Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սփիւռքահայ Գործարարներու
Պարգեւատրումներ



Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստին աւարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շքանշանով, երախտագիտութեան մետալով եւ շնորհակալագիրներով եւ պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց հայրենի եւ սփիւռքահայ պետական-հասարակական գործիչներ եւ գործարարներ, որոնք նկատառելի աւանդ ներդրած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն եւ ծրագիրներուն իրականացման աշխատանքներուն մէջ: Պարգեւատրուողներու շարքին էին Բիւզանդ Գէորգեան, Հրայր Սողոմոնեան եւ Հայկազ Թահմազեան:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Աւելի Քան
6.9 Միլիառ Դրամի Ներդրում Կատարած Է`
Հայաստանի Մարզերու Զարգացման Նպատակով
Գործունէութեան տասը տարիներու ընթացքին, ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մօտաւորապէս 6.9 միլիառ դրամի ներդրում կատարած է Հայաստանի գիւղական համայնքներու զարգացման համար:
Կը ներկայացնենք մարզերուն մէջ իրականացուած ընկերային ներդրումներուն մէկ մասը.
– Բնակարաններ Գիւմրիի եւ Վանաձորի` երկրաշարժէն տուժած կարիքաւոր 40 ընտանիքի,
– Ջրամատակարարման համակարգի կառուցում,
– Ըմպելի ջուրի ապահովութիւն եւ ջրամատակարարում գրեթէ չունեցող շարք մը գիւղերու մէջ,
– Այլընտրանքային ուժանիւթի ենթակառուցուածքի ստեղծում արտաքին լուսաւորման եւ ջեռուցման համակարգերուն համար,
– Ջեռուցման համակարգի ապահովութիւն մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու մէջ,
– Պաշտպանիչ պատի կառուցում սահմանամերձ գիւղերու մէջ,
– Ելեկտրական ցանկապատի կառուցում ընտանի անասունները եւ անասնագոմերը գիշատիչներու յարձակումներէն պաշտպանելու նպատակով,
– Աջակցութիւն Կոշ համայնքին մէջ գործող` փոքրիկներու ցերեկային խնամքի եւ վերականգնողական կեդրոնին,
– Նորածնային խնամքի բժշկական սարքաւորումներու տրամադրում մարզային ծննդատուներուն,
– Բժշկական սարքաւորումներով արդիականացուած շտապ օգնութեան մեքենաներու տրամադրում մարզային բժշկական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ գործակարգավարական համակարգի արդիականացում,
– Հաշմանդամներու կարիքներուն յարմարեցուած մեքենաներու տրամադրում` ներառական կրթութեան ծրագիրներու շրջանակին մէջ,
– Արագ արձագանգման 911 հեռախօսահամարի տեղայնացում,
– Կիսակառոյց տուներու շինարարութեան աւարտ եւ վերանորոգման աշխատանքներ գիւղական, ներառեալ` սահմանամերձ համայնքներու մէջ,
– Մարզային կրթական հաստատութիւններու եւ մշակութային օճախներու վերանորոգում,
– Ուսանողներու կրթաթոշակի ապահովում,
– Համակարգչային սենեակներու ստեղծում մարզային կրթական հաստատութիւններու մէջ,
– Մարզային կրթական հաստատութիւններու մէջ համացանցի կապի ապահովում,
– Ասպարէզի զարգացման ծրագիրի շրջանակին մէջ դասախօսութիւններու եւ դասընթացքներու կազմակերպում` մարզերու համալսարաններու ուսանողներու համար,
– Մշտադիտարկման ժամանակակից սարքաւորումներու տրամադրում Ուրցաձորի կենսոլորտային կրթական կեդրոնին,
– Բազային նոր կայանի կառուցում Կովկասեան կենսաբազմազանութեան ապաստարանի տարածքին` Ուրցաձորի կենսոլորտային-կրթական կեդրոնի հարեւանութեամբ եւ այլ ծրագրեր:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ստեղծած է մօտաւորապէս 204 կայուն աշխատատեղ մարզերու մէջ` մարզային 54 եւ շարժական 10 սպասարկման կեդրոններու միջոցով:
«Գիւղական համայնքներու զարգացումը կ՛ենթադրէ գիւղի եւ քաղաքի, մարզերու եւ մայրաքաղաքի միջեւ կեանքի որակի տարբերութեան կրճատում: Այս մէկը կարեւոր է օգնելու յատկապէս պատերազմէ եւ բնական աղէտներէ տուժած սահմանամերձ բնակավայրերուն: Մենք, իբրեւ ընկերութիւն եւ անհատներ, կ՛ընենք մեր կարելին, որպէսզի մարզերու մէջ բնակող մեր հայրենակիցները չյուսահատին, լքուած չզգան եւ շարունակեն հաւատալ իրենց փոքրիկներուն լուսաւոր ապագային: Մայրաքաղաքի կամ սահմանամերձ գիւղի մէջ ծնած ըլլալու փաստը պայմանաւորուած է մեզմէ անկախ հանգամանքներով, եւ ոչ` մեր կամաւոր ընտրութեամբ: Իբրեւ գիտակից անհատ գործելը լիովին մեր ընտրութիւնն է: Մենք` վաղուան օրով մտահոգ հայերս, յաղթահարելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, պէտք է շարունակենք կերտել մեր ապագան. ոչ ոք այդ չի կատարեր մեր տեղը: Ընտրութիւնը մերն է. կրնանք ապրիլ յանուն անհատական երջանկութեան` հոգ տանելով մեր վրայ, եւ կամ երջանկութեան բանաձեւ դիտարկել հանրային բարօրութեան կերտման մեր մասնակցութիւնը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ջանք չի խնայեր, որպէսզի առօրեայ կեանքի մէջ չհեռանանք հանրային բարօրութեան կերտման` տակաւին տասը տարի առաջ ընդունած արժեհամակարգէն` ընկերային պատասխանատուութենէն», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Գործունէութեան առաջին իսկ տարիներէն ընկերային պատասխանատուութիւնը որդեգրելով իբրեւ առանցքային ռազմավարական մօտեցում` ընկերութիւնը կը շարունակէ առաջնորդուելու ընկերակցական եւ ընկերային պատասխանատուութեան սկզբունքներով, բոլոր` կարճատեւ եւ երկարատեւ ծրագիրներու նախագծման եւ իրականացման հարցին մէջ: Ընդհանուր առմամբ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 23.8 միլիառ դրամ յատկացուցած է Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ` ընկերակցական պատասխանատուութեան նախաձեռնութիւններու իրագործման նպատակով:
Երիտասարդներ Պիտի Օժանդակեն
Սահմանամերձ Գիւղերու Բնակիչներուն
Սահմանային լարուածութեամբ մտահոգ երիտասարդներ Երեւանի մէջ կազմակերպած են հանդիպում մը` քննարկելու հայկական դիրքեր բարձրանալու եւ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն օգնելու հարցերը:
Ըստ «Թերթ»-ին, «Շտապ հաւաք» նախաձեռնութեան անդամ Հայկ Գրիգորեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հաւաքին նպատակը հայոց բանակին եւ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն աջակցելու տարբերակները քննարկելն է:
«Մենք չենք երթար Ազրպէյճանը գրաւելու, այլ պարզապէս կ՛ուզենք մեր ներդրումը ունենալ սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն աջակցութեան հարցին մէջ: Հետագային շատ լուրջ բան չի սպասուիր, այնպէս չէ, որ պատերազմի կ՛երթանք… կ՛ուզենք երթալ, պարզապէս կ՛ուզենք գիտնալ, թէ մեր ընկերները, մեր հայրենակիցները, ինչպէս կ՛ապրին, ինչով կրնանք օգնել իրենց: Եթէ կարիքը ըլլայ պատրաստ ենք կանգնելու նաեւ մեր զինուորին կողքին, եթէ մեր նախարարութիւնը արտօնէ», ըսած է Հայկ Գրիգորեան:
Աշխատանքի Առիթներ` Սուրիայէն Եւ Ուքրանիայէն
Տեղահանուած Հայ Շրջանաւարտներու
Հայաստանի ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցչութիւններու եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան միջեւ եռակողմ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, վաթսուն համալսարանական շրջանաւարտներ, մեծամասնութեամբ` Սուրիայէն եւ Ուքրանիայէն տեղահանուածներ, վճարովի փորձառական աշխատանքի կարելիութիւն պիտի ունենան Հայաստանի կարգ մը ընկերութիւններու մէջ:
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը` «Երիտասարդներու յառաջխաղացումի արահետ» նախաձեռնութիւնը վճարովի փորձառական աշխատանքի ծրագիր մըն է, որ նոր շրջանաւարտներու կարելիութիւն կու տայ առաջին անգամ ներգրաւուելու իրենց մասնագիտութեան համապատասխանող աշխատանքին մէջ եւ ձեռք ձգելու անհրաժեշտ աշխատանքային փորձառութիւն եւ գործնական գիտելիքներ, որոնք պիտի նպաստեն ապագային մնայուն աշխատանքի առիթներ գտնելու:
2007-2014 թուականներուն ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի Հայաստանի գրասենեակը իրականացուցած է ԵՅԱ ծրագիրի հինգ հանգրուաններ: Ընդհանուր առմամբ, երկու հարիւր քառասուն նորաւարտ երիտասարդներ փորձառական աշխատանքի անցած են Երեւանի եւ Հայաստանի վեց այլ մարզերու մէջ, իսկ ծրագիրի աւարտին, անոնց մօտաւորապէս վաթսուն տոկոսին մնայուն աշխատանք առաջարկուած է գործատու կազմակերպութիւններու եւ ընկերութիւններու կողմէ:
«Սուրիահայերը աշխատասէր, ստեղծագործ, աշխուժ եւ արդիւնաւէտ են», այս առիթով ըսաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան եւ աւելցուց. «Հայաստանի աշխատավայրերը անհրաժեշտութիւնն ունին այսպիսի որակեալ եւ փորձառու աշխատուժի: Այս ծրագիրը պիտի կարենայ մատուցել այդ անհրաժեշտութիւնը, եւ արդիւնքը երկուստեք օգտակար պիտի ըլլայ: Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի շարունակէ համագործակցիլ եւ հովանաւորել նմանատիպ արդիւնաւէտ ծրագիրներ», շեշտած է ան:
«Գարեգին Ա.» Կրթական Կեդրոնի Բացում
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի գիտական կրթական եւ հոգեւոր-դաստիարակչական հաստատութիւնները համալրուեցան նոր կառոյցով մը` «Գարեգին Ա. կրթական կեդրոն»-ի բացումով: Այսպիսի կեդրոնի մը ստեղծման գաղափարը երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին վերջին պատգամն էր, զոր իրագործեցին անգլիաբնակ բարերարներ Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեանները:
28 սեպտեմբերին տեղի ունեցած բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն հոգեւոր դասը, սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարները, այլ հրաւիրեալներ: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին բարերար Հայկ Թիթիզեան, որ նաեւ միւռոնօրհնութեան արարողութեան ընթացքին «միւռոնի կնքահայր» էր, նշած է, որ իր կնոջ հետ իրականացուցած են Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ցանկութիւնը: «Ասիկա սկսաւ, երբ վեհափառ հայրապետը, դժբախտաբար, հիւանդ էր. երբ իրեն հարցուցի, թէ ի՛նչ է իր փափաքը, ան ըսաւ. «Գարեգին Ա. գիտական-կրթական կեդրոն»-ը: Երբ իրեն ըսի, որ փափաքը պիտի իրականացնեմ, ձեռքս բռնեց ու օրհնեց զիս», յայտնած է Հ. Թիթիզեան` շեշտելով, որ աշխատանքը կատարուած է ներկայի կաթողիկոս Գարեգին Բ. հայրապետին մեծ ջանքերով:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը դիտել տուած է, որ կեդրոնը նախատեսուած է հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներու, քրիստոնէական դաստիարակութեան ուսուցիչներու, սփիւռքի հայ դպրոցներուն մէջ կրթութիւն մատուցող մանկավարժներու վերապատրաստութեան համար: «Այստեղ նաեւ պէտք է կազմակերպուին հայագիտական եւ աստուածաբանական գիտաժողովներ, որ նաեւ Գարեգին Ա. հայրապետի վերջին ցանկութիւնն էր: Մենք ուրախ ենք, որ անոր իղձը իրագործուեցաւ եւ կառուցուեցաւ կեդրոնը, որ կարեւոր առաքելութիւն պիտի իրականացնէ», յայտնած է կաթողիկոսը: Անոր համաձայն, հայ ժողովուրդը գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ջատագով է, անիկա իր ոսկեդարը կերտած է նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ պետականութիւն չէ ունեցած: «Մենք հասկցած ենք մեր գոյութեան եւ յարատեւութեան խորհուրդը, որ հայ հոգեւոր զօրեղ կեանքն է, մեր մշակոյթը, մեր հաւատքը, որոնց շնորհիւ պէտք է կարենանք դիմակայել բոլոր փորձութիւններուն», հաստատած է Գարեգին Բ.: Ան տեղեկացուցած է, որ կեդրոնը ամբողջովին պատրաստ պիտի ըլլայ յառաջիկայ տարուան մարտ-ապրիլին, եթէ շինարարները նոյն ջանասիրութեամբ աշխատին:
Երեւան Պիտի Հիւրընկալէ Ֆրանսախօսութեան
Նախարարական Համագումարը
Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ Նիւ Եորք կը գտնուէր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելուն համար, տեղւոյն վրայ հանդիպում մը ունեցած է անդամ երկիրներու նախարարներուն հետ: Նալբանդեան անոնց հետ քննարկած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական 31-րդ համագումարին վերաբերող հարցեր, նկատի ունենալով, որ նշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 9-է 11 հոկտեմբեր, Երեւանի մէջ: Ան ըսած է, որ Հայաստանի համար պատիւ է հիւրընկալել միջազգային այսպիսի համագումար, որուն պիտի մասնակցին աւելի քան 80 երկիրներէ պատուիրակութիւններ:
Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է
Էռնեսթօ Պրաւոյի Եւ Կարէն Յակոբեանի Համերգը
Վերջերս Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Էռնեսթօ Պրաւոյի եւ Կարէն Յակոբեանի միացեալ համերգը: Համերգին ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, երաժշտական քոլեճի ուսանողներ, հրաւիրեալներ:
Էռնեսթօ Պրաւոյի կատարմամբ հնչեցին ո՛չ միայն սպաներէն եւ անգլերէն երգեր, այլ նաեւ` հայերէն երգեր: «Ես սիրահարած եմ հայկական մշակոյթին եւ հայկական ժողովրդային երաժշտութեան: Կը կարծեմ, թէ այսօրուընէ հայկական երաժշտութիւնը նաեւ իմս է: Փափաք ունիմ երաժշտութեանս միացնելու հայկական երաժշտութիւնը եւ ներկայացնելու աշխարհին», ըսած է երգիչը:
Ան հաստատած է, որ մեծապէս տպաւորուած է Արցախով, նշելով. «Կ՛ուզէի վերադառնալ Արցախ եւ նորէն երգել Արցախի հանդիսատեսին համար»:
Սանթիակօ ծնած Էռնեսթօ Պրաւօ երկրորդ անգամն ըլլալով Արցախ կ՛այցելէ: Առաջին այցելութեան ան մկրտուած է, ինչպէս ինք կ՛ըսէ` «սուրբ հողին մկրտութիւնը ստանալու նպատակով»:
«Սրբալոյս Միւռոն» Խորագրով Կերպարուեստի
Ցուցահանդէս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մէջ
Սեպտեմբեր 28-ին միւռոնօրհնութեան առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Սրբալոյս միւռոն» խորագրով կերպարուեստի ցուցահանդէս-վաճառք, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան կարիքներուն:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան միացեալ ջանքերով: Ներկայացուած են հոգեւոր նիւթերով հայ ժամանակակից արուեստի մօտաւորապէս 40 ստեղծագործութիւններ` քանդակներ եւ գեղանկարներ:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, միւռոնօրհնութեան կնքահայր Հայկ Թիթիզեանը եւ Թիթիզեան ընտանիքի անդամներ, միւռոնօրհնէքի առիթով Մայր Աթոռ ժամանած թեմակալ առաջնորդներ, բարերարներ եւ ուխտաւոր հայորդիներ:
Նշենք, որ բացման արարողութեան կատարումներով հանդէս եկաւ «Սաղմոսերգու» հոգեւոր երաժշտութեան արական երգչախումբը` խմբավարութեամբ Վահէ Բեգոյեանի:
Տեղի Ունեցաւ Պոլսոյ «Մարալ» Երգի-Պարի
Համոյթին 35-Ամեակին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկ
Վերջերս Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական մշակութային փառատօնի «Սթամպուլի հայ համայնքի մշակութային օրեր» ծրագրի շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Եսայեան սաներու միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին 35-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ:
Միջոցառման ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, հիւրեր:
Ծրագրին ընթացքին ներկայացուած էին ազգագրական, ռազմական, ինչպէս նաեւ հարսանեկան պարեր եւ տարբեր գաւառներու պարանմուշներ, որոնք բեմադրած է խումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եսայեան սաներու միութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամերեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան` «Սթամպուլի հայ համայնքի մշակութային օրեր» ծրագիրը Հայաստանի մէջ իրականացնելուն համար, մասնաւորապէս նշեց. «Պոլսէն ձեզ կը փոխանցենք ողջ հայութեան անսահման սէրն ու կարօտը: «Մարալ» երգի-պարի համոյթը իր հիմնադրման 35-ամեակը Պոլսոյ մէջ փառահեղ կերպով նշելէ ետք, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հրաւէրով եւ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ այսօր Երեւանի մէջ եւս կը տօնէ իր յոբելեանը, որուն համար կը յայտնենք մեր անսահման երախտագիտութիւնը: Պոլսահայութիւնը հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած արհաւիրքէն ետք աշխարհասփիւռ դարձաւ, իսկ միւս հատուածը կը շարունակէ մաքառիլ հայկական մշակոյթի, հայ ինքնութեան պահպանման համար»: Ան նշեց նաեւ, որ Պոլսոյ պատրիարքարանին շուրջ համախմբուած պոլսահայերը վերականգնած են իրենց ազգային կառոյցները` հոգեւոր եւ մշակութային հաստատութիւնները` պահպանելով իրենց մայրենի լեզուն եւ ազգային դիմագիծը:
Համերգի աւարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Ուրախ եմ, որ Եսայեան սաներու միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթն արդէն 35 տարեկան է, եւ սիրով կը շնորհաւորեմ այս գեղեցիկ իրադարձութիւնը: Անգնահատելի է «Մարալ» համոյթի դերը հայկական մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, ազգի միաւորման եւ համախմբման գործին մէջ: Ուստի, երախտիքի խօսք կ՛ուղղեմ համոյթի բոլոր նուիրեալներուն, մասնաւորապէս Կարպիս եւ Իրիս Չափքաններուն` այս հայանպաստ եւ ազգանուէր գործունէութեան, հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման վեհ գործին մէջ անմնացորդ ծառայելուն համար: Մէկ անգամ եւս շնորհաւորելով համոյթին 35-ամեակը` կը մաղթեմ նորանոր բեմեր, ջերմ ու տաք հանդիսատես եւ ստեղծագործական բեղուն ուղի»:
Հաղորդենք, որ հայ մշակոյթի պահպանման, նոր սերունդի, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար նախարարը «Մարալ» երգի-պարի համոյթը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալով:
Ելոյթի աւարտին Եսայեան սաներու միութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամերեանը համոյթին ամբողջ անձնակազմին կողմէ, ի նշան երախտագիտութեան, յուշանուէր յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին:
Տեղեկացնենք, որ Պոլսոյ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը հիմնադրուած է 1980-ին, Պենոն Կուզապաշի եւ անոր ընկերներուն կողմէ: Համոյթի գործունէութեան հիմնական նպատակն է ներկայացնել հայկական մշակոյթը, պարերը, երգ-երաժշտութիւնը:
1992 թուականէն պարուսոյցի պաշտօն ստանձնած են` 1980-ականներուն «Մարալ»-ի պարողներ Կարպիս-Իրիս Չափքան ամուսինները:
Ներկայիս «Մարալ» համոյթը ունի 6-14 տարեկան փոքրիկներու 90 հոգինոց մանկական խումբ, 16-33 տարեկան 50 պարողներէ կազմուած պարախումբ:
2010 թուականին «Մարալ» պարախումբը Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հրաւէրով մեկնած է Վան եւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագէն ետք համերգ տուած է Վանի կեդրոնական մարզասրահին մէջ:
«Ընդհանուր առմամբ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 23.8 միլիառ դրամ յատկացուցած է Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ` ընկերակցական պատասխանատուութեան նախաձեռնութիւններու իրագործման նպատակով:»
Յ.Չ. Այս հրաշալի եւ հայրենաշինութեան անզուգական հետեւողական նպաստը, ներդրումը (որ կը համապատասխանէ աւելի քան 50 միլիոն տոլարի) հայրենիքի հզօրացման բոլոր բնագաւառներուն՝ բարձրագոյն գնահատանքի արժանի է: Վարձքերնիդ կատար: