Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսնող իր շաբաթական տեսակէտին մէջ շեշտեց, որ արաբական ժողովրդային յեղափոխութիւններուն ծիրին մէջ երրորդ բռնակալ մը եւս տապալած է` իրեն հետ տապալելով «կանաչ տեսութիւն»ը, որ համազօր էր բռնատիրական եւ մենատիրական տեսութեան մը:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ փորձառութիւնը փաստած է, թէ բոլոր անոնք, որոնք կեղծ հերոսութիւններ խաղցած են` սկսելով Զէյնել Ապիտին պըն Ալիէն, հասնելով մինչեւ Մոամմար Քազզաֆի, առնէտներու նման փախուստ տուած են:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ճանաչման հարցը ի՞նչ եղաւ:
«Արդեօք Լիբանանի մէջ կը գտնուի՞ն ուժեր, որոնք իրենց գրաւը դրած էին Քազզաֆիի վարչակարգին վրայ եւ ինքնաբերաբար չեն փափաքիր լսել լիպիական ընդդիմութեան մասին», աւելցուց Ժոմպլաթ:


