ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Իբրեւ միութենականներ, ծնողներ ու բարեկամներ քաջ համոզուած ենք, որ յատկապէս սկաուտական կեանքի ու աշխատանքի տարեփակն ու տարեմուտը նոյնինքն բանակումն է:
Բանակում, որով կը պարծենանք մենք` բոլորս, եւ միջավայր, որուն հովանիին տակ տարբեր տարիքի սկաուտներ կը ներկայանան իրենց շրջապատին` միշտ նորովի, յաճախ ստեղծարար եւ շատ անգամ առոյգ ու ժիր` նոր տարեշրջանի մը պատրաստուելու խոր գիտակցութեամբ:
Փաստօրէն, ամբողջ տարուան մը ընթացքին տարբեր տարիքի ու փաղանգի միութենական տղաներ ու աղջիկներ, հետեւելէ ետք տարբեր տեսակի դաստիարակչական դասախօսութիւններու, միութենական աշխատանքներու թէ սկաուտական գործունէութիւններու, ահա իրենց լաւագոյն առիթը կը մատուցուի` իննօրեայ բանակումի մը ընթացքին համախումբ կեանքի մը ընդմէջէն փորձարկելու իրենց սորվածն ու ամբարած գիտելիքները:
Արդարեւ, աւանդութիւն դարձած տարեկան բանակումի աւարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտներն ու խմբապետները իրենց ծնողներն ու բարեկամները հրաւիրած էին մասնակից դառնալու հոգեշարժ խարուկահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 29 օգոստոս 2015-ին, Ռաս Մեթնի Սալիմա գիւղաւանի գեղեցիկ բնութեան ծոցին մէջ:
Ի դէպ, գիւղաւան մը, որ կը յատկանշուի իր կլիմայական մաքուր, բնութենական հրաշալի ու բնական հարստութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի բանակավայրին եւ անոր լայն տարածութեան, անիկա կը մնայ այս բանակումին յիշատակելի երեւոյթներէն մէկը, այն առումով, որ նախ` բանակողներու նոյնքան պատկառելի թուաքանակին` աւելի քան երկու հարիւր հոգի (աննախընթաց ներկայութիւն), եւ ապա` հսկայ տարածքին վրայ աշխատանքային լայնածաւալ տարողութիւնը, անվտանգութեան պահպանումն ու յարակից մասերու աչալուրջ հսկողութիւնը, արդէն բաւարար մարտահրաւէրներ էին կազմակերպիչ մարմինին համար:
Անտարակոյս, իւրաքանչիւր բանակում կը յատկանշուի կազմակերպիչ մարմինին կողմէ որդեգրուած թեմա-կարգախօսով մը, որուն առանցքին շուրջ տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ աշխատանքներ ու դաստիարակիչ խաղեր:
Արդ, ընդգծելի էր այս տարուան թեման` «Կատարեալ աշխարհի մը տեսլականով», որ խորքին մէջ թէ՛ ուսուցանող եւ թէ՛ յաւակնոտ որոշակի տարրեր կ՛ընդգրկէր:
Ուսուցանող, որովհետեւ մարդկային կեանքի մերօրեայ դաժան, նիւթականացած եւ ապակողմնորոշող ճանապարհներու առկայութեան, իբրեւ մարդ գոյակ պարտաւոր ենք լոյսին բերելու զանազան տեսակի ախտեր, մոլութիւններ, ապաշնորհ ապրելակերպեր, ստորին բարքեր եւ կեղծ հրապոյրներ, եւ նորահաս սերունդին ուշադրութեան յանձնելու ճիշդն ու անարատը, յարգելին ու հարազատը:
Իսկ յաւակնոտ է թեման այն հասկացողութեամբ, որ իբրեւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ժառանգորդներ` հեռու ըլլալով հայրենի հողէն, ջուրէն, օդէն եւ ոգեկան հարստութիւններէն, ահաւասիկ առիթ մը եւս կը ներկայանայ, այդ ալ բանակումի ծիրին մէջ, նորահաս սերունդին հոգեկան ու մտային աշխարհին մէջ ամրապնդելու մարդկային արժանիքներու եւ ազգային համոզումններու խոր գիտակցութիւնը:
Յոյժ հետաքրքրական էր նաեւ այն, որ կազմակերպիչ մարմինը կրցած էր ընդհանուր թեման մասնաւորել տարբեր նիւթերու միացումով եւ ներդաշնակ կազմակերպումով:
Այլ խօսքով, շեշտադրուած էին մարդկային կեանքին ու առհասարակ սկաուտական միջավայրին վերաբերող եւ մղիչ ուժ հանդիսացող էական բարեմասնութիւններ, ինչպէս` կարգապահութիւն, մաքրութիւն, կազմակերպ եւ համահունչ աշխատելու կարողութիւն, համակարգային եւ ռազմավարական գիտելիքներու ծանօթացում, ընկերասիրութիւն, իրերօգնութիւն, բնապահպանութիւն եւ այլն:
Բանակավայրին մուտքին հաստատուած դրօշակի կայմը ունէր գրաւիչ տեսք: Անիկա ձեռային աշխատանք մըն էր, որ կը մարմնաւորէր միասնականութեան ու հաւասարութեան իմաստը: Իրարու ագուցուած էին տարբեր գոյներով «թեւ»-եր, որոնք դիտողը կ՛ուզէին հրաւիրել դէպի միասնութեան աշխարհ եւ ապահով բանակատեղի:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս բանակումին յայտագիրը ճոխ էր, իր այլազան արտայայտութիւններով. արշաւներ` հետազօտական եւ հետախուզական, շրջապատի ծանօթացում` գիւղի, բնակչութեան, արհեստներու եւ գիւղատնտեսութեան:
Այլապէս ալ բանակավայրին մէջ ծնողներու ուշադրութիւնը գրաւեցին սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ձեռային այլազան աշխատանքները, պատի թերթերը, իւրաքանչիւր խումբի կողմէ ստանձնուած նիւթի մը մասին գիտելիքներու ներկայացում եւ այլն:
Օրուան ամէնէն հետաքրքրաշարժ բաժինը հանդիսացաւ խարուկահանդէսը: Պէտք է ըսել, որ կրկնակի քաջալերելի է այն, որ բանակողներ` տարբեր փաղանգներու, ոչ միայն ամբողջ ինը օր կ՛ապրէին իրենց առօրեայ կեանքը, այլեւ` ատոր զուգահեռ պարտաւոր էին պատրաստել յայտագիր մը, որով պիտի ներկայանային իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն: Փաստօրէն անոնք իրենց լաւագոյն կարողութիւններն ու շնորհները ի սպաս պիտի դնէին, որպէսզի եզակի խանդավառութեամբ համակէին ներկայ հասարակութիւնը:
Ձեւով մը, ըստ իս, խարուկահանդէսի յայտագիրը «աւարտաճառ»-ն էր բոլոր բանակողներուն, անով անոնք ճակատաբաց, ինքնավստահ, բնական, խանդավառ ու շնորհալի ներկայացումներու ընդմէջէն կը փոխանցէին իրենց սորվածներն ու ամբարած գիտելիքները` միշտ հաճոյք եւ ուրախութիւն պատճառելով ներկայ շրջապատին:
Եւ հոս է, որ ի յայտ կու գան սկաուտական կեանքին ու կոչումին ամէնէն գեղեցիկ արտայայտութիւնները, երբ բանակողներու ամէնէն փոքր տարիքի անդամէն մինչեւ երէց փաղանգի տղաներ ու աղջիկներ, մէկ հոգիի ու մարմինի նման, իրերօգնութեամբ, իրարու գուրգուրանք եւ սէր տածելով, ոգի ի բռին կ՛աշխատին իր լրումին հասցնելու ամբողջ յայտագիրը` վերարժեւորելով միութենական կեանքի ու համոզումի, բայց մանաւանդ` տիպար սկաուտի բարեմասնութիւնները:
Անոնք` մոկլիներ, գայլիկ-արծուիկներ, արի-արենուշներ, պարման պարմանուհիներ, խմբապետներ եւ պատասխանատուներ, պահ մը մոռացութեան տուած բանակումի յոգնատանջ առօրեայ կեանքը, այդ օր անվերապահօրէն կը լծուին իրենց լաւագոյնին մատուցման:
Խարոյկին ճարճատուն մեղեդիին եւ գունաւոր լոյսերուն ընդմէջէն սկաուտական բանակ մը ամբողջ կը պարէ, կ՛երգէ, թատերական ներկայացում կը կատարէ, սրամտութեամբ յագեցած սքեչներով խինդ ու ժպիտ կը պարգեւէ, եւ ամէնէն կարեւորը` անխտիր բոլոր բանակողներու մասնակցութեամբ` գոհունակ կը պահուին ծնողներ եւ բարեկամներ:
Կրկնելու գնով հաստատենք, որ բանակումին ամէնէն էական եւ դաստիարակիչ արտայայտութիւնները կը մնան երկու արժանիքներ. ստեղծագործելու կարելիութեան ընձեռում եւ գուրգուրալից վերաբերում, որոնցմով կը յատկանշուի յաջող եւ ինքզինք յարգող միութիւն թէ հասարակութիւն մը:
Միւս կողմէ, միթէ կարելի՞ է մոռնալ բոլոր անոնք, որոնք սիրայօժար եւ կամովին, անտրտունջ եւ ազնուաբար իրենց նիւթական ու բարոյական ներդրումը կը բերեն բանակումի յաջողութեան աշխատանքին:
Յայտնապէս նման երախտաշատ փաղանգին մաս կը կազմեն այն նուիրեալ ծնողներն ու պատասխանատուները, որոնք մատակարարի իրենց պարտաւորութիւններով տէր կը կանգնին բանակողներուն անոնց տրամադրելով սննդարար ճաշ, վայելք եւ ապահովութիւն:
Այդուհանդերձ, փափաքելին կը մնայ այն, որ բանակումի նախապատրաստական շրջանին, երբ միտքերու փոխանակումի, մտածումի, առաջադրանքի, ցանկութիւններու եւ ակնկալութիւններու ընդհանուր պարունակին մէջ կը քննարկուին տարբեր հարցեր, անհրաժեշտ է հաշուի առնել նախկին բացթողումներու, սխալներու, կազմակերպչական թերութիւններու եւ շատ անգամ անյարիր վերաբերումներու երեւոյթներն ու մտահոգութիւնները, որպէսզի սրբագրուին բանակումին ընկալեալ թերացումները:
Այլապէս, քաջութիւնն ու միութենականի հանգամանքը կը պարտաւորեցնեն մեզ` բոլորս, նաեւ յետ բանակումի էապէս քննարկել, ախտաճանաչումներ կատարել, պատահած սխալներու պատճառները լոյսին բերել, որպէսզի սկաուտին թէ պատասխանատուին վերապահուած պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները լաւապէս յարգուին:
Հաւատացողն ենք, որ քննական մտքի առկայութեան եւ անաչառ ըլլալու պատրաստակամութեան հովանիին տակ կը փարատին բազմաթիւ մտահոգութիւններ եւ կը նուազին բացթողումներ:
Այս բոլորին շեշտադրումը կը կատարենք, որովհետեւ համոզուած ենք, որ միութենական կեանքի առողջ եւ հեզասահ ընթացքը, յաւելեալ ուժ եւ կորով պիտի ջամբէ ընդհանրապէս պատասխանատուներուն եւ յատկապէս սկաուտներուն:
Յատկանշական էր խարոյկին շուրջ կատարուած «Փափուր»-ի պարը, որ ստեղծեց հայկականութեան եւ միասնութեան գեղեցիկ մթնոլորտ մը, որով բանակողներ ցոյց տուին իրենց յաղթանակի, ուրախութեան եւ յաջողութեամբ լիցքաւորուելու գիտակցութիւնը:
Մեր կարգին, «յօրինուած» ու մատուցուած երգերու, պարեղանակի թէ նուագներու առթած խանդավառ եւ ոգեւորիչ տրամադրութենէն տարուած կը յայտնենք ծնողական երախտագիտութիւն եւ միութենականի շնորհակալութիւն` միշտ աւելի վեհին ու գեղեցիկին ձգտելու եւ անպայման հասնելու համոզուածութեամբ:
Ի տեսութիւն: