ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Խօսինք նախ «խմբագրութիւն» բառին մասին, որ շատ հետաքրքրական բառ մըն է, բազմիմա՛ստ:
Մալխասեանի Հայերէն բացատրական բառարանը վեց տարբեր նշանակութիւն կու տայ այս բառին:
Առաջին` խմբագրելը, խմբագրելու գործողութիւնը, այսինքն` ինչ որ խմբագիրը կ՛ընէ, կամ կ՛ակնկալենք, որ ընէ: Ասիկա անշուշտ կ՛ենթադրէ բազմաթիւ արարքներ, որոնցմէ քանի մը հատը փորձենք վերյիշել այստեղ:
Մամուլի պարագային, առաջին հերթին կայ նիւթերու հաւաքումը, որ կ՛ըլլայ իր կամքով, իր նախաձեռնութեամբ, կամ իր կամքէն անկախ: Խմբագիրը կապ կը պահէ աշխատակիցներու հետ, անոնցմէ աշխատակցութիւն կը խնդրէ` ընդհանրապէս ճշդելով նաեւ նիւթը կամ առիթը: Ասիկա հիմնուած կ՛ըլլայ թերթի կամ առցանց կայքի բովանդակութեան վերաբերեալ իր նախատեսած կարճաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ ծրագրերուն վրայ, քանի որ աշխատակիցները իրեն ընդառաջելու համար կը կարօտին որոշ ժամանակի: Նաեւ, խմբագիրը կ՛օգտուի մեր մամուլէն ու այլ աղբիւրներէ` իր նիւթերը հաւաքելու համար: Բայց գրութիւններ կը հասնին նաեւ առանց հրաւէրի սպասելու, անոնց կարգին` մնայուն աշխատակցութիւնները: Համացանցն ալ տեւական տեղատարափի կ՛ենթարկէ խմբագիրը` լուրերով ու յօդուածներով:
Խմբագրին երկրորդ կարեւոր պարտականութիւնն է ջոկել, այսինքն` ճշդորոշել, թէ ի՛նչ գրութիւն պիտի զետեղուի թերթին կամ հրապարակման տուեալ թուականի համարին մէջ: Վարպետութիւնը կը կայանայ այնպիսի ընտրութիւն մը կատարելուն մէջ, որ համարին բովանդակութիւնը ըլլայ այլազան, հետաքրքրական, միաժամանակ կապակից` հիմնուած տրամաբանական համադրուած ամբողջութեան մը վրայ:
Ասոր կը յաջորդէ նիւթերու դասաւորումը կամ տեղաբաշխումը` ըստ կարեւորութեան, այժմէականութեան, ուշագրաւութեան. ո՛ր յօդուածը կամ լուրը ո՛ր էջին վրայ պիտի զետեղուի, էջի ո՛ր բաժնին մէջ` ձախի՞ն, աջի՞ն, վե՞րը, թէ՞ վարը: Այս պարագային ալ նկատի պիտի առնէ մնայուն բաժիններն ու մնայուն սիւնակները, որպէսզի անոնց համեմատ ալ մնացեալը դասաւորէ:
Յետոյ կը ներկայանայ ձեւակերպման խնդիրը, որ բացառիկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Ընդհանրապէս տառատեսակն ու տառաչափը շատ փոփոխութիւններու չեն ենթարկուիր, սակայն կրնան տարբերիլ ըստ նիւթի: Նաեւ վերնագրերու համար գործածուող տառատեսակն ու տառաչափը կարեւոր ազդակներ են` ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու տեսակէտէն: Ձեւակերպման մէջ նկատի կ՛առնուին նաեւ գրութիւնը պարբերութիւններու վերածելու, անոնցմէ ոմանց միջեւ միջոց ձգելու անհրաժեշտութիւնը եւ այլ մանրամասնութիւններ: Ապա կան նկարները զետեղելու, շնչելու սպիտակ տարածքներ ձգելու եւ նման մանր մունր խնդիրներ, որոնց լուծումը, խմբագրին ճաշակին համաձայն, կը տարբերի մէկ թերթէն միւսը, մէկուն աւելի գրաւիչ տեսք ընծայելով, միւսին` նուազ, ըստ այնմ ալ ընթերցումը աւելի կամ պակաս հանգիստ ու հաճելի դարձնելով:
Չեմ ծանրանար ուղղագրական, քերականական ու, վերջապէս, շարագրական վրէպներու սրբագրութեան վրայ, որ մեր` հայ մամուլի պարագային յաճախ կը վիճակուի նոյնինքն խմբագրին:
Այս բոլորէն մեկնելով` «խմբագրել» բառն ալ կ՛ընդգրկէ վերոյիշեալ բոլոր աշխատանքները: Ասոր կը վերադառնամ յօդուածաշարքի յաջորդ` վերջին մասին մէջ:
Վաստակաւոր ակադեմիկոսը` Ստեփան Մալխասեան, չի գոհանար սակայն «խմբագրութիւն» բառին տակ հասկնալով հաւաքելու եւ ջոկելու, ընտրելու աշխատանքները միայն: Ըստ իր բառարանին, «խմբագրութիւն» բառը իր երրորդ իմաստով կը նշանակէ նաեւ խմբագրուած գործը, հաւաքածոն, «խմբագիր»-ը, այս վերջինը ըստ իր տուած առաջին սահմանումին, որուն անդրադարձած էի յօդուածի Ա. մասին մէջ: Ուրեմն, «խմբագրութիւն» ոչ միայն գործողութիւնն է, այլեւ` անոր արդիւնքը, եւ եթէ առաջին երկու սահմանումները կը վերաբերին թէ՛ թերթերուն եւ թէ՛ գիրքերուն, այս մէկը կարծես աւելի կրնայ գործածուիլ այդ վերջիններու պարագային, յատկապէս երբ գործը կը վերաբերի հաւաքածոներու, ըլլան անոնք զանազան հեղինակներու գործերը մէկտեղելու, ըլլան նոյն գրողին տարբեր գործերը մէկ կողքի տակ հաւաքելու վիճակուած:
Չորրորդ իմաստը, որ կ՛ընծայուի «խմբագրութիւն» բառին կը վերաբերի խմբագրի պաշտօնին` լրագրի մը կամ պարբերականի մը պատրաստութեան գործի ղեկավարման առնչութեամբ: Իբրեւ խմբագիր, յատկապէս իբրեւ գլխաւոր խմբագիր կամ խմբագրապետ, եւ ա՛յդ է, որ նկատի ունի անկասկած Մալխասեան, ան պիտի կազմակերպէ՛ թերթի պատրաստութիւնը, գործերը պիտի բաժնէ խմբագիրներուն եւ միւս գործակիցներուն` սրբագրիչ, փորձերու ստուգող, էջադրող եւ այլն: Անշուշտ լաւ գիտենք, որ հայ թերթի պարագային այդ բոլոր պաշտօնները կը սեղմուին ու կը խտանան մէկ կամ երկու անձի մէջ, ուրեմն այս իմաստը ոչ թէ խումբ մը վարելու այլ ինքզինք վարելու, սեփական աշխատանքը կազմակերպելու մէջ կը կայանայ, ինքնակառավարմա՛ն…
Մալխասեան երկու իմաստ եւս կու տայ այս բազմաշնորհ բառին: Մէկը աշխատակազմն է, այսինքն` խմբագրական կազմը, որ ինչպէս ըսի, կրնայ շատ սահմանափակ ըլլալ մեր պարագային, մինչ կրնայ տասնեակներու կամ հարիւրեակներու հասնիլ միջազգային թերթերու պարագային, որքան ալ որ անոնք եւս այդ առնչութեամբ սեղմումներ ընելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուին, երբ տնտեսական պայմանները չեն ներեր: Միւսը այն վայրն է, ուր թերթը կը խմբագրուի, այսինքն` խմբագրատունը: Հասկնալի է, որ ներկայ հաղորդակցական միջոցները դիւրութիւնը կ՛ընծայեն խմբագրին իր տան մէջ, սեփական համակարգիչի պաստառին առջեւ նստած կատարելու իր գործը, սակայն ատիկա բառին իմաստը չի խախտեր:
«Խմբագրութիւն» բառին համապատասխանող ֆրանսերէն բառը rédaction-ն է, որ վերոնշեալ բոլոր իմաստները ունենալէ զատ, կը նշանակէ նաեւ… շարադրութի՛ւն, այն, ինչ որ կը սորվինք դպրոցական գրասեղաններուն առջեւ` գրելն ու գրուածքը: Կը նշանակէ նաեւ սեւագրութիւն, բանաձեւում եւ այլն, բոլորն ալ` ազգական իրարու, որոնք սակայն առանձին բառերով ալ կրնան արտայայտուիլ աւելի յստակ կերպով: Անգլերէն edit-ը` նոյնպէս, թէեւ աւելի շատ զայն կը տեսնենք գործածուած իբրեւ բայ, քան` իբրեւ անուն:
(շար. 2 եւ վերջը յաջորդիւ)
«Հորիզոն», 2015-09-14 (1889)
———–
Ի դէպ, անիկա հրատարակուած է 1944-1945-ին, ինչպէս ինծի դիտել տուաւ քաջատեղեակ ընթերցող մը, եւ ոչ 1943-ին, ինչպէս գրած էի նախորդիւ, հիմնուելով Մալխասեանի յառաջաբանի թուականին վրայ: Ուրիշ նոյնպէս հմուտ ընթերցող մը փոխանցեց հետեւեալ տեղեկութիւնը. 1944-ին` պատերազմի ամենաթէժ տարին, երբ աշխարհը կրակի մատնուած էր, եւ Հայաստանի մէջ ուտելիք հաց եւ… թուղթ չկար, Անաստաս Միկոյեանի կարգադրութեամբ, Մոսկուայէն յատուկ գնացքով եւ արտօնութեամբ երկու վակոն թուղթ կ՛առաքուի Հայաստան, ու կը սկսին տպագրութեան: Բոլոր ծախսերը յանձն կ՛առնէ Մելգոնեան ֆոնտը: Սա իսկական դիւցազներգութիւն մըն է, մշակութայի՛ն դիւցազներգութիւն:


