Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Պողոտան

Հոկտեմբեր 2, 2015
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Երեւանի oփերայէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ երկարող Հիւսիսային պողոտան մայրաքաղաքի սիրտն է: Ամրան երեկոներուն պողոտան լրիւ տարբեր կշռոյթով կը բաբախէ, տարբեր գունաւորում կը ստանայ, տարբեր համ ու հոտ:

Գտնուած եմ զանազան մայրաքաղաքներու հրապարակները, շատ բաներու ականատես եղած եմ, սակայն Երեւանի նման բան չեմ տեսած. թերեւս հայկական է, իմ հարազատս է ըսելո՞վ… չեմ կարծեր, որովհետեւ օտար այցելուներ ալ միեւնոյն տպաւորութիւնը կ՛ունենան:

Քաղաքի ամենանշանաւոր վաճառատուները այստեղ են, ամէն քայլափոխի սրճարան մը կայ, կամ` ճաշարան մը, իսկ այս բոլորէն կարեւորը ճեմողներուն հոծ թիւն է ու բացօթեայ «արուեստանոցները»: Նկարչական դպրոցներու աշակերտներ, կամ շրջանաւարտներ եռոտանիներու վրայ իրենց գծանկարած դէմքերը կը ցուցադրեն ու մարդիկը կը հրաւիրեն, որ նստին ու իրենց դիմանկարը ունենան` փոխան փոքր գումարի մը:

Երաժիշտ-կատարողներու թիւը մեծ է. կան անհատներ, որոնք սրինգով, քլարինեթով, կամ ձեռնադաշնակով կը նուագեն ու իրենց դիմաց դրուած տուփիկին մէջ անցորդներէն մանրուքներ կը ստանան: Կան խումբեր, երբեմն օտար, աւելի կազմակերպուած գործիքաւորումով իրենց երաժշտութիւնը կը սփռեն ու կը հրաւիրեն անցորդները, որպէսզի կենան եւ ունկնդրեն: Այլ տեղ մը, հայկական զուռնայի պարեղանակներուն տակ, անցորդները իրար շղթայուած, աշխուժ շուրջպարով մեծ թիւով հետաքրքիրներու օղակին մէջ գետինը կը թնդացնեն: Անոնք այնքան ուրախ եւ աշխուժօրէն կը պարեն, որ անկարելի է, որ քեզ ալ չքաշեն շուրջպարին մէջ: Այս տեսնողին պիտի թուի, որ հայաստանցիները աշխարհի ամենաուրախ մարդիկն են:

Քիչ անդին, կեանքին մէջ ձախողած երգչուհի մը, իր խզուած ձայնը ձգած, օփերային արիաներ կ՛երգէ ու կը ստիպէ, որ շատ մը յարկաբաժիններու պատուհաններ փակուին… Եւ այս բոլորը միախառնուած, տարատեսակ ու խայտաբղէտ, երաժշտական քոքթէյլ մը կը կազմեն:

Անցորդներուն ձեռքերուն սովորաբար պաղպաղակի կոներ կան, իսկ դէմքերուն` ժպիտ: Այս պողոտային մէջ տխրութիւնը տեղ չունի, կեանքը կ՛եռայ, եւ դուն չես կրնար լուսանցքի վրայ մնալ, դուն ալ մաս պիտի կազմես ընդհանուր բարձր տրամադրութեան: Միակ անտրամադիր դէմք ունեցողները մուրացկաններն են, որոնց կրնաս հանդիպիլ ամէն վայրկեան. անոնք ալ իրե՛նց դերին մէջ են. անշուշտ եթէ չըլլային, աւելի լաւ պիտի ըլլար, սակայն գործ է, պիտի աշխատին: Դժուար է զանազանել իրաւը սուտէն, իսկական աղքատը, արհեստավարժ մուրացիկէն: Քանիցս գրեցինք, որ լուծում մը տրուի այս տգեղ երեւոյթին, սակայն` ապարդիւն:

Ուրիշ տեղ մը հիւանդ երեխայի մը նկարը ցուցադրուած է եւ դրամական օգնութիւն կը խնդրուի` պզտիկին վիրահատման համար անհրաժեշտ գումարը ապահովելու: Ո՞ւր է պետութիւնը:

Ամէնէն հետաքրքրականն այն է, որ այս պողոտայէն անցած ատենդ անպայման ծանօթի մը կը հանդիպիս. Սուրիայէն եկածներ այստեղ զիրար կը տեսնեն ու կ՛ողջագուրուին. «Ե՞րբ եկար, շատո՞նց… գործ գտա՞ր, ո՞ւր կ՛ապրիս, վարձքը շա՞տ է… պիտի մնա՞ս… բոլորս ալ նոյն վիճակի մէջ ենք… Աստուած մեծ է…»:

«Բացառիկ» հայերէն իմացող կին մը կը հարցնէ` «Յիսուսեան պողոտան ո՞ւր է»: «Յիսուսեան» չէ, տիկի՛ն, Հիւսիսայի՛ն է»…

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ահազանգ Հայաստանի Ջրելեկտրակայաններու Եւ Վերանորոգելի Ուժանիւթի Մասին

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով

Մայիս 19, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Մայիս 19, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Տիրական Ուժը ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններուն

Մայիս 19, 2025

Comments 1

  1. Յարութ Չէքիճեան says:
    10 years ago

    «Քիչ անդին, կեանքին մէջ ձախողած երգչուհի մը, իր խզուած ձայնը ձգած, օփերային արիաներ կ՛երգէ ու կը ստիպէ, որ շատ մը յարկաբաժիններու պատուհաններ փակուին»
    Այս որակումը խիստ վիրաւորական եւ անտեղի կը գտնեմ՝ ի՞նչ ալ ըլլայ պարագան:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?