Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փըթի Ներսէսը Կը Ճանչնայի՞ր…»

Սեպտեմբեր 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Petit-Nerses_9-24-15Իրմէ առաջ բարձրախօսէ արձակուողի պէս ձայնը նախ պիտի լեցնէր «նկուղ»-ին տարածքը, աղմկարար պատանիի մը պէս` նախ պիտի փոթորկէր գրաշարներու բաժինը, քանի մը կատակ սփռէր հոն, «նախատական» խօսքեր պիտի արձակէր գրաշարներուն ու էջադրողներուն, յետոյ փոթորիկը պիտի տեղափոխէր խմբագիրներու գրասենեակը, քաղաքական մարդոց ու ճամբաները իրենց հակակշիռին տակ պահող զինեալ տարրերու հասցէին քանի մը լուտանք պիտի արձակէր, կացութիւնը վերլուծողներուս մասին ալ քանի մը արհամարհական խօսք պիտի նետէր եւ պիտի փութար վերադառնալու իր ինքնաշարժին` հետը տանելով «Արեւելեան Պէյրութ» գացող պաշտօնակիցներ:

«Աղմկարար»-ին անունն էր Ներսէս, բոլորին կողմէ ճանչցուած` «Փըթի Ներսէս» ծածկանունով, առանց որուն` շատեր պիտի չգիտնային, թէ ո՛ր Ներսէսին մասին է խօսքը: «Նկուղ»-ը` «Ազդակ»-ի նախկին տպարանին գետնայարկն էր, ուր ամէն կէսօր պիտի ժամանէր Ներսէսը` «Արեւելեան» շրջանէն բերելով գիշերային աշխատանք կատարող անձնակազմի անդամներն ու «Արեւելք» տանելով մեր այն պաշտօնակից-գործակիցները, որոնք առաւօտուն իր ինքնաշարժով հասած էին խմբագրատուն: Օրերը 70-ականներու վերջերն ու 80-ականներու սկիզբներն էին: «Նախատանքները» պարզ կատակներ էին, որոնք կը շպրտուէին Ներսէսին կողմէ, սակայն ոչ մէկը կը նեղանար կամ կը վշտանար իրմէ: Բոլորս ալ գիտէինք, որ Ներսէսը իւրայատուկ համարձակախօսութիւն մը ունէր, պատրաստ էր ամէն քայլափոխի կատակ մը բաշխելու շրջապատին: Ոչ ոք կը նեղանար իրմէ, ո՛չ թէ անոր համար, որ կը վայելէին իր ծառայութիւնները, այլ` մասնաւորաբար այն պատճառով, որ բոլորս ալ գիտէինք, թէ կատակները անմեղ էին, կը բխէին բարի սիրտէ մը, որ լեզուին վրայ էր օրուան որեւէ մէկ պահուն. ան պատրաստ էր իրեն վստահուած պարտականութենէն տասը քայլ անդին երթալու, մինչեւ իսկ եթէ նման քայլ պիտի վտանգէր զինք: Եթէ ուրիշ մը իր կատակներուն միայն կէս տարողութեամբ խօսքեր արձակէր երկրորդի մը հասցէին, վստահաբար վէճ-կռիւ կրնար փրթիլ: Ներսէսը անտեսանելի զրահով մը օժտուած էր:

Ներսէսին «Մերսետէս»-ը ծանօթ էր ու ծառայած էր շատերու: Ան սոսկական վարորդ մը չէր, որ նիւթական արդար վարձատրութեան համար, օրինակի համար` «Ազդակ»-ի անձնակազմի անդամները պիտի տեղափոխէր այդ օրերուն երկուքի կիսուած մայրաքաղաքին այս գօտիէն միւսը: Այդ գործը իրեն վստահուած էր նա՛եւ այն նկատումով, որ պարտաճանաչ էր, իրեն յանձնուած պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունէր, ու եթէ «սահմանագիծ»-ին վրայ վտանգաւոր վիճակ տիրէր, պիտի չըսէր` «Ես այսօր միւս կողմը գացողը չեմ, որո՛ւ հետ կ՛ուզէք` գացէք»: Պէյրութը կիսող գիծը կրնար կոչուիլ կանաչ, սեւ կամ մինչեւ իսկ կարմիր, քաջասիրտ Ներսէսին համար կարեւոր չէր գոյնը: Ան պատրաստ էր իր արիւնէն ալ քանի մը կաթիլ թողելու «սահմանագիծ»-ին երանգապնակին մէջ…

Եւ պատահեցաւ, որ ան օր մը իսկապէս ալ իր արիւնէն քանի մը կաթիլ թողուց այդ գիծին վրայ: Երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկի համար կային քանի մը անցքեր, որոնք միշտ ալ զինեալ տարրերու «խնամքը» կը վայելէին, անոնց վիճակը կրնար փոխուիլ վայրկեանէ վայրկեան: Եթէ նաւահանգիստի «անցք»-ը փակ էր, պէտք էր փորձել Սոտեքոյի գիծը, այլապէս` թանգարանի անցքը: Կարելի էր բախտդ փորձել նաեւ Թայունէի, Շիահի եւ, տակաւին, Հարաւային արուարձաններու կամ օդակայանը եզերող Խալտէի անցքերը: Ներսէսին համար Պէյրութի, նաեւ Լիբանանի գլխաւոր ու կողմնակի ճամբաները գաղտնիք չունէին: Չէ՞ որ կանուխ երիտասարդութեան, Լիբանանի «լաւ օրեր»-ուն, ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբին մաս կազմած էր, բոլոր ճամբաներուն վրայ, իր բառերով` «սերվիս ունէր»: Այդ օրերուն, իր մանրակազմութեան շնորհիւ շահած էր «փըթի» տիտղոսը, որ այնուհետեւ զինք պիտի զատորոշէր բոլոր Ներսէսներէն: Հպարտ էր, որ հեծիկ վարած էր ՀՄԸՄ-ական ախոյեաններու, օրինակի համար` Ծատուրեան եղբայրներուն կողքին, երբեմն կը պատմէր, թէ ինչպէս «քոմպիններ» կ՛ընէին մրցավազքի ընթացքին, վերելքները ինչպէ՛ս կը նուաճէին, խումբը ինչպէս կ՛օգնէր գլխաւորին: «Թուր տը Ֆրանսին ալ ասանկ կ՛ըլլայ», կը բացատրէր` վկայութեան կանչելով թերթին մարզական բաժինի խմբագիրը, որ իրեն պէս հեծելանուորդ եղած էր նոյն խումբին մէջ: Հիմա, տագնապալի օրերուն, իր «սերվիս»-էն շահած փորձառութիւնն ու ճամբաներուն ծանօթութիւնը ի սպաս կը դնէր «Ազդակ»-ի պաշտօնէութեան, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք վտանգաւոր շրջաններէ երթեւեկելու համար իր օգնութեան դիմէին: Անցքերու «դռնապանները» ծանօթ էին իրեն, ինք ալ` անոնց…

Կէսօր մըն ալ Ներսէսը տպարան հասցուց… դեղնած պաշտօնեաներ, որոնք յայտարարեցին, որ ստոյգ մահէ փրկուած էին Սոտեքոյի անցքին վրայ: (Ստոյգ մահէ փրկուիլը այդ օրերու տարօրինակ սովորութիւններէն մէկն էր, միշտ տարբեր նրբերանգով մը): Ներսէսը իր բարձրագոչ խնդուքով մուտք գործեց տպարանին նրբանցքը. ականջը ծածկած էր շղարշանման թաշկինակով մը, որ արիւնլուայ էր: Ծիծաղելով պատմեց, թէ զինեալները արգելք եղած են դէպի «Արեւմուտք» իր անցքին, սպառնացած էին կրակել. «Եթէ կը համարձակիս, կրակէ», արձակած էր ի՛ր մարտահրաւէրը, այն մտածումով, որ ամէն օր զինք տեսնող զինեալները վստահաբար իրենց սպառնալիքը պիտի չիրականացնէին: «Տղոց ըսի, որ գլուխները վար պահեն, ես ալ գլուխս վիզիս մէջ քաշեցի եւ պենզինը կոխեցի», պատմեց Ներսէսը` ինքնաշարժի մրցումի մը մասնակցողի ոճով: Զինեալը կրակած էր ետեւէն, սակայն Ներսէսին «Մերսետէս»-ը արդէն թռած-անցած էր վտանգաւոր գիծէն անդին, քանի մը ծակ բանալով յետսամասին. փամփուշտ մըն ալ որսացած էր Ներսէսին ականջին մէկ ծայրը. հիմա այդ վէրքն էր,  որ կը փորձէր դարմանել տպարանին մէջ: «Ականջէս պզտիկ կտոր մը մնաց ճամբուն վրայ», շարունակեց կատակել:

Ոչ ոք կրցաւ զինք համոզել, որ չաճապարէ «Արեւելք» վերադառնալու: Հաւանաբար գիտէր մեր ֆետայիներուն պատմութիւնը եւ անոնց պէս ունէր այն հաւատքը, որ իրենց փամփուշտ չի հասնիր…

Ատեն մը ետք, «սահմանագիծ»-ին վիճակը աւելի վատթարացաւ եւ պաշտօնէութեան ամէնօրեայ երթեւեկի դրութիւնը ինքնաբերաբար դադրեցաւ (քանիերո՞րդ անգամ ըլլալով): Ներսէսին այս պարտականութիւնն ալ վերջ գտաւ տուեալ պայմաններուն մէջ. երթեւեկները կ՛ըլլային շաբաթը մէկ անգամի յաճախականութեամբ, կամ` համաձայն «սահմանապահներուն» տրամադրութեան: Ներսէսը այլեւս կը տեսնէինք հազուադէպօրէն: Վտանգալից արկածախնդրութիւններէն որոշ չափով կը խուսափէր արդարօրէն. չէ՞ որ ընտանիք կազմած էր, իր անձէն անդին պատասխանատուութիւններ ունէր…

Օր մըն ալ «նկուղ» եղաւ կրտսեր «թիկնապահ»-ի մը ընկերակցութեամբ: Մանչուկը հետը բերած էր. որքա՜ն հպարտ էր գահաժառանգով. «Գիտե՞ս, ընկե՛ր Սագօ. քարաթէ կը սորվի»: Յետոյ մանչուկին դառնալով` «Մէկ հատ ամմոյին ցուցուր, որ ինչպէ՛ս կը թռիս», փորձեց քաջալերել ամչկոտ մանչուկը, որ յայտնապէս իր համարձակութիւնը չէր ներծծած տակաւին:

Անշուշտ ունէր նաեւ պատմելիք հազար ու մէկ բան, բոլորն ալ` ներսէսեան կատակներով համեմուած, ներսէսեան համարձակախօսութեամբ յագեցած: Բոլորին մասին կատակաբանութիւն մը ունեցող Ներսէսն էր, սակայն ոչ մէկը վիրաւորելու դիտաւորութեամբ, այլ` բոլորին սիրտերուն մէջ մնալու յանդգնութեամբ…

***

Քանի մը շաբաթ առաջ պաշտօնակիցս, նախկին հայաշէնցի մը, որ ամէն առաւօտ «Ազդակ» կը կարդայ կայքէջին ճամբով` «Փըթի Ներսէսը կը ճանչնայի՞ր…» գուժեց:

… Լիբանանի տաք ու պաղ օրերը ապրող Ներսէսներուն կեանքի պատմութիւնները երկար են: Այս քանի մը տողը միայն փոքր պատուհան մըն են այդ մասին` իբրեւ ծաղկեփունջ իր յիշատակին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

 

 

Նախորդը

Ազգին Խոնարհ Ծառայ Ռոպէր Շիրինեանի Յիշատակին

Յաջորդը

ՔԱԿ-ը Հրապարակած Է Խաղաղութեան Համար Իր Երեք Պայմանները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?