Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 24-րդ տարեդարձին նուիրուած Ազգային ժողովի նախագահի` «Անկախ սերունդ, առողջ սերունդ» անունը կրող հեծելարշաւի բաժակի մրցավազքին:
Այս մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Իսաքովի հրապարակէն: Անիկա աւարտեցաւ Ազգային ժողովի բակին մէջ:
Յաղթական սահմանագիծը շուրջ 100 հեծելանւորդներէն առաջինը հասաւ Դաւիթ Մկրտչեան, որ պարգեւատրուեցաւ խորհրդանշական տիտղոսով մը: Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Փաւել Ստեփանեան եւ Մհեր Մկրտչեան, որոնք պարգեւատրուեցան մետալներով:
Գալուստ Սահակեան ազգային ժողովի նախագահի ոսկի յուշամետալով պարգեւատրեց Եւրոպայի ախոյեան, աշխարհի փոխախոյեան Էտկար Ստեփանեանը, իսկ Հայաստանի հեծելարշաւի հաւաքականի մարզիչ Արմէն Կէօզալեան արժանացաւ յատուկ պատուոյ գիրի եւ դրամական պարգեւի:
Նշենք, որ մրցավազքին ներկայ եղան նաեւ Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Արման Սահակեան եւ ազգային ժողովի պատգամաւորներ: