինչպէ՞ս հասկնալ «սոցիալական»-ը ազգին բաղդատած, ինչպէ՞ս սահմանել «կը յառաջդիմէ»-ն, ուրկէ՛ մեկնելով ո՛ւր հասնելու համար:

Արեւելահայերէնը, ցաւով պէտք է ըսել, սովետահայերէն դարձած է, զինք գրաւման ենթարկած օտար բառերով անհատնում կուտակումով, օտարաբանութիւններով, ներածուած շարահիւսութիւններով, երէկ ռուսերէն եւ թրքերէն (բարբառներէն փոխադրուած գրական լեզուին մէջ), այսօր` ամերիկերէն եւ ֆրանսերէն:

Սփիւռքներու պարագային, լեզուն, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով, իր գտնուած ամանին ձեւը կ՛առնէ, անխուսափելի ամերիկերէն, արաբերէն, ժառանգուած եւ աճող թրքերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, ընդհանրապէս կեանքի լեզու չըլլալով` կը խեղճանայ:

Լեզուական այս տեսակաւոր խորթացումները ազգի միութեան շաղախը կը խաթարեն: Լիբանանի հայկական վարժարանի տղան ի՞նչ պիտի հասկնայ, երբ կարդայ դեմոգրաֆիկ, ռեսուրսները, ռէալ, միջազգային  իրաւասուբյեկտութիւն, դեմագոգիային, սպեկուլեացիաներին, լիւստրացիա, ֆակուլտետների, կոռեկտ, կոմերիտական, կոմսոմոլացման-բոլշեւիկացման, էւոլիւցիայի, քաղաքական անարխիայի… Նմուշ: Բոլորը` նոյն էջին վրայ: Ոչ միայն տղան, այլ նաեւ չափահասը պիտի չհասկնայ այս հայերէնը:

Լեզուական Հարազատութիւնը
Գոյութենական Երաշխիք Է

Ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս:

Առանց ընկերատնտեսական նահանջական վերլուծումներու մէջ խեղդելու եւ խեղդուելու, մենք մեզ լքելու հոսանքի եւ յորձանքի թափին, հայկական ընկերութեան բարձրագոյն մակարդակին ՈՐՈՇՈՒՄ պէտք է կայացնել, ԼԵԶՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԻՐ ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ, քաղաքական որոշում, եւ կատարել անհրաժեշտ նիւթական եւ մարդկային ներդրումները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, միասնաբար, ներառելով կրթութիւնը, մամուլը, հրատարակութիւնները:

Նախ` ԶՏՄԱՆ քաղաքականութիւն:

Ապա ժամանակակից նոր հնարուած բառերու հայացում:

Իր ակունքներուն պատշաճ ըլլալու ուղղագրական բարեփոխում:

Ուսուցում:

Այս նպատակի իրականացման համար, քաղաքական որոշման եւ նիւթական ներդրումներու զուգահեռ, ներազգային համաձայնութեամբ, ինքնութեան պահպանման եւ կերտումի գաղափարախօսութիւն հարկ է ներշնչել հայերուն, անոնք գտնուին Հայաստան, Եաքութիա, Պոլիս, Միջին Արեւելք, Ամերիկաներ, Նոր Զելանտա կամ Ալասքա, հասնելով իւրաքանչիւրին: Կը յաջողինք, եթէ ներդրումները նպատակասլաց ըլլան, պատգամները` ոչ կողմնապաշտական, ոչ դիրքապաշտական, ոչ շահախնդրական:

Կ՛ունենանք անմիջականէն եւ եսականէն անդին նայող Հեղինակութիւն-CHARISME, մարդիկ, որոնք իրենց անձին օրինակով, ո՛չ ապարանքով եւ ո՛չ դրամատան հաշիւով, ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ: Պատմութիւնը միայն զանոնք պիտի յիշէ: Անոնք առաջնորդած պիտի ըլլան ոգեկան յեղափոխութիւնը:

Ժողովուրդը իր կարգին պահանջել պէտք է գիտնայ, քանի որ ինք պէտք է ըլլայ իր ճակատագրին տէրը` իր տուած վստահութեամբ, զոր կը կոչենք քուէ:

Լեզուն ազգապահպան հզօրութիւն է, որ կը կրէ շարունակութիւն ըլլալու կոչուած բերդը, որ չի կառուցուիր ընդունելութիւններով, ճառերով, աթոռ-աթոռակներով, հեռատեսիլի պատուհանի կրկներեւոյթի նմանող պատկերով կամ բարձրախօսի թատերական աղմուկով:

Այսօ՛ր:

Վաղուան կը մնայ եղած ըլլալու դատարկ մխիթարութիւնը, որուն համար շռնդալից ամեակներ պիտի տօնուին, պիտի չտօնուին:

 

1 սեպտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Պատժել Եւ Զինադադար Պարտադրել Ազրպէյճանին

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?