Ինչպէս ծանօթ է, 23 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր Չինաստան կը հիւրընկալէ Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 28-րդ ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 16 խումբեր, բաժնուած` չորս խմբակի, հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Իրան, Ճափոն, Մալեզիա եւ Հնդկաստան:
Բ. ԽՄԲԱԿ.– Ֆիլիփեան կղզիներ, Պաղեստին, Քուէյթ եւ Հոնկ Քոնկ:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Հարաւային Քորէա, Յորդանան, Սինկափուր եւ Չինաստան:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Թայուան, Լիբանան, Քաթար եւ Ղազախստան:
«Պի. Ին. ՍՓՈՐԹՑ» մարզական պատկերասփիւռի կայանը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռէ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ արաբական չորս այլ երկիրներու` Քաթարի, Յորդանանի, Քուէյթի եւ Պաղեստինի կատարելիք մրցումները:
Պասքեթպոլի լիբանանցի համակիրները կրնան այս մրցումին հետեւիլ նաեւ «Պրուս Քաֆէ»-էն (Քասլիք, Սամայա համալիրին մօտ), որ տարբեր տեսակի մարզաձեւեր ուղղակիօրէն կը պատկերասփռէ իր ճաշարանին մէջ` մեծ պաստառի վրայ:
Նշենք, որ արդէն իսկ Չինաստան գտնուող Լիբանանի ազգային խումբը բաւական լուրջ փորձեր կը կատարէ` ախոյեանութեան գծով լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:
Հոս տեղին է նշել, որ երէկ լիբանանեան պատուիրակութեան միացաւ նաեւ Ճէյ Եանկպլատ, որ Միացեալ Նահանգներէն ուղղակիօրէն մեկնեցաւ Չինաստան:
Լիբանան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը, Թայուանի դէմ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 16:30-ին:
Ապա յաջորդաբար Լիբանանի մրցակիցները պիտի ըլլան Քաթար (հինգշաբթի) եւ Ղազախստան (ուրբաթ):