Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԸ ԼԵԶԳԻՆԵՐՈՒՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՆ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԵՐԻՄՈՎ

August 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեզգիական ազգային-մշակութային դաշնակցային ինքնավարութեան Տիւմենի մարզի նախագահ Վաքիֆ Քերիմով ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան յղած է նամակ մը, որուն մէջ կը գրէ, որ ինք չէր կրնար անտարբեր մնալ «Ազրպէյճանի մէջ բնիկ ժողովուրդներու» մասին ազրպէյճանցի Ֆիքրին Պեքթաշի եւ հայ Վիքթոր Յակուբեանի քննարկումներուն առնչութեամբ, մանաւանդ որ ինք վկան ու կրողն է այդ տեղեկութեան, որուն շուրջ աղմուկ կը յարուցուի:

Ան իր նամակին մէջ կը խօսի լեզգիներու նկատմամբ ազրպէյճանցիներուն կատարած վայրագութեանց եւ լեզգիներու պետութիւն` Լեզգիստան ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղին` Քերիմով կը գրէ. «Լեռնային Ղարաբաղի հայերը այդ յաղթանակը երկար հետապնդեցին, պատրաստ էին զոհուելու եւ ազատութեան հասան: Ազատ ըլլալու իրաւունքը, որ Աստուծոյ կողմէ տրուած է իւրաքանչիւր մարդու եւ ազգի, հայերուն կողմէ իրականացուեցաւ սեփական արեան գնով եւ անհաւասար պայքարի մէջ… լեզգիներու ծպտեալ դիրքորոշումը այս է…»:

Խօսքը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղելով` Քերիմով կ՛ըսէ. «Դուք մէկ ելք ունիք միայն` դաշնակցային դրութիւն ստեղծելը եւ հայերուն հետ բարեկամանալը: Ահա ձեր հոգիի փրկութիւնը: Դրամները, զորս հրթիռներուն վրայ կը ծախսէք, ծախսեցէք դասագիրքերու, լեզգիներու, թալիշներու լեզուներ դասաւանդողներուն վրայ: Այդ քարիւղը միայն ձերը չէ: Այո՛, հայերը մեր իրաւապաշտպաններն են, դուք ալ իրաւապաշտպան ունիք` Իսրայէլը»:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի հիւսիս եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ բնակող լեզգիները Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք փորձեցին Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալ եւ վերջ դնել Պաքուի կողմէ տասնամեակներ շարունակ իրականացուող ցեղային զտումի քաղաքականութեան: Սակայն անկախանալու անոնց ձգտումները Պաքուի կողմէ բռնի ուժով ճնշուեցան:

Նախորդը

ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՔԱԿԿ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԼՈՒՐԸ

Յաջորդը

ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԳՈՒՄԱՐ ՏՈՒԱՒ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՉ ԳՈՎԱԶԴ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։