Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ընթացքը բարելաւելու համար պէտք է լուծել զինուորական նշանակումներուն հարցը` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են, որ օրինական լուծումներու գործադրութեամբ կարելի է լուծել տարակարծութիւնները եւ վերահաստատել համախոհութիւնը:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ միայն կառավարութեան մէջ համախոհութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել լիբանանցիներուն հարցերը եւ երկիրը յուզող քաղաքական խնդիրները: