Մակար, ի Գաղիա
Կեդրոնականցի Արմենակ, շնորհիւ իր համակարգիչին, միայն հայկական հարցերով չի զբաղիր : Հետաքրքրութիւններ ունի: Ստեղները աջ եւ ձախ սեղմելով` գիւտեր կ’ընէ: Եթէ շարունակէ, շրջուն համայնագիտարան պիտի դառնայ:
Աշնան խաբուսիկ արեւ կար, երբ երկար ապրելու համար յանձնարարուած բոլոր դեղերը դեռ կուլ չէի տուած, Արմենակ եկաւ Էլպիսին հետ: Տերեւները չէին դեղնած: Երբ խելառ ամպ մը անցնէր, ցուրտը կը յուշէր, որ ձմեռը դրան ետին է:
Արմենակ ըսելիքի պակասէ տառապող խմբագիրի չի նմանիր: Ներածական չ’ըներ: Իր խօսքին ընդունելի կամ անընդունելի ըլլալու հոգը չունի:
Էլպիս պոլսական տեսակաւոր ձէթով ճաշեր բերած էր:
Քաղաքավարական «պէտք չկար» մը ըսի, բայց գոհ էի:
Հիմա ո՞վ ժամանակ կը վատնէ այդպէս ճաշեր պատրաստելու համար:
Տիկինները «Սքայփ»-ով տիեզերական զրոյցներ կ’ընեն Լոս Անճելըս, Պոլիս, Նոր Զելանտա, Փարիզ, Նիւ Եորք: Քոյր, դրացի, հարս, տալ տարտղնուած են:
– Մակա՛ր, կը հետեւի՞ս աշխարհի եւ Հայաստանի տնտեսական կացութեան:
– Խելքս չի հասնիր, մանաւանդ երբ թիւերու ետին զերոները կը շատնան:
– Թերթը գրած է, որ մեր պզտիկ երկիրը հինգ միլիառ տոլար պարտք ունի:
– Կ’ըսեն, որ պարտքի դրամ կու տան հարուստներուն: Դրամ չունեցողին դրամատունը վարկ չի տար: Ուրեմն կացութիւնը լաւ է:
– Թերթը գրած էր, որ այս տարի այդ պարտքը աւելցած է 380 միլիոնով: Հայաստանի բնակիչը, նորածին, նուազագոյնով ապրող թոշակառու, 2.500 տոլար պարտք ունին:
– Մի՛ մտահոգուիր, Արմենա՛կ: Չունեցողին ի՛նչը կ’առնեն, ունեցողը արդէն ձեւը գիտէ չտալու: Հայաստանցիներ Զուիցերիա գումարներ ունին, «Կլենտէյլ» եւ «Նիցցա» տուներ ունին:
– Հայաստանով կը մտահոգուինք, գլխու պտոյտ կ’ունենանք մեծերու պարտքի թիւերը տեսնելով եւ կը մխիթարուինք:
– Ինչե՜ր տեսեր ես:
– Ֆրանսայի պէս մեծ եւ օրէնքով կառավարուող երկիր մը, քիչ առաջ 2089 միլիառ եւրօ պարտք ունէր: Հիմա աւելցած ըլլալու է: Երկվայրկեան, որ կ’անցնի, պարտքը կ’աւելնայ 2665 եւրոյով…Իւրաքանչիւր բնակիչ, ծծկեր երեխայ, գործազուրկ, ծեր, կը ծնի 32.950 եւրօ պարտքով:
– Ուրեմն մենք հիմա, Մակարուհին եւ ես, 66 հազար եւրօ պա՞րտք ունինք:
– Մի՛ վախնար, ամերիկացի մը 48.000 տոլար պարտք ունի: Հոս ոչինչ, դուք ալ ոչինչ: Իւրաքանչիւր երկվայրկեան, որ կ’անցնի, Ամերիկայի պարտքը կ’աւելնայ 47.200 տոլարով, ամէն օր` 4 միլիառ:
– Արմենա՛կ, գիշերները քնաբեր դեղ կ’առնե՞ս: Թիւերը զիս անհանգիստ ըրին: Քու խելքդ կը հասնի, քեզ միջազգային դրամատան տնօրէն թող կարգեն: Ցարդ կը յուզուէիր Հայաստանի պարտքով: Այդ պարտքը հինգ միլիառ էր: Հիմա երբ գիտես, որ Ֆրանսայի պարտքը 2070 միլիառ է, դուն քեզ հանգիստ զգայ: Ֆրանսացին եթէ հանգիստ կը քնանայ, դուն ալ քնացիր: Ուրեմն Հայաստան ապահով երկիր է, գաղթելու կարիք չկայ:
– Հայաստան քեզ քարոզիչ եթէ ղրկեն, հրաշք կը գործես, եթէ լսող գտնես:
– Արմենա՛կ, դուն Ամերիկա շատ կ’երթաս կու գաս, հայաստանցիները ինչո՞ւ կ’երթան Ամերիկա: Գիտե՞ն, որ այր, կին, զաւակ, թոռ, բարի գալուստի համար 48 հազար տոլար պարտք պիտի ունենան:
Արմենակը եթէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար կարգեն, մարդիկ տէր կ’ըլլան երկրին, կ’աշխատին եւ լաւ կ’ապրին: Օդանաւի եւ զէնքի դրամով լաւ կ’ապրին: Բանաստեղծի հայրենի երկրի կանչը չեն փոխարիներ լոսական հոսհոսական երազով®
Մինչեւ Հելսինքի, Օքլանտ:
Հայերը եւ աշխարհի գոյնզգոյն գաղթականները…
Աշնանամուտի գիշերահաւասար, 2015