Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Ֆիլիփեան Կղզիներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը

September 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

phil_9-09-15

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քարլոս Դ. Սորրետան (նստավայրը` Մոսկուա):

Նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը նշանակման առիթով եւ յոյս յայտնած, որ պաշտօնավարութեան ընթացքին ան իր փորձն ու կարողութիւնները ամբողջութեամբ պիտի ներդնէ Հայաստանի եւ  Ֆիլիփեան կղզիներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է աշխուժացնելու  Ֆիլիփեան կղզիներուն հետ քաղաքական երկխօսութիւնը, սերտացնելու կապերը միջխորհրդարանական եւ միջկառավարական մակարդակներու վրայ, զարգացնելու համագործակցութիւնը տնտեսական, մշակութային, գիտակրթական եւ այլ մարզերու մէջ, ուր, հանրապետութեան նախագահին համոզումով, զգալի աշխատանք կայ իրականացնելու: Տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը խթանելու համար նախագահը կարեւոր նկատած է երկկողմանի յաճախակի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ անոր, կ՛օգնեն ճանչնալու փոխադարձ շահերն ու հետաքրքրութիւնները, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն միջազգային կառոյցներու մէջ զիրար օգտակար ըլլալու  համար համապատասխան դիրքորոշումներու ձեւաւորման:

Դեսպան Սորրետան վստահեցուցած է, որ առաւելագոյն ջանք պիտի ներդնէ հայ-ֆիլիփեան յարաբերութիւնները զարգացնելու համար եւ տեղեկացուցած է Հայաստանի նախագահին, որ արդէն իսկ այդ նպատակով հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի մէջ` այս ընթացքին  կեդրոնացնելով աշխատանքը հաւանական երկկողմանի  համաձայնագիրներու մշակման ուղղութեամբ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջողութիւններ մաղթած է դեսպանին` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն կատարելու համար:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը Ջղագարութեան Արշաւ Ծաւալած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ընթացող Ժողովրդավարական Գործընթացներու Դէմ

Յաջորդը

Ակնարկ. Խաւարման-Լուսաւորման Միջանցքին

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.